Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անատոլի Գրիգորեան. «Ես Դրական Լիցքերու Կողմնակից Եմ, «Լացկան» Արուեստը Կը Մերժեմ»

March 12, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

3-6-15_Anatoli-GrigoryanՀայրենի տաղանդաւոր գեղանկարիչ, Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիայի գեղարուեստի ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսէօր Անատոլի Գրիգորեանին  2013-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի  հրամանագրով շնորհուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական  նկարչի կոչում»: Ատիկա Հայաստանի  կերպարուեստի բնագաւառի թերեւս ամէնէն պատուաբեր կոչումն է, որ կը տրուի ասպարէզի ներկայացուցչին`  կերպարուեստի մէջ ունեցած մեծ ու նշանակալի դերին համար: Ստացած է նաեւ «Արուեստի վաստակաւոր գործիչ» կոչումը, իսկ  խորհրդային տարիներուն (1983թ.)`  «Վաստակաւոր նկարչի կոչումը»:

Մեզ հետ զրոյցի ընթացքին Անատոլի Գրիգորեան ըսաւ, որ կոչումները չէ, որ նկարչի արժէքը կը բարձրացնեն, այլ իր ստեղծածը  եւ այն, թէ որքանով ինք ազնիւ եղած է իր ու իր ժողովրդի առջեւ: Ան ազնուութիւնն ամէնէն կարեւոր յատկանիշը կը նկատէ արուեստագէտին քով:

12 մարտին, կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթամշակութային միութեան,  «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ   կը բացուի գեղանկարիչ, հայ նկարչութեան նշանաւոր անուններէն  Անատոլի Գրիգորեանի գեղանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսէն առաջ հայրենի նշանաւոր գեղանկարիչը Գեղարուեստի ակադեմիայի իր աշխատասենակին մէջ յատուկ խօսեցաւ լիբանանահայ  արուեստասէրներուն համար` արտայայտելով իր անկեղծ մտածումները եւ սպասումները, որոնք կան ցուցահանդէսէն առաջ:

3-12-15_16ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Գրիգորեան, տակաւին 1960-ականներէն ձեր գործերը  Հայաստանի ամէնէն շատ ցուցադրուած նկարիչներու գործերէն են, ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ` դուրսը:  Մօտ երեք տասնեակ երկիրներու մէջ դուք ունեցած էք բազում ցուցահանդէսներ: Ձեր նկարները տեղ  գտած են Հայաստանի Պետական  եւ  Մոսկուայի Տրետեակովեան պատկերասրահներուն  մէջ եւ այլ նշանաւոր հաւաքածոներէն ներս: Ի՞նչ զգացողութիւն ունիք այսօր հերթական անհատական ցուցահանդէսէն առաջ, որ Լիբանանի մէջ պիտի ըլլայ: 

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Իմ նկարները նաեւ Լիբանան հասած են, սեփական հաւաքածոներու մէջ կան: Լիբանան ընկերներ, ծանօթ արուեստագէտներ ունիմ, այնպէս որ, կը կարծեմ, որ ծանօթ են իմ արուեստիս: Նկարիչը ամէն անգամ ալ նոյն զգացողութիւնը կ’ունենայ ցուցահանդէսէն առաջ: Կը  սպասէ, թէ ո՛վ պիտի գայ` դիտելու իր նկարները, գնահատելու իր արուեստը: Հակառակ անոր որ նկարիչ մը նախ  ինքն իր համար կը նկարէ: Անշուշտ, ի վերջոյ ցուցահանդէսին ցուցադրելու համար են նկարները, բայց նկարչութիւնը նախեւառաջ  նկարիչը բուժելու, արուեստագէտը  խաղաղեցնելու, ինքզինքնին հետ հաշտ ըլլալու համար է:  Ես եթէ մէկ-երկու օր չնկարեմ, կը հիւանդանամ: Նկարչութիւնը   բուժող յատկանիշներ  ունի:

Ես կը կարծեմ, որ Լիբանան տակաւին կայ, մնացած է այն արուեստասէրը, որ կը գնահատէ արուեստը: Ցաւօք, այդ խաւը Հայաստանի մէջ արդէն քիչ է, չէ մնացած, եղածներն ալ երկրէն գնացած են: Խորհրդային Միութեան դրուածքն այնպիսին էր, որ կարծես ամէնքը արուեստ կը սիրէին: Այսօր ամէն բան փոխուած է:

 

Հ.- Միջավայրը փոխուած է, արդեօ՞ք նկարիչներն ալ տարբեր դարձած են նախկինի համեմատ:

3-12-15_11Պ.- Չեմ գիտեր` ո՛վ ինչպէս, ես  նոյնը մնացած եմ: Ես մնացած եմ նկարչութեանը նոյն սիրով կառչած մէկը, որ պարզութիւն կը սիրէ: Կը հաւատամ, որ ամէն լաւ ու հանճարեղ բան պարզութեան մէջ է գեղեցիկ ու կատարեալ:   Բարդ ու անհասկանալի բաներ ընելով` ոչինչ կը հաստատենք: Ես իմ սկզբունքներուս հաւատարիմ մնացած եմ:

 

Հ.- Ձեր ներշնչումները  հայ իրականութենէ՞ն կու գան:

Պ.- Իրականութիւնն այդքան նշանակութիւն չունի ինծի համար:  Եթէ իրականութենէն պիտի ներշնչուիմ, ուրեմն  ծաղրանկարիչ  պիտի ըլլամ,  որովհետեւ մեր իրականութեան մէջ զաւեշտը շատ է: Նկարիչը միշտ իր ներսէն բխած գեղեցիկ, ազնիւ պայծառ ապրումներն է, որ կը փոխանցէ, ան միշտ  կ’ուզէ սիրուն ու  գեղեցիկ բաներ ընել,  որ կեանքը գեղեցկացնէ:

 

Հ.- Բայց արհաւիրքն ալ կեանքի մէկ մասն է, ինչպէ՞ս կը տեսնէք այն, ինչպէ՞ս կը վերաբերիք տխուր նիւթեր նկարող նկարիչներուն:

Պ.- Ես ալ ունիմ այդ թեմայով նկարներ: Նկարած եմ, Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող նկար ալ նկարած եմ, որ շուտով պիտի ցուցադրուի 100-րդ տարելիցի մեծ ցուցահանդէսին, նախկինին ալ նկարած եմ, բայց դժուար է անընդհատ այդ թեմաներով  նկարել, ատոր ալ չափ ու սահման կայ, բան մը երբեք պէտք չէ չարաշահես, չափն անցնիս, այն աստիճան, որ մարդոց տխրութիւն պատճառէ: Ես պայծառութիւն  կը  սիրեմ, ի վերջոյ բնութեան գեղեցկութիւնը լոյսը, մարդոց պայծառութիւնն   աւելի շատ են մեր շրջապատին մէջ, քան` արհաւիրքը: Ես դրական լիցքերու կողմնակից եմ, լացկան արուեստը կը մերժեմ: Արուեստագէտը կեանքը գունաւորելու առաքելութիւն ունի, եւ եթէ անընդհատ կեանքի տխուր կողմը նկարէ, այդ մէկը կ՛ազդէ  մարդոց կեանքի  հայեացքին վրայ:

 

Հ.- Պարո՛ն Գրիգորեան, ձեր ընտանիքին մէջ նկարիչներ չեն եղած: Ուրկէ՞ եկած է ձեր նկարչական ջիղը, դուք փորձա՞ծ էք հասկնալ:

Պ.- Պայման չէ, որ տեղէ մը գայ: Նկարիչ դառնալու համար շատ բաներ կրնան ազդել մարդու վրայ` իր ապրած վայրը, տեսած պատկերները, ինք կ՛ըլլայ զգայուն խառնուածք մը, որ ամէն ինչ այլ կերպ կ՛ազդէ իր վրայ ու այդպիսով կը նկարէ: Իմ ուսուցիչս եղած է Մկրտիչ Թամարեանը, որ թիֆլիսահայ նկարիչ էր  եւ միաժամանակ` տաղանդաւոր մանկավարժ: Ան իմ մէջս բացայայտած է նկարչութիւնը:

Շատ քիչ  կը պատահի,  որ լաւ նկարիչը նաեւ լաւ մանկավարժ ըլլայ:  Այդ երկուքը միմեանց հետ դժուար համատեղելի են:

 

Հ.- Այսօր  ալ դուք,  նկարչութեանը զուգահեռ, նաեւ մանկավարժութիւն կ՛ընէք:  Ի՞նչ կու տայ մանկավարժութիւնը, շփումը` նոր սերունդի հետ:

3-12-15_27Պ.- Նախ այս ակադեմիային մէջ Նկարիչներու միութեան լաւագոյն նկարիչները հաւաքուած են, իրարու հետ կը շփուինք: Իսկ նոր սերունդի հետ շփումը կը լիցքաւորէ, կը թարմացնէ: Նոյնը չէ պարագան, երբ քու արուեստանոցիդ մէջ նստած` կը նկարես, եւ երբ կու գաս համալսարան, ուր նոր սերունդն է, նոր միտքերով, թարմ մտածողութեամբ: Դուն իրենց բան մը ունիս տալու, իրենք քեզ նոյնպէս բան մը կու տան:  Չես կրնար առանձին մնալ, փակուած նկարել, հո՞ միջնադար չէ:

 

Հ.- Կա՞ն լաւ երիտասարդներ:

Պ.- Ի հարկէ՛: Հայկական տաղանդը, ոգին, կարողութիւնը չեն մեռնիր, հայի ոգին    20-րդ դարու ծինն է: Հայի  հանճարով օժտուած ջիղը   հրաշքներ կը գործէ: Ժամանակ է պէտք, պէտք է  սպասել: Վերջերս հեռատեսիլով տեսայ, որ քանատահայ աղջիկը երիկամներու  ծանր հիւանդութեան բուժման համար բուժիչ սարք հնարած է, որ տնային պայմաններու մէջ տիալիզ կ՛ընէ, մինչ այդ նոյն ծառայութիւնը շատ սուղ է հիւանդանոցին մէջ: Միայն տաղանդաւոր ազգը կրնայ նման յօրինումներ ընել:

 

Հ.- Ատիկա` գիտութեան բնագաւառին մէջ, իսկ արուեստի ասպարէզին մէջ կա՞ն:

Պ.- Կա՛ն, ամէն տեղ ալ կան: Ես չեմ ուզեր որեւէ մէկ ազգի երեխայի թերագնահատել, բայց մեր երեխաները շատ տաղանդաւոր են, աւելի ընկալունակ են, աւելի  ստեղծագործող են: Միայն թէ բարենպաստ միջավայր ըլլայ անոնց համար: Միջավայրն ալ կարեւոր կը դառնայ:

 

Հ.- Բայց մեր երիտասարդները կ՛ուզեն դուրս երթալ, Հայաստան մնալ չեն ուզեր:

Պ.- Արտագաղթն, անշուշտ, արդարացուած չէ, արդարացուած չէ Հայաստանէն հեռանալը, բայց այսօր աշխարհը դարձած է միատարր`  շնորհիւ կապի միջոցներու, որոնք մարդիկը կը մօտեցնեն իրարու:  Հիմա արդէն դժուար է ըսել` ո՞ւր կ՛ապրիս, եթէ անընդհատ տեղաշարժուելու եւ անընդհատ  կապի հնարաւորութիւն կայ:

 

Հ.- Հայաստանի մէջ նկարիչները  համախմբուա՞ծ են:

3-12-15_8Պ.- Ո՛չ: Իւրաքանչիւրը իր ստեղծագործութեամբ զբաղած է: Մենք այստեղ` համալսարանին մէջը կը տեսնենք լաւագոյն քանի մը հոգուն, բայց ասկէ դուրս  չկայ համախմբում: Գիտէք` նախանձի հարց ալ կայ: Ամէն մարդ չէ, որ կրնայ մարսել միւսի յաջողութիւնը, լաւ գործերը:  Բայց եթէ արուեստագէտը  տաղանդաւոր է, ան չի նախանձիր, ինքն իր արժէքը գիտէ, միւսին արժէքն ալ գիտէ: Վերջաւորութեան ամէն մարդ ալ իր արժէքը գիտէ:   Մեր իրականութեան մէջ, այս արուեստի դաշտին մէջ   սուտի վրայ հիմնուած շատ  բաներ կան:  Շատ մարդոց քով սուտն արդէն ճշմարտութիւն դարձած է,  եւ այդ սուտը կը խանգարէ ստեղծագործել:

 

Հ.- Հոգեւոր, կրօնական  նիւթերով նկարչութեանը ինչպէ՞ս կը վերաբերիք:

Պ.- Ես ալ ըրած եմ:  Հոգեւոր նիւթերով  նկարներ ունիմ,  «Խորհրդաւոր ընթրիք» ալ ըրած եմ, այլ նիւթեր ալ ըրած եմ, բայց իմ մօտեցումս քիչ մը տարբեր է, տարօրինակ մօտեցմամբ նկարած եմ: Լաւ կը վերաբերիմ, շատ նկարիչներ նկարած են հոգեւոր թեմաներ, նայած` ի՛նչ հայեացք ունիս, ի՞նչ կերպ կը մօտենաս: Մօտեցումէ կախեալ է:

 

Հ.- Պարո՛ն Գրիգորեան, օրերս լրացաւ Մինաս Աւետիսեանի մահուան 40-ամեակը: Դուք այն սերունդին կը պատկանիք, որ ճանչցած էք Մինասը: Ի՞նչ կրնաք ըսել անոր ողբերգական մահէն այսքան տարի ետք, ան արժեւորուա՞ծ է, աշխարհին մէջ գտա՞ծ է իր տեղը:

Պ.- Աշխարհին մէջ` ո՛չ: Ան ճանչցուած չէ:  Միջազգային  ճանաչումն այսօր   նշանաւոր աճուրդներուն  մէջ ունեցած նկարներով կը գնահատուի, եթէ այդ գիները անընդհատ կը բարձրանան:  Մինասը այդ շրջանակներուն մէջ չկայ: Շատ քիչ հայ անուններ կան` Այվազովսքի կայ, Կորքի կայ, Սարեան կայ: Բայց Հայաստանի մէջ Մինասն ունեցաւ իր փառքը, այդ ալ իր կողքը գտնուող արուեստաբանները ըրին, ինքն ալ դէմ չէր: Ինք, անշուշտ, տաղանդաւոր էր, բայց ինք պէտք չէ տրուէր փառքի այդ ալիքին, պէտք էր իր մէջը ուժ գտնէր` վեր բարձրանալու այդ ամէն ինչէն,  գնալու իր ճամբով, գուցէ տարբեր  ըլլար իր ճանաչումը: Արուեստաբանները դեր ունին նկարչի մը անունի համար, կրնան ե՛ւ լաւ, ե՛ւ վատ ազդեցութիւն ունենալ անուան համար:  Եւ մի՛ կարծէք, թէ անընդհատ խօսելով միշտ  ատիկա դրական կ’ըլլայ:

Մինասն, անշուշտ, իր նկարչութամբ իր ազդեցութիւնն ունեցաւ սերունդի մը համար, բայց  Յարութիւն  Կալենցն ալ իր ազդեցութիւնն ունեցած է իր ժամանակակիցներուն  վրայ, եւ Կալենցն ալ, որ Պէյրութէն եկաւ Հայաստան,   պակաս նկարիչ չէր: Նոյնն է  Սարեանի  եւ   Կոջոյեանի պարագային: Կոջոյեանը բանով մը չի զիջիր Սարեանին, բայց այսօր    Սարեանի անունն աւելի բարձր է:  Ես կը  կարծեմ, որ ժամանակն ինքը  այս ամէն հարցերը կը սրբագրէ, արժանիներուն ալ իրենց տեղը կը դնէ: Ես ձեզի ըսեմ, որ ճանչցուած ըլլալը միշտ չէ, որ տաղանդի նշան է: Այդ տարիներուն կար Օննիկ Մինասեան անունով նկարիչ, ան  ակադեմիան փայլուն  աւարտած նկարիչ էր, շատ շնորհքով, «Ցար» կ’ըսէին իրեն, 1960-ականներուն,  երբ քննարկումներ կ՛ըլլային ցուցահանդէսի մը առթիւ, ինքը գրաբարով Նարեկացի կ՛արտասանէր, բազմակողմանի զարգացած նկարիչ էր, բայց իր անունը  ստուերի  մէջ է:

 

Հ.- Գործը ճիշդ  կազմակերպելու հա՞րց է, թէ՞ այլ հարց մը կայ:

Պ.- Բախտի հարց է նաեւ: Բախտը շատ կարեւոր է:  Միշտ չէ, որ բախտը շնորհալի նկարչի կողքին է,  երբեմն նկարիչը կ՛աշխատի, կը ստեղծէ, կ’արարէ,  իսկ բախտն իր քովէն կ՛անցնի:

Արուեստաբանութիւնն ալ իր դերն ունի: Այսօր մեր արուեստաբանութիւնը վատ վիճակի մէջ է: Ատիկա շատ խոր մասնագիտութիւն է, եւ այդ ասպարէզին մէջ չկան անուններ: Իգիթեանի բացակայութիւնը զգալի է. ան բնազդով կը զգար տաղանդաւոր նկարիչը:  Այս համալսարանն ալ շատ ընելիք ունի  արուեստաբան պատրաստելու գործին մէջ:

 

Հ.- Ի՞նչ նկարիչներու անուններ կու տաք այսօր, որոնք մնացած են ձեր ըսած հաւատարիմ սկզբունքներուն եւ չեն զիջիր իրենց նախկին տեղը եւ ինչպէ՞ս կը գնահատէք ժամանակակիցները:

Պ.- Կան անուններ մեր սերունդէն, ամէնքը պիտի չկարենամ յիշել` Ռոպերթ Էլիբեկեան, Միքայէլ Յովհաննիսեան, Ժորա Հայրապետեան, շատ են:  Իսկ երիտասարդներուն ալ միշտ չէ, որ կը հասկնամ: Անոնք, որոնք անկախութենէն առաջ  քիչ մը կիսաիրական ոճով կը նկարէին, անկախութենէն ետք անցան լրիւ վերացականութեան: Այն առաջին տարիներուն ցուցահանդէս մը եղաւ, տեսանք, որ անշնորհք նկարներ են, յետոյ կամաց-կամաց հասկցան, որ վերացական նկարչութիւնն ալ իր օրէնքները, իր լրջութիւնը ունի, Աստծոյ ձեռքը  գլխիդ պիտի ըլլայ: Պարզապէս երիտասարդները մեզմէ քիչ մը աւելի աշխուժ են, աւելի շատ կ՛երթան-կու գան: Ես, օրինակ, երբեք իմ գործերս չեմ կազմակերպած, կը հրաւիրեն, կ՛երթամ, չեն հրաւիրեր` տեղէս չեմ շարժիր: Իմ բոլոր ցուցահանդէսներն ալ այդպէս եղած են:

Իսկ խորհրդային տարիներուն համակարգն ինք կը կազմակերպէր քու կեանքդ: Այնպիսի տարիներ, ինչպիսիք, ըսենք, այս տարին է` Ցեղասպանութեան կամ այլ առիթի  կլոր տարին, մենք պարապ չէինք ըլլար, մեզի պատուէրներ կու տային,  կը նկարէինք այդ տարուայ նիւթով: Ատիկա ե՛ւ նկարչին պահելու ձեւ էր, ե՛ւ նկարը պետական ցուցասրահներու, թանգարաններու, ֆոնտերու մէջ մնալու միջոց մըն էր: Մենք այն ժամանակ ոչ մէկ խնդիր ունէինք` ո՛չ բնակարանի, ո՛չ արուեստանոցի, ո՛չ ճամբորդութեան   եւ հանգստի… Ցաւալի է, բայց մեր երկիրը երբեք արուեստի հանդէպ այսքան անտարբեր չէ եղած: Բայց յուսամ` ամէն ինչ իր տեղը կու գայ, այս ալ կ’անցնի:

 

Հ.- Ի՞նչ ըսելիք ունիք լիբանանահայերուն:

Պ.- Կը սպասեմ անոնց հետ հանդիպումիս: Գիտեմ, որ Միջին Արեւելքի մէջ անոնք միշտ առանձնացած են իբրեւ իւրայատուկ  արուեստասէրներ, եւ իմ այս ցուցահանդէսս ալ առիթ պիտի ըլլայ` արուեստով կրկին ապրելու, հաղորդակից ըլլալու:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Պատմական Մալաթիայէն Ի՞նչ Մնաց

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.