Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Մէջ Պատերազմը Դիմադրութեան Եւ Սուրիական Ազատ Որոշումի Պատերազմն Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

April 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-07-15_sayed_6Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ շրջանին մէջ տիրող տագնապը քաղաքական է, սակայն անիկա ճակատներու վրայ կը դրսեւորուի կրօնական կարգախօսներու ընդմէջէն, հետեւաբար այս զգայուն հանգրուանին պէտք է սուրիացի ժողովուրդին կողքին ըլլալ:

«Համայնքային եւ կրօնական նիւթերու օգտագործումը տգեղ միջոց մըն է, որ կը գործածուի քաղաքական տագնապին ընթացքին: Մեր հարցը հրեաներուն հետ չէ, այլ սիոնականներուն, որոնք մեր հողերուն տիրած են», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա աւելցուց, որ Սուրիոյ պատերազմին իրենք կամովին մաս կազմած են, որպէսզի ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները: «Մենք պատերազմին մաս կազմած ենք, որովհետեւ Սուրիոյ ձախողութիւնը նաեւ Լիբանանի ձախողութիւնն է, Պաղեստինի եւ ամբողջ շրջանին ձախողութիւնը: Իսկ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած յաղթանակներուն շնորհիւ կը պաշտպանուին նաեւ Յորդանանն ու Իրաքը: Ի՞նչ պիտի ըլլային Յորդանանի, Իրաքի եւ Ծոցի երկիրներուն ճակատագիրները, եթէ Քայիտան տիրէր Սուրիոյ», հարց տուաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը Դիմադրութեան եւ սուրիական ազատ որոշումի պատերազմ է:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ 2006-ի յուլիսեան պատերազմը ամերիկեան էր. անոր թիրախը Սուրիան էր, իսկ գործադրութիւնը վստահուած էր Իսրայէլի:

«Երբ պատերազմին Դիմադրութիւնը յաղթանակեց, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ շեշտեց, որ ինք ոչ ոքի ենթակայ կրնայ ըլլալ, այդ պատճառով ալ Սուրիոյ դէմ կը մղուի այս հսկայ տարողութեամբ պատերազմը: Սակայն Սուրիոյ դէմ պատերազմը ձախողած է, այնքան ատեն որ տակաւին պետութիւն եւ գերիշխանութիւն կայ երկրին մէջ, իսկ սուրիացի ժողովուրդը տակաւին կը զօրակցի իր պետութեան ու բանակին», նշեց ան:

Անդրադառնալով Եմէնի հարցին` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա պէտք է վերջ տայ Եմէնին տիրելու իր ախորժակներուն եւ առիթ ընծայէ եմէնցիներուն երկխօսութիւն կատարելու: Ան յայտնեց, որ Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ պարտութիւնը շրջանի իրադարձութիւններուն վրայ կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ:

 

 

Նախորդը

Նասիպի Անցքին Վրայ Գերեվարուած Լիբանանցի Վարորդներէն Վեցը Վերադարձան Լիբանան

Յաջորդը

Բանակը Զինուորական Տեսակարար Գործողութեամբ Մը Իր Հակակշիռին Տակ Կ՛առնէ Մխայրմէի Բարձունքը

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.