Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Մէջ Քայլերթ` Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Յիշատակին

April 25, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-23-15_Stam-1IMG_1009Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ մեծ թիւով մարդիկ Պոլսոյ մէջ 23 ապրիլին մասնակցած են քայլերթի` յանուն Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին եւ կատարուած ոճրագործութեան հետ առերեսման: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, 23 ապրիլին Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի թաղամասի այն հատուածին մէջ, ուր հարիւր տարի առաջ նոյն օրը հաւաքուած եւ ձերբակալուած էին պոլսահայ մտաւորականները, ներկաները քայլերթ կատարած են` իրենց ձեռքերուն մէջ պահելով Ցեղասպանութեան զոհը դարձած հայերու լուսանկարները, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ պարունակող պաստառ: Երթին արցունքոտ աչքերով շատերը հետեւած են պատուհաններէն:

Ժողովուրդի ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած քայլերթի մասնակիցները Քուրթուլուշ փողոցով քալած են մինչեւ Փանկալթը շրջան: Շուրջ մէկ ժամ տեւած քայլերթի աւարտին մասնակիցները մոմեր վառած են Ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ մտաւորականներու լուսանկարներուն մօտ:

Քայլերթին կազմակերպիչները ելոյթ ունեցած են` նշելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով սեփական հայրենիքէն զրկուած եւ աշխարհով մէկ սփռուած հայերու արդար պայքարը կը շարունակուի: «Իրական խաղաղութեան եւ 1915 թուականին կատարուածին հետ առերեսման համար Հայոց ցեղասպանութիւնը անյապաղ պէտք է ճանչցուի, Հայաստանի հետ պէտք է զարգանան տնտեսական, քաղաքական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները, Թուրքիոյ կողմէ միակողմանի փակուած սահմանը առանց նախապայմաններու պէտք է բացուի: Այս ցաւը բոլորիս է», նշած են անոնք` աւելցնելով, որ միայն Ցեղասպանութիւնը ճանչնալով կարելի պիտի ըլլայ ազատիլ ամօթէն եւ բանալ իրական եղբայրութեան ճամբայ մը:

Արարողութեան աւարտին բոլորը միաձայն կանչած են. «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք»:

 

Նախորդը

Խմբագրական. 100-Ամեակէն Անմիջապէս Ետք

Յաջորդը

Հարիւր Հազարաւոր Մասնակիցներ` Լոս Անճելըսի Մէջ

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.