Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները Իրանի հետ վերջինիս հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան մը գոյացման առնչութեամբ յոյս յայտնեցին:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր յայտնեց, որ «բանակցութիւնները կը գտնուին իրենց վերջին հանգրուանին մէջ, եւ դիւանագիտական լուծումը այլեւս հասանելի է եւ անոր իրագործումը` կարելի»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ իր կարգին Լոնտոնի մէջ Իրանի հետ բանակցութեանց մէջ առկախ մնացած հարցերը լուծելու կարելիութիւններու քննարկման յատկացուած նախարարական ժողովէն ետք յայտնեց. «Արեւմտեան երկիրները համակարծիք են, որ Իրանի հետ գլխաւոր մարզերու մէջ հիմնական կէտերու շուրջ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, հակառակ անոր որ տակաւին գոյութիւն ունին հարցեր, որոնց շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Լոնտոնի ժողովէն առաջ յայտնեց, որ Իրանի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին իսկական յառաջդիմութիւն արձանագրուած է: «Անցեալ ամիս Վեցեակը իսկական յառաջդիմութիւն արձանագրեց, հակառակ անոր որ տակաւին նկատառելի բացեր գոյութիւն ունին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Տակաւին աւարտի գիծին չհասանք, սակայն այդ մէկը իրագործելու առիթը ունինք: Այդ մէկը քաղաքական կամքի եւ դժուար որոշումներու հարց է»:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին յայտնեց, որ այդ յառաջդիմութիւնը «կրնայ վերջնական համաձայնութեան մը յանգեցնել»: Ան նշեց, որ իր երկիրը պատրաստ է իր կարմիր գիծերը յարգող համաձայնութիւն մը գոյացնելու` հակառակորդ կողմին կոչ ուղղելով «այս հարցին վերաբերեալ իր վերջնական որոշումը տալու»:


