Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսացի Պաշտօնատարներ Արցախի Միջազգային Ճանաչումը Կը Պահանջեն

March 24, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-24-15_FrenchՖրանսայի խորհրդարանի Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան խմբակի երեք անդամներ «Էքսփրես» շաբաթաթերթին մէջ հանդէս եկած են յայտարարութեամբ մը` ի նպաստ Արցախի միջազգային ճանաչման: Յայտարարութեան հեղինակներէն երկուքը ծերակուտականներ են` Սոֆի Ժուասեն եւ Միշել Ամիէլ, իսկ երրորդը Պուր լը Վալանսի քաղաքապետ Մարլեն Մուրիէն է:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան յունուար 27-ին, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպման ընթացքին լուրջ մտահոգութիւն յայտնած էին շփման գիծի երկայնքով եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցող յարձակումներուն վերաբերեալ` կոչ ընելով Ազրպէյճանին իրագործելու տագնապին խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ իր ստանձնած յանձնառութիւնները:

Ֆրանսացի գործիչները իրենց յայտարարութեան մէջ նախ գոհունակութիւն յայտնած են այն բանին համար, որ համանախագահները, իրենց վերջին դիրքորոշումներով, աւելի լաւ կերպով նկատի առած են տարածաշրջանին մէջ տիրող քաղաքական իրողութիւնը:

«Ղարաբաղի երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը կը շարունակէ բախիլ Ազրպէյճանի սպառնալիքներուն, որուն փաստը այն իրողութիւնն է, որ հակառակ 1994-ին կնքուած զինադադարին` լարուածութիւնը տարուէ տարի կ՛աճի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, որուն համար ալ համանախագահները երկար ժամանակ խուսափած են պատասխանատու նկատել մէկ կամ միւս կողմը: Համանախագահներուն վերջերս կատարած քանի մը յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ իրենք հրաժարած են այդ քաղաքականութենէն, որ ոչ միայն անարդար է բարոյապէս, այլ նաեւ ապարդիւն է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Անոնք յայտարարութեան մէջ նաեւ նշած են, որ պէտք չէ նոյն մակարդակի վրայ դնել զոհն ու յարձակողը: «Պէտք է նկատի առնել մանաւանդ կողմերուն քաղաքական կարգերը, որոնք շատ տարբեր են իրարմէ: Մէկ կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը, որ կը փորձէ խորհրդարանական ժողովրդավարութիւն հիմնել` 24 տարիներու ընթացքին ընտրութիւններ կազմակերպելով եւ գերզինուած Ազրպէյճանի ռազմական յարձակումներուն հանդէպ իր բնակիչները պաշտպանելու պարտականութիւնը ստանձնելով, իսկ միւս կողմէ` Ալիեւի արիւնահեղ բռնապետութիւնը, որ կը բանտարկէ իր ընդդիմադիրներն ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանները, կը խեղդէ իւրաքանչիւր ազատ ձայն, որուն վերջին օրինակը` «Ազատ Եւրոպա-Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի փակումն էր»:

Ֆրանսացի գործիչները ընդգծած են, որ պատերազմի շարունակումը եւ հակահայ քարոզչութիւնը Պաքուի համար անհրաժեշտութեան վերածուած է երկիրի ներքին ընդդիմութիւնը ճնշելու նպատակով: «Անիկա կարելիութիւն կ՛ընծայէ Ալիեւին` համախմբելու Ազրպէյճանի հասարակութեան բեկորները` լաւ գիտակցելով, որ նման հայատեաց քարոզչութեան միջոցով ինք կրնայ ժողովուրդի ուշադրութիւնը իր սեփական զեղծարարութիւններէն շեղել եւ իշխանութեան գլուխ մնալ: Մենք պէտք է աւելի քան երբեք նեցուկ կանգնինք Ղարաբաղի ժողովրդավարութեան, որուն համար մենք կը պահանջենք Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը», եզրակացուցած են ֆրանսացի պաշտօնատարները:

Նախորդը

Գերմանացի Պատմաբանը` Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Վատիկանի Մէջ Յայտնաբերուած Փաստաթուղթերու Մասին

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման Նուիրուած` International Criminal Law Review-ի Բացառիկ Թիւը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.