Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վճռակամութեան Փոթորիկ»-ը Եմէնցի Ժողովուրդն Ու Օրինական Կառավարութիւնը Պաշտպանելու Համար Է» Կ՛ըսէ Դեսպան Ժուպէյր

March 31, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմետ Ժուպէյր
Ահմետ Ժուպէյր

Մինչ արաբական դաշնակից երկիրներու կործանիչներ երէկ շարունակեցին Եմէնի մէջ տարբեր վայրեր ռմբակոծել, Միացեալ Նահանգներու մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ահմետ Ժուպէյր յայտնեց. «Վճռակամութեան փոթորիկ» արշաւը Եմէնի ժողովուրդը եւ անոր օրինական կառավարութիւնը Իրանի եւ Հըզպալլայի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումէ մը պաշտպանելու համար է»:

Սէուտցի դիւանագէտը նշեց. «Սէուտական Արաբիան իրանեան կողմէն շարք մը յարձակումներ դիմագրաւեց, սակայն մեր կողմէ Իրանի դէմ որեւէ յարձակում տեղի չունեցաւ»:

Սէուտական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ արաբ դիւանագէտ մը օրաթերթին յայտնած է, որ Շարմ Շէյխի մէջ Արաբական վեհաժողովի դռնփակ նիստին ընթացքին արաբ ղեկավարները ընդհանուր գիծերու մէջ քննարկած են արաբական միացեալ ուժի եւ «Վճռակամութեան փոթորիկ»-ի հարցերը` նշելով, որ քննարկումին ընթացքին որեւէ տարակարծութիւն երեւան չէ եկած:

Դիւանագէտը նշած է, որ արաբական երկիրներու բանակներու սպայակոյտերու պետերը այդ ուժի ղեկավարութիւնը, կեդրոնը, զինուորներու թիւն ու զէնքերը ճշդելու մեքանիզմ մը պիտի պատրաստեն` աւելցնելով, որ յառաջիկայ քննարկումները այս հարցերուն վրայ պիտի կեդրոնանան:

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» իր կարգին հաղորդեց, որ եգիպտացի զինուորական եւ ապահովական պաշտօնատարներ յայտնած են, որ առաջարկուած արաբական միացեալ ուժը կազմուած պիտի ըլլայ 40 հազար մասնայատուկ ուժերու անդամներէ եւ այդ ուժի կեդրոնատեղին պիտի ըլլայ Գահիրէն կամ Ռիատը: Ուժը պիտի ունենայ կործանիչներ, ռազմանաւեր եւ թեթեւ զրահապատ մեքենաներ:

Եգիպտական քաղաքական բարձրաստիճան աղբիւր մը լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին յայտնեց, որ արաբական միացեալ ուժը առաջին հանգրուանին ցամաքային ուժեր պիտի չունենայ:

Յիշեցնենք, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի վեհաժողովէն ետք պատասխանելով արաբական երկիրներուն մէջ տագնապներու «օտար ուժեր» արտայայտութեան մասին հարցումի մը ըսաւ. «Այս հարցումին անուղղակի կերպով պիտի պատասխանեմ: Կարգ մը դրացիներու կողմէ միջամտութիւն կայ. մէկ կողմէ Իսրայէլ, միւս կողմէ` Թուրքիա եւ իրանեան միջամտութիւն շարք մը երկիրներու մէջ»:

 

Նախորդը

«Անատոլու» Լրատու Գործակալութիւնը Քննադատելու Համար 58 Անձերու Նկատմամբ Դատական Հետաքննութիւն

Յաջորդը

«Թեհրան Այցելութեան Հարցով Փոփոխութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.