
Շրջանի ապահովական իրավիճակի, յատկապէս Եմէնի ապահովական վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, հարցականները կը շեշտուին անոնց լիբանանեան անդրադարձներուն վրայ: Արդարեւ, քաղաքական կարգ մը կողմեր մտավախութիւն կը յայտնեն, որ շրջանի ու յատկապէս Եմէնի դէպքերը ժխտական անդրադարձ պիտի ունենան, անդին այլ կողմեր անհաւանական կը նկատեն անոնց ազդեցութիւնը Լիբանանի վրայ, գէթ ապահովական առումով: Այս ծիրին մէջ անոնք կը հանգստացնեն քաղաքացիները, թէ միջլիբանանեան ներքին ճակատը որոշ չափով կայուն ու ամրագրուած է` շնորհիւ տարուող սերտ ճիգերուն, քաղաքական թէ ապահովական գետնի վրայ:
Քաղաքական իմաստով ամերիկեան եւ պելճիքական խորհրդարանական պատուիրակներ վերահաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան նկատմամբ` ընդգծելով հասարակաց թշնամիի` ահաբեկչութեան գոյութիւնը, որուն անհրաժեշտ է հակադարձել:
Նմանապէս, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ եւ յատուկ համակարգող Սիկրիտ Քաակ երէկ այցելեց վարչապետ Թամմամ Սալամին` վերահաստատելով միջազգային կազմակերպութեան զօրակցութիւնը Լիբանանի անդորրութեան: Քաակ այս առիթով Սալամի փոխանցեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արծարծուած ու քննարկուած հարցերը:
Նոյն ծիրին մէջ եւ ներքին ճակատի ուղղութեամբ Մուսթաքպալ պլոքի անդամ, երեսփոխան Սամիր Ժըսր հաստատեց, որ շրջանի ու յատկապէս Եմէնի դէպքերը հաւանական չէ, որ խախտեն Լիբանանի ապահովական վիճակը եւ Հըզպալլա – Մուսթաքպալ իններորդ հանդիպումը պիտի կայանայ` անկախ արտաքին ազդակներէ:
Միւս կողմէ, «Մուսթաքպալ» թերթին համաձայն, վարչապետ Սալամ եւ արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ համակարգած են իրենց մօտեցումները շրջանի դէպքերուն գծով` միացեալ կեցուածքով ներկայանալու համար յաչս արաբական թէ արտաքին աշխարհին:
Միջլիբանանեան ճակատի ամրապնդման ծիրին մէջ, դարձեալ հայեացքները սեւեռած են դէպի Պքերքէ, ուր քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր վեհաժողով մը պիտի գումարուի երկուշաբթի, 30 մարտին` նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Նաեւ` Ապահովական Գետնի Վրայ
Ներքին ճակատի ամրապնդման ճիգերուն ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի մօտերս այցելէ արեւելեան լեռնաշղթայի եւ մերձակայ վայրերը` մօտէն հետեւելու տիրող ապահովական ու զինուորական կացութեան, յատկապէս բանակի դիրքերու հաստատման ու զինուորներու վերատեղակայման քայլերուն լոյսին տակ, Արեւելեան լեռնաշղթայի ու Արսալի մօտակայ բարձունքներուն վրայ: Քայլ մը, որ առաւել եւս պիտի ամրացնէ բանակին դիրքը ահաբեկիչներուն դէմ, մանաւանդ որ մօտալուտ բախումներ կը նախատեսուին յատկապէս Քալամունի մերձակայքը:
Բանակի այս քայլերը ողջունեցին տեղական թէ արտաքին կողմեր` յաւելեալ թափ տալով ի նպաստ բանակին զօրակցութեան կեցուածքներուն:
Այս իմաստով քանի մը օր ետք ամերիկեան «Սեսնա» տիպի օդանաւեր պիտի հասնին` խոստացուած զինուորական օժանդակութեան ծիրին մէջ, նմանապէս, գերարդիական «Սուփըր Թոքանօ Ա-29» տիպի ամերիկեան վեց օդանաւեր Լիբանան պիտի հասնին 2018-ի սկիզբը: Նախքան այդ եւ նոյն ծիրին մէջ, ապրիլի վերջերուն կը նախատեսուի ֆրանսական զինուորական կազմածներու Լիբանանի յանձնումը յատուկ հանդիսութեամբ` ներկայութեամբ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ Լը Տրեանի եւ անոր սէուտցի պաշտօնակիցին` Մոհամետ Պըն Սալմանի:
Այս քայլերուն զուգահեռ, արեւմտեան աղբիւրներ կը հաստատեն, որ լիբանանեան բանակը պատրաստ է դիմակալելու բոլոր մարտահրաւէրները, որոնք կը նախատեսուին Լիբանանի գծով:


