Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՆՈՒՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԼԵՒՈՆ ԶՈՒՐԱԲԵԱՆ

August 4, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լեւոն Զուրաբեան

«Ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսը Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ երկխօսութեան ընթացքին պիտի կեդրոնանայ ոչ թէ իր գնահատականները հիմնաւորելու, այլ լուծումներու հասնելու հարցին վրայ», ըսաւ քոնկրեսի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնելով, որ ժողովուրդը իրենցմէ կ՛ակնկալէ ոչ թէ կարծիքներու փոխանակում կամ կարծիքներու ճշդում, այլ շատ ճշգրիտ արդիւնքներ:

Ան նշեց, որ երկխօսութեան ներկայ հոլովոյթը շատ արագ ցոյց պիտի տայ, որ արդեօք միւս կողմը պատրա՞ստ է լուծումներ գտնելու, արդեօք պատրա՞ստ է արդիւնքի հասնելու, թէ՞ կը ցանկայ սահմանափակուիլ միայն կարծիքներու փոխանակումով: Ըստ անոր, երկխօսութիւն յանուն երկխօսութեան պիտի չըլլայ: «Ասիկա մեր դիրքորոշումն է», ընդգծեց Լեւոն Զուրաբեան:

Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան 2 օգոստոսին կազմակերպուած հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարած էր, որ եթէ յառաջիկայ մէկ-երկու ամսուան ընթացքին արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու հարցին շուրջ իշխանութիւնները վերջնականապէս չկողմնորոշուին, ապա Հայ ազգային քոնկրեսը «ողջամիտ կոչուած ժամկէտը» սեպտեմբերին սպառած պիտի նկատէ եւ իր օրակարգին վրայ պիտի ունենայ ընդամէնը մէկ պահանջ` Սերժ Սարգսեանի եւ իշխող համաձայնական կառավարութեան անվերապահ հրաժարականը:

Այս առնչութեամբ Հայ ազգային քոնկրեսին հետ երկխօսութիւն կատարող իշխանական աշխատանքային խումբի անդամ Նայիրա Զոհրապեան (Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն) «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ «երկխօսութեան ձեւաչափը կը բացառէ ուղղակիօրէն որեւէ վերջնագիր, որեւէ նախապայման եւ որեւէ վերջին ժամկէտ… առաջին երկու հանդիպումները լաւատեսութիւն կը հաղորդեն` պնդելու, որ կարելի է իսկապէս աշխատիլ եւ բնականոն արդիւնք ունենալ»:

Այսօր տեղի ունենալիք երրորդ հանդիպումէն առաջ կողմերը չեն ցանկար բոլոր խաղաքարտերը բանալ: Երկու պատուիրակութիւններն ալ երէկ քննարկումներ կատարած են իրենց մարտավարութիւնը ճշդելու նպատակով: Սակայն, այդ քննարկումներուն մանրամասնութիւնները չեն հաղորդուիր:

Քանի մը օր առաջ, համաձայնական կառավարութիւնը ներկայացնող Գագիկ Մինասեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած էր, որ 4 օգոստոսի հանդիպման ընթացքին երկխօսութեան աշխատակարգը պիտի սահմանուի:

Նայիրա Զոհրապեան չբացառեց, որ այսօր սկսին օրակարգային հարցերու քննարկումին:

Հայ ազգային քոնկրեսի պատուիրակութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան նշեց, որ օրակարգը ընդունուած է, պէտք է քննարկել առաջարկուած հարցերը:

«Մենք երկու հանգրուան անցած ենք, երկու հանգրուաններն ալ արդիւնաւէտ եղած են: Երրորդ հանգրուանին ալ մենք կ՛ակնկալենք այսպիսի մօտեցում իշխանութիւններուն կողմէ: Եթէ ատիկա ըլլայ` աւելի լաւ, մենք պիտի շարունակենք դէպի առջեւ երթալ, եթէ չըլլայ` ատիկա արդէն հարցեր կը ստեղծէ բանակցութիւններու ընթացքին», նշեց Զուրաբեան:

 

 

Նախորդը

«ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆՆ ԷՐ» Կ՛ԸՍԷ ՔԱՂԱՔԱԳԷՏ ԱՆՏՐԷՅ ԵՓԻՖԱՆՑԵՒ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ 20-ԱՄԵԱԿԸ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ ՆԱԵՒ ՀԱՅ-ԻՐԱՆԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.