Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ներքին Եւ Արտաքին Մարտահրաւէրներ

March 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Վերջին շաբաթներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ապացոյց մըն են իշխանութեան որդեգրած քաղաքականութեան:

Ընդդիմութիւնը տարանջատելու եւ կամաց-կամաց անգլուխ ընդդիմութիւն մը ունենալու ճիգը յաջողեցաւ բոլոր մակարդակներու վրայ: ՀԱԿ-ը, Ժառանգութիւն եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնները փաստօրէն ղեկավարի, ռազմավարութեան եւ կարգախօսի հարց ունին: Հայաստանի ժողովուրդը զգալով եւ գիտակցելով հարցին էութեան` այլընտրանքի շփոթ վիճակին բնականաբար անորոշ վիճակի մատնուած է, ասիկա ազդած է անոր թափին եւ երազի իրականացման վրայ:

Մարտ 5-ի ԲՀԿ-ի ժողովը եկաւ ամբողջովին նոր իրավիճակ մը ստեղծելու: Պիտի մնան փոքր-փոքր ընդդիմադիրներ, որոնք այսօրուան իշխանութեան կարելիութիւններուն եւ լծակներուն մէջ անզօր են:

Ժողովրդային շարժումներն ալ իրենց պտուղը չեն տար այլեւս, որովհետեւ բազմիցս հաւաքուած, սակայն յստակ նպատակի մը չհասնող այդ հաւաքները յուսահատութեան եւ հիասթափութեան մթնոլորտ մը ստեղծած են բոլոր մակարդակներու վրայ:

Ուքրանիոյ դէպքերը, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական ահաբեկչական մթնոլորտը, մասնաւորապէս շրջանային հարցերը փաստօրէն թոյլ չեն տար այսօր Հայաստանի մէջ քաղաքական իշխանութեան փոփոխութեան կամ բարելաւումի գործընթացի մը սկսման:

Ամէն բան եղածին պէս ձգելու լուռ յորդոր մը կայ: Անշուշտ այդ մէկը կամաց-կամաց կը բացայայտուի ընդդիմութեան ղեկավարներու անզօր եւ շփոթ վիճակէն: Պահանջուածը նոյն վարչակարգի թեթեւ փոփոխութիւններով շարունակութիւնն է: Տարբեր ձեւերու դիմողները սկիզբէն դատապարտուած են ձախողութեան:

Ուրեմն չինական առածին հետեւելով, պէտք է սպասենք, որ հարցը ինքնիրեն հասուննայ: Տարբեր ձեւերը արդիւնք չեն տար, որովհետեւ որոշուած է, որ չտան:

Ժողովուրդը եւս յոգնած է. եւ փաստօրէն տարուէ տարի հաւաքական յուսահատութիւններ կ՛ապրի եւ իր մորթին վրայ ո՛չ բարեփոխութիւն կը զգայ, ո՛չ ալ` վարդայեղեղ արշալոյս:

Այսօրուան պայմաններու մէջ առայժմ ամէն բան սառեցնելու եւ Եղեռնի 100-ամեակը ոգեկոչելու ընթացք մը պիտի տիրէ: Մայիսին կը շարունակուի քաղաքական գործընթացը: Վստահ եմ, որ մինչ այդ Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ ընդդիմութեան, շրջանային եւ Միջին Արեւելքի քաղաքական ռազմական եւ տնտեսական հարցերը նոր ոլորտի մը մէջ կը մտնեն:

Վերջապէս այս բոլոր իրադարձութիւններուն զուգահեռ մենք այսօր Արցախի մէջ փաստօրէն կ՛ապրինք պատերազմական ճգնաժամ, եւ մեր բանակը ամէն օր կը դիմադրէ թշնամիին:

Նախորդ տարուան օգոստոսէն սկսեալ մինչեւ այս տարուան յունուարը նոր թափ առած չյայտարարուած պատերազմի մը դէմ յանդիման կը գտնուինք: Երկար եւ մաշեցնող այս ճանապարհը օրէ օր աւելի դժուար կը թուի բոլորիս: Այս իմաստով պէտք է զգօն ըլլանք արտաքին ճակատի վրայ:

 

Նախորդը

Եկէ՛Ք՝ Քոնկրեսէն Վռնտենք Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Պիլ Շուսթըրը

Յաջորդը

«Անբաղձալի» Ասպարէզի Մը Հետքերով (Ուսուցչաց Տօն)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.