Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Դպրոցականները Պատուոյ Պահակ Պիտի Կանգնին Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Մինչեւ 23 Ապրիլ

April 2, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-01-15_armenԾիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ երէկ  սկսած է անմար կրակին մօտ աշակերտական «Պատուոյ պահակ» հերթապահութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան նշած է, որ այս շարժումը աննախընթաց է:

«Այս նախաձեռնութիւնը կը պատկանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, ընդունուած է  պետական յանձնաժողովին կողմէ, եւ 1 ապրիլէն մինչեւ  23 ապրիլ, իւրաքանչիւր օր դպրոցի մը աշակերտները իրենց լուռ,  ձիգ կեցուածքով առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան 6:00, հերթաբար պիտի ոգեկոչեն յիշատակը  այն զոհերուն, որոնց շարքերուն մէջ կան իրենց մեծ մայրերը, մեծ հայրերը եւ նախահայրերը», ըսած է նախարարը:

«Այնքան բնական էր այս պոռթկումը, ցանկութիւնը, որ խոստովանիմ` կազմակերպչական եւ քարոզչական մեծ աշխատանք չէր պահանջեր, գաղափարը անմիջապէս ընկալուեցաւ  բոլոր դպրոցներուն կողմէ, ծնողներուն մեծամասնութիւնը եւս ողջունեց», աւելցուցած է ան` նշելով, որ թէեւ նախատեսած էին միայն մայրաքաղաքային դպրոցները մասնակից դարձնել ծրագիրին, սակայն շրջաններու  դպրոցները եւս ցանկութիւն յայտնած են  մասնակցելու եւ կարելի է զանոնք ներառել քանի մը ժամով:

Արմէն Աշոտեան ըսած է, որ ցանկութիւն կայ  շարժումը աւանդական դարձնելու: Ան նշած է, որ նման արարողակարգ կայ շարք մը երկիրներու մէջ  եւ այս շարժումը այնքան բնական էր եւ նոյնիսկ քիչ մը ուշացած:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Վերմոնթ Նահանգի Օրէնսդիր Մարմինը Միաձայնութեամբ Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Ձեռնպահ Կը Մնայ Փտածութեան Դէմ Պայքարի Յանձնախումբին Մէջ Անդամ Առաջադրելէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.