Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաց Նամակ Պարոն Ամին Ժեմայէլի

March 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յարգելի՛ պր. նախագահ,

Չորեքշաբթի, 11 մարտին, գիշեր ժամը 11:00-ի շուրջ, երբ անկողին մտնելէ առաջ հեռատեսիլի կայանները կը դարձնէի, «Թէլէ Լիւմիէր» կայանէն պատահմամբ հանդիպեցայ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին առիթով հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի կազմակերպած ոգեկոչման հանդիսութեան հեռարձակման: Լայիք ըլլալուս` ընդհանդրապէս նշեալ կայանի հեռարձակումները չեմ դիտեր, սակայն այս մէկը Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ըլլալուն` հետեւեցայ:

Երբ հանդիսավար Ժորժ Քըրտահին ձեզ հրաւիրեց խօսք առնելու, լիբանանեան քաղաքական կեանքի ընդմէջէն ձեր քաղաքական կեցուածքներուն եւ ընդհանրապէս ձեր նկարագիրի գիծերուն ծանօթ ըլլալով, ուզեցի անպայման ձեր խօսքը լսել:

Մանրամասնութիւններուն անդրադառնալէ առաջ ամիջապէս ըսեմ, որ քաղաքական մարդոց խօսքը ընդհանրապէս կ՛ըլլայ կարճ, դիպուկ եւ օրուան խորհուրդը շեշտող: Ձեր խօսքը` իբրեւ քաղաքական մարդու, շատ երկար էր, ընդհանութիւններ շօշափող եւ յաճախ նիւթէն դուրս: Օրինակ` Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան ցաւալի հարցը, զոր ձեզի նման քաղաքական մարդիկը կ՛արգելակեն, ի՞նչ կապ ունէր Հայոց ցեղասպանութեան պատմական դէպքին հետ` չհասկցայ:

Ձեր խօսքը սկսաք հայ ժողովուրդին պատահածը ողբերգութին անուանելով եւ երկու յաջորդական անգամներ կրկնեցիք ատիկա, ինչ որ խօսքի մը մէջ կը նշանակէ հաստատում: Զգալի էր, որ կը խուսափիք ցեղասպանութիւն եզրը գործածելէ կամ ձեզի այդպէս թելադրուած էր: Երկարօրէն անդրադարձաք Լիբանանի նախագահական ընտրութեան: Անշուշտ ամէն ոք կը ցանկայ, որ ան օր առաջ տեղի ունենայ, սակայն չկրցայ հասկնալ ատոր առնչութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետ: Անդրադարձաք ներքրիստոնէական և ներլիբանանեան երկխօսութեանց, որոնք կատարելը ձեր պարտականութիւնն է` ի շահ Լիբանանին, սակայն այդ երեւոյթին այս առիթով անդրադառնալը, կը ներէք, տեղին չէր: Յանկարծ յիշեցիք Ռուանտան ու պաղեստինցի ժողովուրդը եւ անոնց նկատմամբ պատահածը որակեցիք ցեղասպանութիւն: Պահ մը մտածելով` եզրակացուցի, որ զանոնք ցեղասպանութիւն որակեցիք, որովհետեւ երկուքին պարագային ալ Թուրքիան դերակատար չէ եղած, որ ամէն լիբանանցի Իսրայէլը կը նկատէ թշնամի: Հոս յայտնի ըրիք, որ ձեր արտայայտութիւններուն մէջ զգուշ էք, որպէսզի Թուրքիոյ իշխանաւորները չնեղացնէք: Հուսկ մէջբերեցիք ձեր բարեկամին` պր. Էրտողանի նախորդ ապրիլին արտասանած խօսքը, որուն մէջ ան դիտել տուաւ, թէ Ա. Համաշխարհային  պատերազմին Թուրքիա ապրող բոլոր ժողովուրդներն ալ ծանր պայմաններու մէջ եղած են:

Որքան գիտեմ, պր. Էրտողանը ձեր բարեկամն է, որուն յաճախ այցելելու եւ անոր հետ խորհրդակցելու սովորութիւնը ունիք: Ապա սկսաք բարոյախօսութեան` ըսելով, որ ազգերը իրարու նկատմամբ պէտք է ներողամիտ ըլլան, քով-քովի գան եւ անցեալը մոռնան ու համակեցութեամբ ապրին: Արդեօք նման բան կարելի՞ է: Պատմութեան ընթացքին երբեւիցէ դուք հանդիպա՞ծ էք նման երեւոյթի, որ յանցագործն ու զոհը քով-քովի գան` առանց անոնց դատի կատարման, հատուցման եւ յանցագործին պատիժի ենթարկման: Նման բան նախ եւ առաջ կ՛ենթադրէ վեհանձնութիւն, որ յանցագործը ընդունի իր սխալը: Ձեր ազգային յիշողութիւնը կը թուի կարճ ըլլալ: Նոյն թուրքը Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն սովամահ ըրաւ յատկապէս Լեռնալիբանանի բնակչութիւնը: Ի մասնաւորի ձեր ծննդավայր Պիքֆայան եւ յարակից գիւղերը եղան մեծագոյն տուժողները: Ո՞վ պիտի ամոքէ սովամահ ժողովուրդի հոգիներուն խռովքը, եթէ չյիշենք զանոնք: Ռէալփոլիթիք խաղացողը ի վերջոյ իր վարած քաղաքականութեան զոհը կը դառնայ, նայեցէք ձեր դրացիներուն, մանաւանդ` Թուրքիոյ պարագային:

Ձեր խօսքի աւարտին, հակառակ նախապէս լիբանանահայութիւնը զանազան առիթներով վիրաւորած ըլլալնուդ, փորձեցիք շոյել զայն` Լիբանանի տնտեսական ու մշակութային  բարգաւաճման գծով ունեցած ներդրումին համար, վկայակոչելով Պիքֆայայի բարձունքին կանգնած յուշարձանը, որ բարձրացած է առ ի երախտագիտութիւն ասպնջական Լիբանանին: Արդեօք այս խօսքերը անկեղծ զգացումի արտայայտութի՞ւն են:

Յարգելի՛ պրն. նախագահ, մեծ է այն քաղաքագէտը, որ նախ անկեղծ է ինքնիր համոզումներուն մէջ, ապա, իր ազգին նկատմամբ: Այդ պարագային է, որ ժողովուրդը կը վստահի, կը հաւատայ անոր եւ զայն կը պահէ իր հաւաքական յիշողութեան մէջ:

Յարգանօք,
Յ. ԱՍՊԵՏ

Նախորդը

Տեսակէտ. «Մենք Ենք Հրաշքը» Կամ Ձեւականութենէ Հեռու Մնալու Հրամայականը (Պուրճ Համուտի Ազգային Միացեալ Վարժարանի Կառուցման Առիթով)

Յաջորդը

Հայ Օգնութեան Միութիւնը Կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիրամեակը` Նիւ Եորքի Մէջ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.