Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչում Հայ Աւետ. Թորոսեան Վարժարանին Մէջ

May 5, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-05-15_torosian-(1)5-05-15_torosian-(2)Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներու եւ ոգեկոչումներու կարգին, յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանին մէջ, ուր աշակերտները ոգեկոչեցին մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք յայտագիրը ընթացաւ հետեւեալ ձեւով. վարժարանի հայոց լեզուի դասատու Պարգեւ Սամուէլեանը կատարեց բացման խօսքը` հաստատելով, որ թուրքը փորձեց մեզ բնաջնջել, սակայն չյաջողեցաւ, եւ այսօր մենք կը գոյատեւենք` պահելով մեր մշակոյթը, լեզուն եւ արդար իրաւունքներու պահանջը:

Ապա խօսք առաւ օրուան բանախօսը` Ռաֆայէլ Ումուտեան (Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի մարմինի անդամ): Ան խօսեցաւ նռան յատկութիւններուն եւ կարեւորութեան մասին, յստակօրէն բացատրեց անմոռուկի բաժինները, նաեւ խրախուսեց աշակերտները, որ սիրեն իրենց մայրենի լեզուն, պահեն իրենց մշակոյթը եւ շարունակեն իրենց պահանջը մինչեւ արդար իրաւունքներու հատուցում:

Յայտագիրի երկրորդ մասը տեղի ունեցաւ վարժարանի շրջափակին մէջ. Լիլիթ Յովհաննէսեան ասմունքեց «Պիտի իյնաս» ոտանաւորը: Ապա հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի աշակերտներէն խումբ մը ասմունքեց Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքը:

5-05-15_torosian-(3)5-05-15_torosian-(4)«Անլռելի զանգակը» թատերախաղը ներկայացուցին հինգերորդ դասարանի տղաքը: Թատերախաղը ցոյց կու տայ, թէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը միայն անհատներու հետ կապուած չէ, այլ կապուած է նաեւ իրենց ինչքերուն, գիրքերուն, մատենագիրներուն, նոյնիսկ` իրենց եկեղեցիներու զանգակներուն: Զանգակները, որոնք թուրքը բնաջնջեց` թողելով միայն մէկ զանգ, որ անդադար կը հնչէ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ: Այդ մէկը ապրող հայու սրտին ձայնն է, որ հայրենիք կը կանչէ նոյնիսկ հեռաւոր ծովերէն:

Երրորդ եւ չորրորդ դասարանի աշակերներէն խումբ մը տղաք ասմունքեցին Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր» ոտանաւորը, որմէ ետք վարժարանին պարախումբը հանդէս եկաւ գեղեցիկ պարով մը: Պարի աւարտին առաջինէն երրորդ դասարանի աշակերտները թռցուցին իրենց բռնած եռագոյն փուչիկները:

Յայտագիրի աւարտին վարժարանին երաժշտութեան դասատու Նեկտար Փալազեան մեներգեց «Հայորդիք» երգը: Ապա վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեան յայտագիրը փակեց` շեշտելով, որ իբրեւ նոր սերունդ` առաքելութիւն մը ունինք կատարելիք եւ այն է պահանջատէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն եւ պահանջատիրութեան ջահը փոխանցել եկող սերունդներուն մինչեւ մեր արդար իրաւունքներուն հատուցումը:

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտներուն Գիտական Յաջողութիւնը

Յաջորդը

Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճը 100-Ամեակը Ոգեկոչեց Հայ Դատին Նուիրուած Ձեռնարկներով

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.