Երէկ կէսօրէ ետք կազի տակառի զօրաւոր պայթում մը ցնցեց Զուք Մուսպեհի Ատոնիս շրջանի ճարտարարուեստի թաղամասը` սարսափի մատնելով շրջանի բնակիչները: Պայթումը, որ պատահած էր անուշահոտի պատրաստութեան գործարանի մը մէջ, քանդած էր գործարանի երկու յարկերը, վիրաւորած երեք հոգի ու ջախջախած քանի մը ինքնաշարժներ:
Դէպքը երթեւեկի ահաւոր խճողում մը ստեղծեց մօտակայ թաղերուն մէջ:


