Լիբանանցի գործարարներ երկրի երկրագործութեան նախարարին գլխաւորութեամբ պիտի այցելեն Հայաստան` ծանօթանալու գիւղատնտեսութեան մարզի ներդրումային կարելիութիւններուն: Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանի եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժան Մաքարոնի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ այս հարցը:
Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին նախարարը գոհունակութիւն յայտնած է գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ներկայ մակարդակին վերաբերեալ: «Մենք շատ բարձր կը գնահատենք ձեր ջանքերը` հայ-լիբանանեան բարեկամական կապերու ամրապնդման առումով, որովհետեւ Լիբանանը մեզի համար շատ կարեւոր գործընկեր մըն է, որ ունի նաեւ հայկական մեծ համայնք», նշած է նախարարը:
Դեսպան Մաքարոն իր կարգին նախարարին փոխանցած է Լիբանանի երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի ողջոյնն ու յառաջիկային Լիբանան այցելելու հրաւէրը` երկրին գիւղատնտեսական նորութիւններուն ծանօթանալու համար: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ լիբանանեան ընկերութիւններէն մէկը փափաք յայտնած է բարեսիրական նպատակներով Աշտարակ քաղաքին նուիրել շուրջ 20 հազար եղեւնիի տնկիներ, որոնց համար արդէն յատկացուած է հողատարածք:
Նշելով, որ յառաջիկային կը նախատեսուի Լիբանանի գիւղատնտեսութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութեան Հայաստան այցելութիւնը: Մաքարոն դիտել տուած է, որ անոր մաս պիտի կազմեն շուրջ 50 լիբանանցի գործարարներ: Դեսպանը համոզում յայտնած է, որ այցելութիւնը հրաշալի առիթ կրնայ հանդիսանալ գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ հայ-լիբանանեան նոր գործարար կապերու հաստատման եւ դէպի Հայաստան լիբանանեան դրամագլուխի ներհոսքին համար:
Նախարար Կարապետեան նոյնպէս ընդգծած է նմանատիպ այցելութիւններուն կարեւորութիւնը երկրագործական մարզին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու խթանման համար եւ շեշտած, որ իբրեւ ներդրման հաւանական ուղղութիւն առաջնահերթ կը նկատուի անասնապահութեան մարզը եւ մասնաւորաբար ոչխարաբուծութիւնն ու թռչնաբուծութիւնը:
Հանդիպման աւարտին նախարարը անգամ մը եւս պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցութիւն ցուցաբերելու հայ-լիբանանեան փոխադարձ գործակցութեան խորացման եւ ընդլայնման:


