Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անհետացող Սերունդը

March 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

3-17-15_Zevart-SarkissianԴաշնամուրի Ուսուցիչ
Զուարթ Սարգիսեանի Յիշատակին

Լիբանանի Ֆրանսատառ օրաթերթ «Լ՛օրեան լը ժուր»-ի  21 փետրուար թիւին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց փոքր գրութիւն մը հետեւեալ վերնագրով` «Մեծարանք  Զուարթ Սարգիսեանին», ստորագրութիւն` միջազգային ճանաչում ունեցող դաշնակահար Ապտել Ռահման Պաշայի:

Ահա թէ ինչ կը գրէ ան դաշնամուրի իր ուսուցչին` Զուարթ Սարգիսեանի մասին. «Զուարթ` մայր էր բոլոր իր աշակերտներուն համար: Երբեմն խիստ, բայց` ի՜նչ հրաշալի կին, ի վերուստ  պարգեւատրուած բացառիկ իմացականութեամբ: Երբեմն ան խորամանկ կը ձեւանար, բայց այնքա՛ն բարի, այնքա՛ն քնքոյշ եւ վեհանձն էր: Դաշնակահարի ասպարէզիս յաջողութիւնը իրեն կը պարտիմ: Այս կ՛ըսեմ այսօր եւ իր ողջութեանը ըսած եմ իրեն քանիցս: Մոնրէալի մէջ իրեն նուիրուած վերջին հրաժեշտի հանդիսութեան ընթացքին, 18 փետրուարին, իր աշակերտներուն ու բարեկամներու ներկայութեան իր հոգւոյն համար յուզումով նուագեցինք Պեթհովենի դաշնակի սոնաթան` «Գիշերուան լռութեան մէջ»:

Երկու օր ետք, փետրուար 28-ին, անգլերէն օրաթերթ «Տէյլի Սթար»-ի մէջ կը կարդամ  Դանիա Տերնայք անունով կնոջ մը գրութիւնը, որուն վերնագիրն էր` «Ինչպէս մնալ ջերմ լիբանանեան ձեւով»:

Դանիա Տերնայք կը գր, որ հակառակ Լիբանանի վրայ խուժող ձիւնամրրիկին, հակառակ ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի տագնապին եւ քաղաքական անյուսալի վիճակին` լիբանանցին գիտէ միշտ լաւատես ու ջերմ մնալ: Եթէ լիբանանցին որեւէ բան կատարելագործեց, այդ ալ մօտիկութիւնն է` իր դրացիին, թաղեցիին, քաղաքացիին ու մարդուն, հոգ չէ թէ ան ինչ համայնքի եւ ինչ կրօնի կը պատկանի: Շարունակելով` ան կը գրէ, որ միջազգային համբաւ վայելող ուրիշ լիբանանցի դաշնակահար մը` Ուալիտ Հորանի, երբ կը լսէ իր մանկութեան դաշնամուրի ուսուցիչ Զուարթ Սարգիսեանին մահուան գոյժը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, հազարաւոր քիլոմեթր հատելով , կը հասնի իր սիրելի ուսուցչին յուղարկաւորութեան, որուն համար հաւաքուած էին հանգուցեալին բազմաթիւ աշակերտներն ու անոնց ծնողները, այն ուսուցիչին` որ իւրաքանչիւր աշակերտին սրտին մէջ բոցավառած էր արուեստի սէրը:

Ո՞վ էր սակայն ուսուցչական ասպարէզի բացառիկ տաղանդով օժտուած այս անձը:

Ան ծնած էր 1927-ին, Պաղեստին, զաւակն էր Արտաշէս եւ  Սուրինա Սարգիսեաններուն:

Զուարթ կանուխէն կը յատնաբերէ բացառիկ ձիրք`երաժշտութեան հանդէպ: Ան իր կրտսեր քրոջ`  Աստղիկին հետ կը յաճախէ տեղւոյն գերմանական  դպրոցը: Շրջան մը անոնք ընտանիքով կը փոխադրուին Եգիպտոս, ուրկէ Զուարթ եւ Աստղիկ կը մեկնին Փարիզ ու հոն կը յաճախեն Մարկարիթ Լոնկի երաժշտական դպրոցը` աշակերտելով դաշնակահար Ժաք Ֆեւրիէին:

1948-ին ընտանեօք կը հաստատուին Պէյրութ, Լիբանան: Զուարթ կը սկսի դաշնամուրի դասեր տալ ուսանողներու, Համրայի սկիզբը գտնուող շէնքի մը առաջին յարկը: Շրջան մը վերջ Փարիզէն իրեն կը միանայ քոյրը` Աստղիկը ու միասին կը գործեն: Զուարթ մերթ ընդ մերթ իր կատարողութեամբ դաշնամուրի նուագահանդէսներ կը հրամցնէ ժողովուրդին: Հետագային, երբ աշակերտներուն թիւը կ՛աւելնայ, ան կը դադրի անձնական նուագահանդէս տալէ: Ան ամէն յուլիս ամսուան սկիզբը, իր ընտրեալ աշակերտներու կատարողութեամբ, կը կազմակերպէ նուագահանդէս` ՊԷյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ: 1960 թուականին, երբ անուանի երաժիշտ Արամ Խաչատուրեան կ՛այցելէ Լիբանան, Զուարթ անոր կը ներկայացնէ իր աշակերտը` Ուալիտ Հորանին: Երգահանը Հորանիին մէջ տեսնելով փայլուն տաղանդ` զայն Մոսկուա կը տանի հոն ուսումը կատարագործելու համար: Զուարթի հայ  աշակերտներէն են` ջութակահար Օննիկ Սիւրմէլեանի դուստրը` Յասմիկ եւ իրաքահայ Արմինէ Չուքասըզեան:

Զուարթ Սարգիսեան իր կեանքին ընթացքին նորանոր տաղանդներ յայտնաբերելով իր սիրած ասպարէզին մէջ` աչքերը կը փակէ իր գործը աւարտածի երանութեամբ: Ան կը թաղուի փետրուար 16-ին, Մաքհուլ փողոցի Սէյտի եկեղեցւոյ կից գտնուող գերեզմանատան մէջ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1965)

Յաջորդը

Տեսակէտ. «Մենք Ենք Հրաշքը» Կամ Ձեւականութենէ Հեռու Մնալու Հրամայականը (Պուրճ Համուտի Ազգային Միացեալ Վարժարանի Կառուցման Առիթով)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.