Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճանչնանք Էնքաները

March 7, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անոնց քաղաքակրթութեան հարստութեան ու շքեղութեան մասին բազմաթիւ առասպելներ յօրինուած են 16-րդ դարէն ի վեր, երբ սպանացի նուաճողները կը հասնին անոնց հայրենիքը: Սակայն որո՞նք էին իսկապէս «Արեւու զաւակները»:

Էնքա քաղաքակրթութիւնը կը ծնի 13-րդ դարու սկիզբը, Քուսքոյի մէջ, Փերու: Ապա ան կը տարածուի Խաղաղական ոսկիանոսի եւ Անտեան լեռներուն երկայնքին, Հարաւային Ամերիկայի արեւմուտքը, մէկ-մէկ իրենց իշխանութեան տակ առնելով միւս ցեղախումբերը:

Երբ ան կը հասնի իր գագաթնակէտին, էնքաներու կայսրութիւնը կը համախմբէ մօտաւորապէս 10 միլիոն մարդ: Ան մաս կը կազմէ 15-րդ դարուն եւրոպացիներուն նուաճումներէն առաջ գոյութիւն ունեցող երեք մեծ քաղաքակրթութիւններուն: Միւս երկու քաղաքակրթութիւնները` ալթեք  եւ մայա, կը գտնուին աւելի հարաւը: Կայսրը կը կոչուի պարզապէս «էնքան» ան կը համարուի արեւուն որդին, ան կենդանի աստուած մըն է:

Կայսրութեան Մը
Վերջաւորութիւնը

3-7-15_inca-43-7-15_inca-3Սպանացի նուաճողները Փերու կը հասնին Ֆրանսիսքօ Փիզզարոյի ղեկավարութեան տակ: Հոն արդէն տեղի կ՛ունենայ կայսրութիւնը քայքայող քաղաքացիական պատերազմ մը:

1532 թուականին Փիզզարօ կ՛օգտուի Աթահուալփա կայսրին հետ իր հանդիպումէն եւ զայն կը ձերբակալէ: Էնքան կ՛անդրադառնայ, որ սպանացիները շատ հետաքրքրուած են յարգի մետաղներով. հետեւաբար ան կ՛առաջարկէ իր ազատ արձակումը աներեւակայելի փրկագինի փոխարէն: Իր հրամանին հետեւելով` իր հպատակները թոներով ոսկի եւ արծաթ կը բերեն կայսրութեան չորս կողմերէն: Տաճարները կը պարպուին:

Հակառակ այս մեծ հարստութեան նուիրատուութեան` Փիզզարօ զայն կը սպաննէ, 1533 թուականին:

Սպանացիները կ՛ընդարձակեն իրենց գրաւած տարածքները` էնքաներուն պատճառելով փայլուն քաղաքակրթութեան մը անկումը:

Էլտորատոյի
Առասպելը

Սպանացի նուաճողները Հարաւային Ամերիկայի մէջ կը փնտռէին ոսկիով հարուստ առասպելական վայր մը` նշանաւոր «Էլտորատօ»-ն (սպաներէնով` ոսկի): Այս առասպելը ներշնչուած էր Քոլոմպիա ապրող շիպշայ հնդիկներուն սովորութենէ մը: Անոնք սովորութիւն ունէին իրենց թագաւորը ծածկել ոսկիի փոշիով անոր թագադրութեան ընթացքին, եւ ապա անոնք նուիրատուութիւնները կը նետէին սուրբ լիճի մը մէջ, ուր ան կը լուացուէր:

3-7-15_inca-5

Հարաւային Ամերիկայի Մէջ

Փերուի մէջ, 15-րդ դարուն, էնքաները շինած են Մաչու Փիչուի անուանուած քաղաքը Փաչաքութեք կայսրին համար: Քաղաքը կը գտնուի 2430 մեթր բարձրութեան վրայ, գահավէժ ժայռերով նեղ բլուրի մը վրայ: 2007 թուականին էնքաներու հանճարին խորհրդանիշը ընդունուեցաւ  իբրեւ աշխարհի 7 նոր հրաշալիքներէն մէկը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ:

Աշխարհի ամէնէն բարձր բնակուած վայրը, Թիպէթէն ետք, Ալթիփլանոն է: Այս դաշտագետինը կը գտնուի Անտեան լեռներուն կեդրոնը` Արժանթինի, Փերուի, Չիլիի եւ յատկապէս Պոլիվիոյ մէջ:

3-7-15_ameriga-2Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն մեծ լիճը Թիթիքաքա լիճն է, որ աշխարհի ամէնէն բարձր լիճն է, ուր կարելի է նաւարկել: Անիկա կը գտնուի Անտեան լեռներուն վրայ եւ կը գծէ Պոլիվիօ եւ Փերուի միջեւ սահմանը` աւելի քան 3800 մեթր բարձրութեան վրայ: Անոր անունը եկած է «Թիթի խար՛քա»-էն, որ կը նշանակէ` քարէ փուման (յովազ). ըստ հոն բնակող այմարա ժողովուրդի աւանդութեան, հոն խեղդուած յովազները քարէ արձաններու վերածուած են լիճին մէջ: Անոնք կազմած են 41 կղզիներ, ինչպէս` «Արեւու կղզին», որ սուրբ էր էնքաներուն համար: Ըստ անոնց, գանձ մը կը գտնուի լիճին յատակը, մօտաւորապէս 300 մեթր խորութեան վրայ:

3-7-15_ameriga-3Թիթիքաքայի լիճին վրայ այմատա եւ քեչուա ժողովուրդները կ՛ապրին աշխարհին մէջ իւրայատուկ կղզիներու վրայ: Անոնք շինուած են ջերմիի փայտէ գերաններու վրայ: Ամբողջ մնացածը` գետինը, տուները, դպրոցները շինուած են ծփացող մորենիէ, որոնք նաեւ կ՛ուտուին: Բնակիչները լիճին վրայ կը շրջին թոթորայով (հիւսուած եղէգներ) շինուած նաւակներով:

Ըստ առասպելին, լիճի կղզիներուն առաջին բնակիչները` ուրոսները, վեց մատներ ունէին: Ներկայիս անոնց որդիները կ՛ապրին լամաներ պահելով, ինչպէս նաեւ` ձկնորսութեամբ եւ զբօսաշրջութեամբ:

 

Մանչերն Ու Աղջիկները
Տարբե՞ր Ուղեղներ Ունին

Ոչինչ կը փաստէ այս ենթադրութիւնը: Ընդհակառակը, գիտնականները կը հաւատան, որ մանչեր եւ աղջիկներ իրարու նման ուղեղ ունին, եւ որովհետեւ անոնք պարզապէս տարբեր ձեւով դաստիարակուած են, անոնք կը հաւատան, թէ տարբեր են:

Օրինակի համար, դասարանի մը մէջ ուսուցիչ մը աշակերտներուն տուած է վարժութիւն մը` ըսելով, որ ատիկա երկրաչափական վարժութիւն մըն էր. մանչ աշակերտները աւելի լաւ արդիւնքներ արձանագրած են: Այդ նոյն վարժութիւնը ուրիշ աշակերտներու տրուած է` ըսելով, թէ անիկա գծագրութեան վարժութիւն մըն է:

Այս պարագային աղջիկները աւելի լաւ արդիւնքներ ստացած են… մինչ երկու խումբերուն պարագային նոյն վարժութիւնը տրուած էր: Մեր ուղեղը երբեմն կը սիրէ մեզի հետ խաղալ…

 

Արեւը Աս՞տղ Մըն Է

Այո՛, արեւը բաւական հասարակ եւ ոչ շատ մեծ աստղ մըն է: «Արեւ»-ը պարզապէս անոր անունն է: Երկինքին մէջ մեր տեսած իւրաքանչիւր աստղ արեւ մըն է, եւ կարգ մը աստղեր մեզի ծանօթ արեւէն շատ աւելի մեծ են:

Մենք չենք գիտեր, թէ որքան աստղեր կան տիեզերքին մէջ, հաւանաբար` միլիառներով եւ միլիառներով:

 

Աշխարհի Ամէնէն
Մեծ Լողաւազանը

 

3-7-15_loghavazanԻտալիոյ մէջ բացումը կատարուած է աշխարհի ամէնէն խորունկ լողաւազանին: Անիկա ունի 42 մեթր խորութիւն եւ շինուած է Մոնթեկրոթթայի տաք ջուրերուն մէջ. հոն ջուրը բնականօրէն տաք է 32-34 աստիճանի միջեւ:

Լողաւազանը կը ծառայէ իբրեւ փորձի վայր սուզորդներու համար. սակայն հոն կան նաեւ քարայրներ` փորձեր կատարելու համար: Շարժապատկերներ արտադրողներ ալ արտօնութիւն ստացած են ժապաւէններու տեսարաններ նկարելու ջուրին տակ, որովհետեւ անիկա շատ լուսաւոր է:

 

Եւրոպայի Շուրջ Մէկ Օրէն

Արդեօք անկարելի՞ է տասնեակ մը երկիրներ այցելել 24 ժամէն: Երեք նորվէկիացիներ այս մարտահրաւէրը ընդունած են: Ճիշդ 23 ժամ եւ 33 վայրկեանէն, բաղնիք մտնելու համար դադարներն ալ հաշուելով, այս երեք ճամբորդները այցելած են 19 երկիրներ: Այս «քաջագործութիւնը» իրականացնելու համար անոնք վարձած են երկու ինքնաշարժ եւ մէկ անգամ` օդանաւով ճամբորդած:

 

 3-7-15_mona-lisaՈ՞վ Է Մոնա Լիզա, Լէոնարտօ Տա Վինչիի
Ժոքոնտայի Գեղանկարին Մէջ Ներկայացուած Կինը

Մոնա Լիզայի անունը Լիզա Ժերարտինի էր: Ան կը բնակէր Ֆլորանսի մէջ, ուր ծնած էր 1479 թուականին: Ան ունէր վեց զաւակ: Անոր ամուսինը, որ կերպասի վաճառական էր, Լէոնարտօ Տավինիչիին ապսպրած էր իր կնոջ դիմանկարը: Հակառակ ստեղծուած տպաւորութեան` անոնք շատ հարուստ չէին: Հետաքրքրական մանրամասնութիւն մը. Մոնա Լիզա գեղանկարին մէջ ունէր յօնքեր եւ թարթիչներ. սակայն անոնք հանուեցան, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին նորոյթ էր զանոնք հանելը:

 

 Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1-72` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1-72` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պուպրիկներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պուպրիկներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել գետին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել գետին հասցնող ճամբան:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Մարտ 1965)

Յաջորդը

Երկնայինը Թումանեանի Քառեակներուն Մէջ

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.