Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 9). Դպրեվանքը` Դարբնոց Մարդակերտումի Եւ Հայակերտումի

March 21, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ԱՒ. ՔՀՆ. ՔԷՐՔԷԶԵԱՆ

H27A4162-(1)1961-ի յունիսին դեռ պատանի էի, երբ Մարտիրոս Քենտիրճեանի առաջնորդութեամբ (հետագային` Բաբգէն Ա. քհնյ. Քենտիրճեան) մուտքի քննութեան գացի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք: Չէի գիտեր` ի՛նչ էր դպրեվանքը, չէի գիտեր` ո՛ւր էր Անթիլիասը:

Տարեշրջան մը առաջ Այնճարի դասընկերներէս ոմանք արդէն մուտք գործած էին դպրեվանք: Այդ օրերուն գիւղին վրայ տակաւին կը յամենար գաղթականութեան, չքաւորութեան եւ աղքատութեան հոտը: Գիւղէն հոսք մը կար դէպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքը, Մխիթարեան միաբանութեանց Վենետիկի Եւ Վիեննայի վանքերը, Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութիւնը: Դասընկերներէս, ընկերներ, տարեկից ազգականներ` ուսման ծարաւի տղաք, բռնեցին վերոյիշեալ հաստատութեանց ճամբան` ուսում առնելու եւ «մարդ դառնալու» համար: Շատեր շրջանաւարտ եղան այս հաստատութիւններէն եւ կեանքի ասպարէզին մէջ նուաճեցին յաջողութիւններ, իսկ ուրիշներ դարձան սքեմաւոր` կուսակրօն կամ ամուսնացեալ քահանաներ` ծառայելու համար եկեղեցւոյ ու ազգին:

Եկաւ աշունը եւ հոկտեմբերը: Դպրեվանքի վերամուտն էր: Մեր գիւղի միւս տղոց հետ, հրաժեշտ տալէ ետք ծնողքիս, մուտք գործեցի դպրեվանք: Բոլորովին նոր, տարբեր աշխարհ մը ու կեանք մը բացուեցաւ առջեւս: Կարելի չէր բաղդատական ընել մեր գիւղին, մեր տան, մեր դպրոցի կեանքին հետ:

Դպրեվանքի ժամանակացոյցը եւ անոր գործադրութիւնը դժուարին կը թուէր մեզի: Գիշերօթիկի այս ժամանակացոյցը, կեանքը, խճողուած դասացուցակով, արտադասարանային պաշտօններով, ժամերգութիւններով կը ճնշէին մեր վրայ, սակայն մարդակերտումի ճանապարհներ էին անոնք: Առաւօտեան ժամը 6-էն մինչեւ գիշերուան ժամը 10-ը լեցուն էր բազմաբնոյթ կատարելիքներով:

Մարդկային բնաւորութեան եւ նկարագրի կազմաւորման տեսակէտէն կրկնութիւնները շատ կարեւոր դեր կը խաղան:

Մեր ամէնօրեայ ժամերգութիւններու կրկնութիւնը, որպէս աղօթքի պահեր, կիրակնօրեայ պատարագները, եկեղեցական եւ ազգային տօնախմբութիւնները աստիճանաբար մեր հոգիները կը հարստացնէին հոգեւոր ապրումներով` միաժամանակ ծանօթանալով մեր եկեղեցւոյ արարողակարգերուն, սաղմոսներուն, շարականներուն, աղօթքներուն: Այս կատարողութիւնները մեր մէջ կերտեցին հոգեւոր եւ ազգային մարդը:

Մեր նախաճաշերը, ճաշերը եւ ընթրիքները միաժամանակ հոգեւոր, մտաւոր եւ մարմնաւոր սնունդի եզակի պահեր էին: Անոնց ընթացքին կը կարդացուէին «Վարք սրբոց»-էն օրուան սուրբին կեանքը կամ Սիմոն Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով»-ը` օրինակ տալու համար: Թէեւ իմ մտքիս մէջ չեն մնացած սուրբերուն կեանքի մանրամասնութիւնները, սակայն նուազագոյնը սուրբին կեանքին ու նահատակութեան օրինակը կը տպաւորէր մեզ:

Այս մեր հաւաքական նախաճաշը, ճաշը, ընթրիքը առիթներ էին տեսչութեան` դիտելու, քննելու եւ նշմարելու ուսանողութեան կենցաղակերպը: Յաճախ մեզի կենցաղագիտութեան խրատներ կը տրուէին: Դանակը, պատառաքաղը ինչպէս գործածել. թէյը կամ կաթը ինչպէս խմել: Մեր տեսուչը` Գարեգին եպս. Սարգիսեանը, մեզի յաճախ կը կրկնէր. «Տղա՛ք, մենք ասուն ենք, տրամաբանութիւն ունինք, կը տարբերինք անասուններէն, մենք գաւաթին պիտի չերթանք ցածնալով` գաւաթը մեզի պէտք է գայ»:

Այսպէս` ժամի ու ժամանակի, կարգի ու կանոնի գիտակցութիւնը եւ արժէքը մեր մէջ արմատացաւ տարիներու ընթացքին:

Մեր ուսումնական դասացոյցը վստահուած էր փորձառու եւ մասնագէտ հոգեւորական եւ աշխարհական ուսուցիչներու: Մեր հրաշալի, նուիրեալ, խոր մեծարանքի արժանի ուսուցիչներուն հանդէպ երախտապարտութեան անսահման ոգիով կու գամ խոնարհիլ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատկերանայ մտապատկերիս առջեւ իր դասաւանդած եղանակով` ամպիոնին վրայ: Իւրաքանչիւրը, իր մասնագիտութեամբ, սերմ կը ցանէր մեր միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ, որ տարիներու ընթացքին ուռճացաւ: Այսօր արդէն մենք ալ ալեւորած կը քալենք անոնց բացած ճանապարհով, սրբազան առաքելութեան, դպրեվանքէն ներս կամ դուրս: Աշակերտի երախտապարտութեամբ եւ մեծարանքի ոգիով կ՛ըսեմ` օրհնեա՛լ ըլլայ ձեր յիշատակը, Մեսրոպ Մաշտոցի հետեւորդներ:

Օրերու, ամիսներու եւ տարիներու ընթացքին դպրեվանքէն ներս մեր մէջ մօրենական կաթի եւ սնունդի պէս աստիճանաբար մեր մէջ մուտք գործեցին մեր նախնեաց ցեղային պատկանելիութեան ոգին:

Անթիլիասի Ս. Ստեփանոս Նահատակաց յուշարձանին մէջ, Տէր-Զօրէն բերուած եւ ամփոփուած մեր ապրիլեան Նահատակներուն աճիւններէն ամէնօրեայ պատգամ փոխանցուեցաւ մեզի` յիշելու եւ պահանջատէր դառնալու:

Ցեղասպանութեան Պիքֆայայի յուշարձանին մշտական հովանիին ներքեւ մեր մէջ աւելի եւս արմատացաւ մեր պահանջատիրութեան ոգին:

Անթիլիասի յուշարձանի աճիւններուն առջեւ ականատես ըլլալով տարբեր սերունդներու, մանուկներէն մինչեւ մէկ ոտքը գերեզման ծերունիներուն արցունքները, ոգեկոչումի, մեծարանքի յիշատակութեան եւ բազմամարդ հանդիսութեանց ուխտի պահերը մեզ կռանեցին ու թրծեցին Հայկեան ոգիով:

Այս տարին դպրեվանքի հիմնադրութեան 85-ամեակն եւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան 100-ամեակն է: Դպրեվանքի հիմնադիր սուրբ հայրերը, Ցեղասպանութեան եւ աքսորին ականատես եղան, ականատես եղան մեր ժողովուրդի նիւթական եւ մարդկային հոգիի կորուստին, ապագայի վառ տեսիլքներով, մեր ժողովուրդի յաւիտենականութեան գոյերթը երազ ունենալով` հիմնեցին այս դարբնոցը: Այսօր,  առանց վարանումի, կանգնած 85 տարուան տասնամեակներու հունձքին առջեւ, մեր ժողովուրդի եւ մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ առաքելութեան ղրկուած դպրեվանքի հնոցէն անցած շրջանաւարտները, կուսակրօն կամ ամուսնացեալ հոգեւորական, դպրապետ, ուսուցիչ, տնօրէն, երաժիշտ-խմբավար, երախտապարտութեան հաշուետուութեան խոնարհ ոգիով կ՛ըսեն.

Հանգչեցէ՛ք դուք անդորր, հիմնադի՛ր հայրեր. ձեր տեսիլքը իրականացած է: Դպրեվանքը ձեր բացած ուղիով Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով վերանորոգուած ուխտով իր երթը կը շարունակէ` մեր նահատակուած եկեղեցականներուն, վրէժը լուծելով եւ միշտ նորերը ձեռնադրելով:

ՄԵՍՐՈՊ ԱՒ. ՔՀՆ. ՔԷՐՔԷԶԵԱՆ
Եկեղեցագիտական նիւթերու ուսուցիչ
Դպրեվանքէն ներս

Նախորդը

«Եկեղեցին Հայկական»

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Միհրան Քիւրտօղլեանի Հետ

RelatedPosts

Քեսապն… Ու Հեղեղները
Անդրադարձ

Քեսապն… Ու Հեղեղները

November 11, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Հայ Կեանք Եւ Մասամբ Նորին…

November 11, 2026
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Սփիւռքը Եւ «Անդրազգ» Եզրոյթի Հարցականները

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.