Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Հանդիպում Ունեցած Է Եւրոպական Միութեան Յանձնակատարին Հետ

March 19, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-18-15_ARF-EUԵրէկ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան գրասենեակին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ նշանակուած Աղուան Վարդանեան եւ անդամ Լիլիթ Գալստեան հանդիպեցան Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով նոր նշանակուած յանձնակատար Եոհաննես Հանին հետ:

Յանձնակատարը ողջունելով հիւրերը, ցանկութիւն յայտնեց լսել անոնց տեսակէտներն ու մօտեցումները երկրի ներքաղաքական կացութեան, եւրոպական դրացնութեան ձեւաչափին մէջ անոնց ակնկալիքներուն ու պատկերացումներուն ուղղութեամբ: Գոհունակութիւն յայտնելով հանդիպման կարելիութեան համար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան համառօտ ներկայացուց կուսակցութեան քաղաքական օրակարգի տուեալ պահու հիմնական առաջնահերթութիւններէն երկուքը` շեշտը դնելով սահմանադրական բարեփոխումներու ՀՅԴ-ի մօտեցումներուն, ինչպէս նաեւ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան առնչութեամբ կուսակցութեան սկզբունքային դիրքորոշումներուն վրայ: Աղուան Վարդանեան կարեւոր նկատեց նաեւ Եւրոպական Միութեան դերակատարութիւնը ու աջակցութիւնը եւրոպական չափանիշներով ընտրական օրէնսգիրքի մշակման եւ համապատասխանաբար` ընտրութիւններու կազմակերպման գործին մէջ: Վարդանեան նաեւ լաւատեսութիւն յայտնեց Ռիկայի վեհաժողովին մէջ քաղաքական օրակարգով նոր մակարդակի բանակցութիւններ սկսելու ուղղութեամբ:

Լիլիթ Գալստեան յայտնելով ՀՅԴ ծրագրային փաստաթուղթերուն մէջ ամրագրուած եւրոպական արժէքներու հաւատարմութեան իրողութիւնը, կարեւոր նկատեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան հետագայ զարգացման անհրաժեշտութիւնը` ատիկա դիտելով իբրեւ երկրին մէջ ընկերային ու քաղաքացիական շինարարութեան կենսական հիմք, երկրին մէջ ժողովրդավարութեան խորացման ու ամրացման, արմատական փոփոխութիւններու գրաւական: Հանդիպումին աւարտին Աղուան Վարդանեան նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Եւրոպական Միութեան յանձնակատարին Եւրանեսթի լիագումարին մասնակցելու ու Հայաստանի մէջ «Եւրոպական շաբթուան» իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերելու համար:

 

 

Նախորդը

Նորվեկիոյ Վարչապետ Սոլպերկ Մերժեց Մասնակցիլ Երեւանի Մէջ Ապրիլ 24-ի Պաշտօնական Հանդիսութեան

Յաջորդը

Ըստ Թրքական Լրատուամիջոցներու. Էրտողան Եւ Փութին Խօսած Են «1915-Ի Դէպքերուն Մասին»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.