Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի 35-Ամեակի Նշում

March 19, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-12-15_aghavniՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, հինգշաբթի, 12 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ Զալքայի «Արարատ փալաս» ճաշարանին մէջ յատուկ հանդիսութեամբ նշուեցաւ ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 35-ամեակը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ դիտել տուաւ. «Սփիւռքեան պայմաններու մէջ ծնունդ առած «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղը իւրայատուկ իմաստ կը ստանայ իր հիմնադրութեան 35-ամեակին առթիւ, արդարեւ, մասնաճիւղի իրերայաջորդ վարչութիւններ 35 տարի գոհունակ շարունակեցին նուիրումով ու զոհաբերութեամբ կեանք ու կորով ներշնչել անտէրին, տարեցին, հիւանդին ու աշակերտին»:

Շարունակելով իր խօսքը` ըսաւ ան. «Կը գնահատենք ԼՕԽ-ի բոլոր նուիրեալները, որոնք իրենց հաւատքէն ու նուիրումէն մեծ բաժին կը դնեն հայ ազգի երազներու իրականացման: Մաղթելով բարի երթ ու նորանոր ամեակներ` ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի: Ապա ան հրաւիրեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի Սարգիսեանը, որպէսզի Շրջանայինի խօսքը փոխանցէ:

«Այսօր մենք, կարեւոր հրամայականի մը դէմ յանդիման  կը գտնուինք, թէ` ինչպէ՞ս պէտք է ուղեցոյց դառնանք մեր երիտասարդ սերունդին եւ ի՞նչ նորութիւններով, պէտք է այժմէականացնենք մեր ծրագիրները, որպէսզի ներգրաւենք մեր երիտասարդները, որոնք մեր ժառանգորդներն են: «Ա. Փափազեան» մասնաճիւղի 35-ամեակի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակումով մենք կը նորոգենք մեր ծառայութեան ուխտը: Մեր կարգին պայքարի ջահը կը փոխանցենք մեր զաւակներուն, որպէսզի հայ ժողովուրդը հասնի իր արդար դատի լուծման», ըսաւ Սարգիսեան:

Ապա գնահատանքի խօսք ուղղեց ԼՕԽ-ի բոլոր նուիրեալներուն, որոնք իրենց հաւատքէն ու նուիրումէն մեծ բաժին կը դնեն հայ ազգի ամբողջական երազներու իրականացման ճամբուն վրայ: Ան բարի երթ ու նորանոր ամեակներ մաղթեց ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան մասնաճիւղին»:

Ապա Արաքսի Գըլըճեան հրաւիրեց «Ա. Փափազեան» մասնաճիւղի հիմնադիրի դուստրը` Աստղիկ Փափազեանը եւ վարչութեան անդամ հատելու 35-ամեակի կարկանդակը: Երգիչ Արարատ Ահարոնեան իր խանդավառ երգերով ճոխացուց մթնոլորտը` ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչէքէնեանին: Ալիս Իբրաճեան  երգեց «Երեկոյեան Երեւան» եւ «Ամպից Կորաւ» երգերը:

Նախորդը

«Հայ Երիտասարդը Եւ Կամաւոր Հասարակական Գործը» Նիւթով Սեմինարի Արժեւորում

Յաջորդը

Կիներու Ներկայութիւնը` Համերաշխութեան, Խաղաղութեան Եւ Բարգաւաճման Սատարող

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.