
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր կ՛աւարտէ դէպի հարաւային Լիբանան, յատկապէս Սայտա եւ Լեռնալիբանան կատարած իր պատմական շրջապտոյտը` այցելելով Շուֆի զանազան աւանները: Անոր վերջին կանգառը պիտի ըլլայ Պէյթէտտինի մէջ:
Արդարեւ, 275 տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով մարոնի հոգեւոր պետ մը կ՛այցելէ հարաւային Լիբանանի շրջանը: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Պշարա Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ նախագահ Սլէյմանի ազգային երկխօսութեան վերակենդանացման փափաքը իրականանայ եւ վերածուի ազգային համապարփակ նոր ուխտի մը յանգող միջլիբանանեան համագումարի:
Լեռնալիբանանի մէջ Պէյթէտտին, ապա Շուֆ, Ժեզզին, Տէյր Տուրիթ եւ այլ շրջաններ կատարած հովուապետական իր շրջապտոյտին ընթացքին, մարոնիներու պատրիարքը դիմաւորուեցաւ պաշտօնական եւ ժողովրդային աննախընթաց սիրալիր ընդունելութեամբ:
Շուֆի մէջ Ռայի պատրիարքը դիմաւորուեցաւ նախկին նախարար Մարուան Համատէի եւ Ժոմպլաթի զաւկին` Թէյմուրի կողմէ, որուն ուղղելով իր խօսքը` Ռայի պատրիարք թելադրեց տէր կանգնիլ Քամալ եւ Ուալիտ Ժոմպլաթներու աւանդին` նշելով, որ մարոնի-տիւրզի գոյակցութիւնը արմատացած է Լիբանանի եւ յատկապէս Լեռնալիբանանի մէջ 400 տարիներէ ի վեր:
Իր կարգին, Համատէ Ռայի պատրիարքին այս այցելութեամբ ստեղծուած մթնոլորտը որակեց իբրեւ լիբանանցի «քրիստոնեաներու գարուն»ը:
Յայտնենք, որ Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Պէյթէտտինի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:


