Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալիֆորնիա Առաջին Անգամ Ըլլալով Օրէնսդրօրէն Կը Սահմանափակէ Ջուրի Սպառումը

April 3, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-02-15_California«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Պի.Պի.Սի.»-ին, կը հաղորդէ, որ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաուն 1 ապրիլին հրամանագիր մը ստորագրած է նահանգին մէջ ջուրի օգտագործումը մէկ քառորդով կրճատելու մասին:

Ասիկա առաջին նման դէպքն է նահանգի պատմութեան մէջ: Նոր պահանջները կը վերաբերին թէ՛ անհատներուն, թէ՛ ալ ընկերութիւններուն, սակայն ագարակներու համար բացառութիւն պիտի կատարուի:

Պրաուն, մասնաւորաբար, պահանջած է նահանգի սահմաններուն մէջ 4,6 միլիոն քառակուսի մեթր խոտածածկերը փոխարինել երաշտի դիմացող տարրերով, որոնք ոռոգում չեն պահանջեր: Սպառողներուն զեղչ պիտի տրամադրուի հին կենցաղային սարքերը նորերով փոխարինելու ատեն, եթէ անոնք աւելի արդիւնաւէտ ըլլան ջուրի խնայողութեան տեսակէտէն:

Քալիֆորնիոյ մէջ չորրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ անձրեւի տեղումները սովորականէն նուազ են: Այս տարի նահանգին մէջ ձիւնի քանակը եղած է մրցանշային կերպով ցած:

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ նահանգապետը մարտի վերջաւորութեան 1 միլիառ տոլար տրամադրած է ջրամատակարարման ենթակառոյցներու օժանդակութեան համար:

Միւս կողմէ, բրիտանական «Տը Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան հատուածին մէջ երաշտի պատճառով Քոլորատօ գետի ջրային աւազանը զգալիօրէն կրճատուած է:

Արիզոնա եւ Եութա նահանգներու սահմանին վրայ գտնուող Փաուել ամբարտակը դատարկուած է 45 առ հարիւրով:

Ամբարտակը վերջին երաշտին ընթացքին կորսնցուցած է 4,4 եռիլիոն կալոն ջուր:

 

 

Նախորդը

Պոլսոյ Մէջ Հակաահաբեկչական Գործողութիւն

Յաջորդը

Թիֆլիսի Մէջ. Թուրքիոյ, Վրաստանի Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարներու Դռնփակ Հանդիպում

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.