Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞վ Էր Քոնֆուսիուս

April 18, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

4-18-15_confuciusՔոնֆուսիուս հին Չինաստանի գլխաւոր դէմքերէն մէկն էր: Ան մտաւորական մըն էր, որ ապրած էր Ք. Ա. 6-րդ-5-րդ դարերուն: Հան ընտանիքի կայսրութեան շրջանին գրագէտները, որոնք կ՛ուզէին շատ դժուար քննութիւններ անցընել կառավարական պաշտօնեայ դառնալու համար, պէտք էր անոր գրութիւնները անգիր սորվէին:

Երեք մեծ մտաւորական մտածելակերպեր տիրապետած են հին Չինաստանի մէջ: Թաոականութիւնը, պուտտայականութիւնը եւ քոնֆուսիականութիւնը: Այս վերջինը եկած է Քոնկ Ֆու Զիէն, որուն մենք կը կոչենք Քոնֆուսիուս:

Կ՛ենթադրուի, թէ Քոնֆիսուս ապրած է Լու իշխանապետութեան մէջ, Ք. Ա. 551-էն 479-ի միջեւ, երբ Չինաստանը տակաւին միացած մեծ կայսրութիւն մը չէր: Անոր կեանքը առաջին անգամ կը պատմուի Հան ընտանիքի կայսրութեան ընթացքին, չին պատմաբան Սիմա Քիանի կողմէ, «Շիժի» գիրքին մէջ:

Քոնֆուսիուսի ընտանիքը ռազմիկներու մեծ ընտանիք մըն էր: Անոր հայրը 2,20 մեթր հասակ ունեցող հսկայ մըն էր եւ Լու իշխանապետութեան կառավարիչն էր: 65 տարեկանին ան երկրորդ անգամ կ՛ամուսնանայ Քոնֆուսիուսի մօր հետ, 15 տարեկան Ժենկ Զայի հետ: Ըստ աւանդութեան, կոտոշաւոր ձի մը կը նախատեսէ Քոնֆուսիուսի ծնունդը. եւ անոր ծնունդին գիշերը, երկու թեւաւոր վիշապներ կը հանգչին տան տանիքին վրայ… Ուրիշ շատ արտակարգ դէպքեր ալ պատահած են:

Դժբախտաբար Քոնֆուսիուս երեք տարեկանին իր հայրը կը կորսնցնէ: Ամբողջ ընտանիքը առանց դրամի կը մնայ: Կարենալ ապրելու համար Քոնֆուսիուս 17 տարեկանին ուսուցիչ կը դառնայ եւ կ՛աշխատի Լու իշխանապետութեան վարչութեան մէջ:

Ան աննկատ չի մնար, որովհետեւ անոր հասակը կը հասնէր 2,15 մեթրի, եւ ան իր շուրջ ունէր հետեւորդներ, որոնք մտիկ կ՛ընէին իր ուսուցումները: Ըստ Սիմա Քիանի, Քոնֆուսիուս իր կարգին գացած էր ունկնդրելու չին շատ մեծ իմաստուն Լաօ Թցըի, եւ ան այնքան զգացուած էր այս հանդիպումէն, որ ան մէկ ամիս առանց խօսելու անցուցած էր:

53 տարեկանին Քոնֆուսիուս կը դառնայ Լուի դուքսին արդարութեան նախարարը: Սակայն յուսախաբ իր տիրոջ կեցուածքներէն` ան կ՛որոշէ հեռանալ եւ շրջիլ` համերաշխ կերպով ապրելու եւ իր բարոյական սկզբունքները ուսուցանելու համար: Ան իր երկիրը կը վերադառնայ տասնչորս տարի ետք, եւ հոն է, որ իր հետեւորդները իր ուսուցումը եւ միտքերը արձանագրեցին «Խօսակցութիւններ» գիրքին մէջ:

Ազնուութիւնը, արդարութիւնը, պարկեշտութիւնը, ներողամտութիւնը շուրջիններուն հանդէպ… ահա քանի մը գաղափարներ, զորս Քոնֆուսիուս կը քարոզէր, որպէսզի ընկերային կարգը յարգուի, եւ երկիրները լաւ կառավարուին, որովհետեւ, կ՛ըսէր ան, կարելի չէ ապրիլ թռչուններուն եւ վայրի անասուններուն հետ:

 

Հին Մշակոյթներու Աշխարհէն

4-18-15_mchagouyt-1– Ըստ չինական աւանդութեան մը, թէյ խմելու սովորութիւնը ծնած է, երբ թէյի չորցած տերեւներ ինկած են կայսրի մը հրամցուած գաւաթ մը ջուրին մէջ:

4-18-15_mchagouyt-2– Հին Եգիպտոսի մէջ մանուկներ հոքի կը խաղային` գործածելով արմաւենիի ճիւղերով շինուած մականներ:

– Հին հռոմէացիներուն կողմէ շինուած ճամբաներ տակաւին մինչեւ այսօր կը գործածուին Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ:

4-18-15_mchagouyt-3– Հին Յունաստանի մէջ դրամները զարդարուած էին մեղուի պատկերով:

4-18-15_mchagouyt-4– Չինաստանի մէջ ամէնէն հին գրութիւնները (Ք. Ա. 1200 թուական) արձանագրուած էին անասուններու ոսկորներու վրայ:

– Ձի հեծնելու սովորութիւնը սկսած է Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, մօտաւորապէս 6000 տարիներ առաջ:

– Աշխարհի ամէնէն հին տակաւին ապրող մշակոյթը` Աստրալիոյ ապորիճինները գոյութիւն ունեցած են նուազագոյնը 50 հազար տարիներէ ի վեր:

– Հռոմէացիները կը հաւատային, թէ կասիան օրհնեալ էր: Հռոմէացիներուն տուները յաճախ կը զարդարուէին այս բոյսի տերեւներու պզտիկ ծարներով:

Հին յունական Սպարտա քաղաքապետութեան մէջ բնակիչները կը քուէարկէին իրենց վահաններուն զարնելով:

 

Հարցարան

 Ընդհանուր Գիտելիքներ

4-18-15_hartsaran1) Ո՞ր առարկան կը պարունակէ գլխաւորաբար ձգախէժ:
ա – Հայելին, բ – Մատիտը, գ , Ինքնաշարժի անիւը, դ – Տաբատը:

2) Կլորակ ձեւով կառոյց մը աւելի հաստատուն է, քան` եռանկիւնաձեւ կառոյց մը:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

3) Զառը հնարուած է 5000 տարիներ առաջ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

4) Դէպի ո՞ր ուղղութիւնը անդադար կը դառնայ կողմնացոյցին սլաքը:
ա – Դէպի հիւսիս, բ – Դէպի արեւելք, գ – Դէպի հարաւ, դ – Դէպի արեւուտք:

5) Մենք կ՛ենթադրենք, թէ լուսինը լոյս կ՛արձակէ, որովհետեւ ան կը ցոլացնէ արեւուն ճառագայթները:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

6) Մեր արեգակնային բոլոր մոլորակները կը դառնան արեւուն շուրջ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

7) Գիշերը, երբ մենք երկինքը կը դիտենք, յաճախ կը տեսնենք, թէ աստղերը կը փայլփլին: Ինչո՞ւ:
ա – Աստղերը երկրագունդէն շատ հեռու են, բ – Աստղերը գրեթէ մեռած են եւ անոնք կը մարին, գ – Երկրագունդին շուրջի օդը կը շարժի, դ- Աստղերը երբեմն քիչ, երբեմն շատ կը փայլին:

8) Մոլորակները բնաւ նոյն ծիրին չեն հետեւիր տիեզերքին մէջ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

9) Աստղերը միշտ դեղին են:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

10) Երբ մետաղ մը կը տաքցնենք…
ա – Ան կ՛ըդլայնի եւ, հետեւաբար, աւելի մեծ կը դառնայ, բ – Ան կը կծկուի եւ, հետեւաբար, աւելի կը փոքրանայ: գ , Ան կը կտրուի, դ – Բան մը չի պատահիր:

11) Եռացող ջուրը շոգիի կը վերածուի:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

12) Ո՞ր գոյնը կը տեսնենք ծիածանին ծայրը:
ա – Կարմիր, բ – Դեղին, գ – Կանաչ, դ – Կապոյտ:

13) Ներքնուղիի մը մէջ բնաւ արձագանգ չենք լսեր:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

14) Դուն քու ձայնդ նոյն ձեւով չես լսեր, ինչպէս շուրջիններդ կը լսեն:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

15) Երբ սառոյցը կը հալի, ան ձիւն կը դառնայ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

16) Ի՞նչ գոյն ունի մեր ուղեղը:
ա – Մոխրագոյն, բ – Կապոյտ, գ – Վարդագոյն, դ , Կանաչ:

17) Նոյնքան արիւն գոյութիւն ունի մանուկի մը մարմնին մէջ, որքան` չափահասի մը մարմնին մէջ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

18) Ի՞նչ է մարդկային մարմնին ջերմաստիճանը:
ա – 25 աստիճան սելսիուս, բ – 31 աստիճան սելսիուս, գ – 37 աստիճան սելսիուս, դ – 48 աստիճան սելսիուս:

19) Երբ կը քնանանք, մեր ուղեղը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

20) Անապատին մէջ ոչ մէկ ծաղիկ կը բուսնի:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

21) Խոտը աւելի արագ կ՛աճի ձմրան, քան` ամրան:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

22) Թէյը կը պատրաստուի սուրճին եւ քաքաոյին նման, հատիկներէ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

23) Սունկեր աճեցնելու համար ամէնէն լաւ վայրը մութ եւ խոնաւ վայր մըն է:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

24) Աշխարհի ամէնէն փոքր պետութիւնը Վատիկանն է:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

25) Կարգ մը երկիրներ կը գտնուին ծովու մակերեսէն աւելի ցած:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

Պատասխանները Վերջաւորութեան

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` իւրաքանչիւր թիւ դնելով իրեն համապատասխանող տեղը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` իւրաքանչիւր թիւ դնելով իրեն համապատասխանող տեղը:

4-18-15_jeux-00

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մանկապատանեկան Էջի Պատասխաններ

 

1 – գ, 2 – բ, 3 – ա, 4 – ա, 5 – ա, 6 – ա, 7 – գ, 8 – բ, 9 – բ, 10 – ա, 11 – ա, 12 – ա, 13 – բ, 14 – ա, 15 – բ, 16 – գ, 17 – բ, 18 – գ, 19 – բ, 20 – բ, 21 – բ, 22 – բ, 23 – ա, 24 – ա, 25 – ա:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (18 Ապրիլ 1965)

Յաջորդը

Հալէպի Խոնարհներէն. Անխօս Նուիրեալը` Թաուիլ Եուսուֆ

RelatedPosts

Ո՞ւր Կը Գտնուի Կրինլենտը
Մանկապատանեկան

Ո՞ւր Կը Գտնուի Կրինլենտը

January 31, 2026
Ինչո՞ւ Գոյութիւն Ունին Ժամի Տարբերութիւնները Երկիր Մոլորակին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Գոյութիւն Ունին Ժամի Տարբերութիւնները Երկիր Մոլորակին Վրայ

January 24, 2026
Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը
Մանկապատանեկան

Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.