Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԷՑ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ

August 8, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու կրտսեր պատանիներու մէկ շաբթուան բանակումը երէկ` կիրակի, 7 օգոստոսի առաւօտուն հասաւ իր աւարտին, եւ սկսաւ երէց պատանիներուն բանակումը, որ նոյնպէս պիտի տեւէ մէկ շաբաթ:

Երէկ շուրջ 140 պատանիներ Այնճարի մէջ սկսան Արցախի անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած իրենց բանակումը, որուն ընթացքին անոնք պիտի բաժնուին չորս խումբերու, որոնք կը կրեն հետեւեալ անունները` Մարտունի, Շուշի, Քաշաթաղ եւ Շահումեան: Մէկ շաբթուան ընթացքին դասախօսութիւններու եւ այլ տարբեր բնոյթի աշխատանքներու ճամբով պատանիները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու Արցախի պատմութեան, արցախեան ազատագրական պայքարին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութեան, Արցախի մէջ տիրող ներկայ կացութեան, անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի նշանաւոր անձնաւորութիւններուն:

Բանակումին բացումը կատարեց եւ բանակումի իմաստին, անոր նիւթին, կանոններուն եւ կարգապահութեան կարեւորութեան մասին խօսեցաւ Սագօ Արապօղլեան:

Արցախի անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած բանակումի մասնակից 140 պատանիներուն այցելեցին Արցախի ազատագրական պայքարի ռահվիրաներէն հանդիսացող մտաւորական, «Արմենիա» առագաստանաւի ղեկավար Զօրի Բալայեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, նախարար Փանոս Մանճեան, Այնճարի քաղաքապետութեան անդամներ, նաեւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Այս առիթով պատանիներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Զօրի Բալայեան յատուկ կերպով շեշտը դրաւ պայքարի կարեւորութեան վրայ` բոլոր մարզերուն մէջ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ` հաստատելով, որ արցախեան յաղթանակը կարելի եղաւ կերտել պայքարելու աննկուն կամքին շնորհիւ: Ան անդրադարձաւ Արցախի ազատագրական պայքարին, կերտուած յաղթանակները պահպանելու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ «Արմենիա» առագաստանաւի կատարած ուղեւորութեան մասին, բացատրեց անոր նպատակը` նշելով, որ նահատակներուն կողմէ իրենց ուսին դրուած պարտք մըն է, որ կը կատարեն: Իր խօսքի աւարտին Զօրի Բալայեան կոչ ուղղեց պատանիներուն` ըլլալու զօրեղ, օժտուելու պայքարելու ոգիով, կառչելու իրենց հայկականութեան ու ազգային նկարագիրին, որպէսզի կարենան շարունակել սկսուած գործն ու նորանոր նուաճումներ իրագործել:

Նախորդը

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՎ ԴԷՊԻ ՀԱՐԱՒ ՈՒ ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆ ԻՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ. «ԿԸ ՄԱՂԹԵՆՔ, ՈՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ՄԻՋԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆՈՐ ՈՒԽՏԻ ՅԱՆԳՈՂ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԸ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Յաջորդը

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՏԱՆԻԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ՛Ն»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.