Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռմբակոծումներ Սուլէյմանիէ Թաղամասին Վրայ. «Սիմոն Վրացեան» Կեդրոնը` Վնասուած

April 14, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20150411-WA0001Անցեալ շաբաթավերջին «Ազդակ» յաջողեցաւ կապ հաստատել Հալէպի իր գործընկերներուն հետ, որոնք հաստատեցին, որ Սուլէյմանիէ թաղամասի վերջին  ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք  վնասուած է «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը, ուր ժամանակաւորապէս փոխադրուած էր Հալէպի Ազգային առաջնորդարանը:

Մեր վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, կան հայ վիրաւորներ, որոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Աւելի ուշ, Հալէպի մէջ մեր աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հալէպի Սուլէյմանիէ թաղամասին վրայ կատարուած ռմբակոծումներուն հետեւանքով արձանագրուած են 9 մեռեալներ եւ տասնեակ մը վիրաւորներ: Շրջանը կը ներառէ արաբ եւ հայ բնակիչներու բնակարաններ եւ աշխատանոցներ, հրթիռները ինկած են Քալլաս թաղամասին վրայ, դէպի Թելեֆոն Հաուայի տանող թաղամասը, Պալեան դպրոցի եւ «Ս. Վրացեան» կեդրոնի թաղամաս: Հայ վիրաւորներուն թիւը 5 է, որոնցմէ 2-ը ծանր վիճակի մէջ են եւ բժիշկներու հսկողութեան տակ կը գտնուին:

«Հալէպի Մէջ Իրավիճակը Կը Մնայ Անհանգիստ»
Յայտնեց Ժիրայր Ռէյիսեան

Կիրակի եւ երէկ առաւօտեան Հալէպի մէջ ռմբակոծումները շարունակուած են:

Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան` աւելցնելով, որ ժողովուրդին մէջ անորոշութեան եւ վախի զգացում կը տիրէ:

Ռէյիսեան նաեւ նշեց, որ առաջնորդարանի շէնքը քարուքանդ եղած է եւ  անգործածելի է: Առաջնորդարանը մինչ այդ տեղափոխուած էր Սուլէյմանիէ  թաղամասի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոն:

Զոհերու շարքին հայեր չկան, սակայն քանի մը վիրաւորներ կան, անոնց կարգին` 11-ամեայ աղջնակ մը: Վիրաւորները բժիշկներու հսկողութեան տակ են, անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար:

«Քաղաքին մէջ ելեկտրական հոսանքը եւ ջուրը ընդհատումներով կը հասնի, անկայուն վիճակ է»,  նշեց Ռէյիսեան

 

 

 

Նախորդը

«Մէ՛Կ Է Մեր Երթը. Աննահա՛նջ Է Մեր Պայքարը» ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղի Կազմակերպած Ապրիլեան Ձեռնարկը` Ղասսան Ռահպանիի Մասնակցութեամբ

Յաջորդը

Լիբանանահայութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ Հանդիպում «Լիբանանահայ Գաղութը Օրինակելի Է. Մեր Բանակին Թիւը Պէտք Է Ըլլայ Այնքան, Որքան Որ Է Մեր` Հայութեան Թիւը» Հաստատեց Նախարար Սէյրան Օհանեան

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.