Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 31, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Պապ Ռամըլի մէջ ձերբակալեց քաղաքացի մը եւ գրաւեց մեծ քանակով զէնքեր:

ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով բանակցութիւնները տակաւին ի զօրու են:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մետասաներորդ պահուն կրնան համաձայնութիւն յայտնել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առումով:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ պէտք էր մաս կազմէր Արաբական լիկայի վեհաժողովին մաս կազմող լիբանանեան պատուիրակութեան, սակայն ան մերժած էր մաս կազմել այդ պատուիրակութեան:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ Արաբական վեհաժողովին ընթացքին վարչապետ Թամմամ Սալամի արտայայտած կեցուածքը ապահովութեան մարզին մէջ արձանագրուած քաղաքական համաձայնագիրները չի ջնջեր:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ ամերիկացիները խոստացած են Լիբանանին 500 միլիոն տոլարի յատկացում մը տրամադրել` Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը պիտի չմասնակցի Քալամունի մէջ Հըզպալլայի եւ սուրիական բանակին կողմէ մղուելիք պատերազմին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Լիբանան իր ուժը կը պարտի լիբանանեան բանակին եւ Դիմադրութեան միջեւ դաշինքին ու համագործակցութեան:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական ականաւոր անձնաւորութիւններէ, կը տեղեկացնէ, որ լիբանանեան բանակը սուրիական տագնապին միջամուխ դարձնելու փորձերը պիտի բախին բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի կեցուածքներուն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթին համաձայն, մարոնի պատրիարքական փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս շեշտեց, որ երկրին մէջ տիրող պայմանները ցարդ չեն օգներ նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

 

 

 

Նախորդը

«Թեհրան Այցելութեան Հարցով Փոփոխութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Զօր. Փորթոլանօ Այցելեց Մուքպելի Եւ Ապպասի

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.