Ուրուկուէյի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած արտահերթ նիստ մը:
ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արփի Հոչաչանեան ըսած է, որ արտահերթ նիստը բաւական երկար տեւած է, քանի որ ներկայ եղած բոլոր կուսակցութիւնները եւ բազմաթիւ խորհրդարանականներ փափաքած են ելոյթ ունենալ:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Սուզաննա Պերէյրա իր ելոյթին մէջ կարեւոր նկատած է երկրին մէջ հայ ժողովուրդի յիշողութեան պահպանումը եւ խօսած է հայ եւ ուրուկուէյցի ժողովուրդներու բարեկամութեան մասին` շեշտելով, որ տեղւոյն հայ համայնքը մեծագոյն ներդրումը ունեցած է այդ բարեկամութեան կայացման գործին մէջ: Ան պատմած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ընթացքին իր դիտորդական առաքելութեան մասին:
Երեսփոխան Խորխէ Կուեքճեա պատմած է իր հայկական ծագումին մասին` նշելով, որ իր մայրը, որ Ցեղասպանութեան ատեն 8 տարեկան էր, փրկուած է թուրքերէն, պահուըտելով անապատի քարանձաւներէն մէկուն մէջ: Սակայն գաղթի ճամբուն վրայ հազարաւոր փոքրիկներ նոյն ճակատագիրը չեն ունեցած:
Կիյերմօ Ֆասելօ խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի կարեւորութեան մասին` աւելցնելով, որ պէտք չէ տարբերութիւն դրուի Ողջակիզման եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ:
Ներկայացուցիչ Տանիէլ Ռատիօ, պատասխանելով Ցեղասպանութեան փաստերուն մասին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութեանց, ըսած է. «Հայ ժողովուրդը քարոզչութեան կարիք չունի: Անոր համար կան խորհրդարաններ: Անոր համար կայ Ուրուկուէյի խորհրդարանը, եւ մենք այս մէկը կ՛ընենք առանց մեղքի զգացումի, առանց բարդոյթներու, քանի որ մենք գիտենք, որ մեր ըրածը բարոյական է եւ գիտենք, որ 50 տարի առաջ, այս նոյն շէնքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրինագիծ ընդունողները բարոյական էին եւ քարիւղով աղտոտած չէին»:


