Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քիմ Քարտաշեան Հայաստան Հասաւ

April 9, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-08-15_kim-minՔիմ Քարտաշեան իր ամուսինին` Քանիէ Ուեսթի, դստեր եւ Քարտաշեան ընտանիքի միւս անդամներուն հետ արդէն հասած է Երեւան: «Զուարթնոց» օդակայանէն այս մասին յայտնած է «Փանորամա»-ի թղթակիցը:

Քարտաշեան ընտանիքին Հայաստան այցելութիւնը կազմակերպուած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին (ՀԶՀ) ու «ՍԻՄԱ Թուրզ Եու. Էս. Էյ.» ընկերութեան ջանքերով` Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատուրեան «Փանորամա»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Քարտաշեան ընտանիքի անդամներուն այցելութիւնը պէտք է դիտարկել իբրեւ ընտանեկան ուխտագնացութիւն դէպի նախնեաց երկիր, ինչ որ` «միայն եւ բացառապէս դրական գնահատանքի է արժանի»:

ՀԶՀ տնօրէնը Քարտաշեանի Հայաստան այցելութեան պարունակին մէջ խօսած է դարաւոր հայրենիքէն արմատախիլ եղած, գաղթական ու որբ դարձած հայ ժողովուրդին վերապրող զաւակներուն մասին` «անոնք, որոնք չմոռցան իրենց նահատակները եւ կրեցին վերածնուելու, ապրելու եւ յաջողելու պատգամուած կտակը»: Ըստ անոր, նոյնիսկ երեք-չորս սերունդ ետք հայկական սփիւռքը մնաց կուռ եւ ամուր, հայկական արմատներ ունեցող աշխարհահռչակ հայրենակիցները հետեւողական կերպով ու անխոնջ աշխատանքով դարձան յաջողած եւ ազդեցիկ մարդիկ, պահանջատէր` Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդարութեան առումով, իսկ Հայաստանը անոնց համար դարձաւ «հպարտութեան եւ ոգեշնչման անսպառ աղբիւր»:

ՀԶՀ-ը նպատակ ունի մնայուն կերպով Հայաստան հրաւիրել ծագումով հայ նշանաւոր անձնաւորութիւններ` նպաստելով վերջիններուն հայրենիքին հետ կապի ամրապնդման:

Ամերիկեան «Եու. Էս. Ուիքլի» պարբերաթերթին աղբիւրը Քարտաշեան ընտանիքին Հայաստան ուղղուելու նախօրեակին գրած էր, որ «անոնք իսկապէս հպարտ են իրենց ծագումով եւ կ՛ուզեն հոն օգտակար ժամանակ անցընել»:

«Հայաստան կատարուելիք այցելութիւնը այս ամիսներուն անոնց մեծագոյն ճամբորդութիւնն է: Բոլոր աղջիկները չափազանց հետաքրքրուած են անով», գրած էր թերթը:

 

 

Նախորդը

Ատրուշան Արմէնեան` Լաս Վեկասի Մէջ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոս

Յաջորդը

ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»-ի Երիտասարդները Ձերբակալուած Են Թռուցիկներ Բաժնելու Եւ Պաստառ Պարզելու Պատճառով

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.