Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգորիս Եպս. Պալաքեանի «Հայոց Գողգոթան»

April 7, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-07-15_GrigorisԳրիգորիս Պալաքեան ծնած է 1876-ին: Պալաքեան եղած է իր սերունդի հայ առաջատար մտաւորականներէն: Գերմանիոյ մէջ ուսանելէ ետք, 1901-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն եկեղեցական եւ կը ծառայէ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ` իբրեւ պատուիրակ Եւրոպայի եւ յատկապէս Ռուսիոյ համար: Ան հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, որոնցմէ քանի մը հատը կը բռնագրաւուին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ 1915-ին, քանի մը հատն ալ կորած են այդ տարուան իրադարձութիւններուն պատճառով: Ան հետագային դարձած է Հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդ եպիսկոպոսը: Մահացած է 1934-ին,  Մարսէյի մէջ:

Իր հեղինակած «Հայոց Գողգոթան» ականատեսի ցնցիչ պատումն է նորագոյն դարերու առաջին ցեղասպանութեան:

Ապրիլ 24-ին, Գրիգորիս վրդ. Պալաքեան կը ձերբակալուի Կոստանդնուպոլսոյ հայ համայնքի շուրջ 250 այլ մտաւորականներու եւ ղեկավարներու հետ: Այս ձերբակալութիւնը Պալաքեանի համար սկիզբն էր չորս տարուան անսահման տառապանքի, որուն ընթացքին ան պիտի դառնար արիւնալի դէպքերու ականատեսն ու մասնակիցը:

Գ. Պալաքեան իր աչքերով կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս իր հայրենակիցները կը ղրկուէին կառքերով, աւանակներու վրայ կամ քալելով, ենթարկուելու անխուսափելի մահուան` հիւսիսային Սուրիոյ անապատներուն մէջ: Շատերը պիտի չկարենային նոյնիսկ գոյատեւել մինչեւ այդ ուղեւորութեան վերջը` զոհ երթալով քաղցի, հիւանդութիւններու, մարմնային անդամահատումներու, բռնաբարութիւններու եւ այլ չարչարանքներու, նախքան մարդասպանութեան ենթարկուիլը`ճամբուն վրայ:

Հայ վարդապետը կենդանի պատկերներով կը ներկայացնէ վերապրողներու, օտար ականատեսներու, կոտորածներուն մասնակից դարձած թուրք պաշտօնատարներու գործերն ու խօսքերը, ինչպէս նաեւ` բուռ մը քաջասիրտ ու արդարամիտ թուրքերու, որոնք Պաղտատի երկաթագիծին վրայ աշխատող կարգ մը գերմանացի պաշտօնեաներու հետ դիմադրութիւն ցուցաբերեցին հայերը սպաննելու հրահանգներուն: Պալաքեան կը յաջողի մազապուրծ ազատիլ` անտառներու մէջէն ու լեռներու վրայով, ծպտուած իբրեւ երկաթագիծի աշխատող, ապա` իբրեւ գերմանացի բանակային: Պալաքեանի փախուստը սահմռկեցուցիչ ոդիսական մըն է, որուն համար իր վկայութիւնը եզակի արժէք ունի:

Նախորդը

1 Ապրիլ 1909. Ատանայի Եւ Ընդհանրապէս Ամբողջ Կիլիկիոյ Հայութեան Կոտորածը

Յաջորդը

Հայկական Մշակութային Արժէքների Ոչնչացումն Ու Դրա Հետեւանքները 1894-1896թթ. Համիտեան Կոտորածների Տարիներին ( Մաս Ա. )

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.