Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Մաքսային Միութեան Կառոյցներու Ղեկավարները

March 21, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-20-15_maxՀայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ  ընդունած է Մաքսային միութեան անդամ երկիրներու մաքսային ծառայութիւններու  միացեալ  խորհուրդի 14-րդ նիստին մասնակցելու նպատակով Երեւան հասած մաքսային կառոյցներու ղեկավարները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուած են Հայաստանի ելեւմուտքի  նախարար Գագիկ Խաչատրեան, Ռուսիոյ մաքսային ծառայութեան ղեկավար Անտրէյ Պելիանինով, Պիելոռուսիոյ մաքսային պետական խորհուրդի նախագահ Եուրի Սենքօ, Ղազախստանի պետական եկամուտներու խորհուրդի ղեկավարի տեղակալ Կոսման Ամրին, Եւրասիական տնտեսական միութեան մաքսային համագործակցութեան անձնակազմի  անդամ (նախարար) Վլատիմիր Կոշին, ինչպէս նաեւ Խըրխըզիստանի մաքսային ծառայութեան ղեկավար Ատամքուլ Ժունուսով եւ Տաճիկիստանի մաքսային ծառայութեան պետի առաջին տեղակալ Նեկմաթ  Ռախմատով, որոնք երեւանեան նիստին կը մասնակցին դէտի կարգավիճակով:

Նախագահը ողջունած է հիւրերը եւ յոյս յայտնած, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու մաքսային կառոյցներու ղեկավարներու  այս ձեւաչափով առաջին հանդիպումը նշանաւորուի իր արդիւնաւէտութեամբ, եւ նիստի օրակարգին վրայ ներառուած հարցերու կառուցողական մթնոլորտին մէջ քննարկումները օժանդակեն մաքսային ծառայութիւններու առաւել ներդաշնակ համագործակցութեան եւ բարձրացնեն Եւրասիական տնտեսական միութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը:

Նախագահ Սարգսեան երեւանեան նիստին աշխատանքներուն մաղթած է յաջողութիւն: Հանդիպումին ընթացքին Սերժ Սարգսեան Ռուսիոյ  մաքսային ծառայութեան ղեկավար Անտրէյ Պելիանինովը պարգեւատրած է Բարեկամութեան շքանշանով` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ  Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական կապերու զարգացման, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու  բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ ունեցած ներդրումին  համար:

Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու մաքսային կառոյցներու ղեկավարները շնորհակալութիւն յայտնած են իրենց նիստը Երեւանի մէջ կայացնելու պատրաստակամութեան եւ ատիկա բարձր մակարդակով նախապատրաստելու համար:

Նախորդը

Արցախի Մէջ. ՀՅԴ-ի Ցուցակը Կը Գլխաւորէ Արթուր Աղաբեկեան

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Պաշտօնական Ձեռնարկ Եւ Խաչքարի Զետեղում` «Էն. Տի. Եու.» Համալսարանին Մէջ

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
Կրոնօ. «Հարաւային Կովկասը  Եւրոպական Միութեան Համար Ռազմավարական  Կարեւորութիւն Ունի»
Հայկական

Կրոնօ. «Հարաւային Կովկասը Եւրոպական Միութեան Համար Ռազմավարական Կարեւորութիւն Ունի»

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.