Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սէուտական Արաբիա Կ՛ուզէ, Որ Եգիպտոսի Հետ Հաշտութիւն Գոյացնենք» Կ՛ըսէ Էրտողան

March 6, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էրտողան եւ Սալման թագաւոր
Էրտողան եւ Սալման թագաւոր

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռիատէն Անգարա ուղեւորութեան ընթացքին «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիա կ՛ուզէ, որ Թուրքիա Եգիպտոսի հետ հաշտութիւն գոյացնէ եւ այդ հարցը Անգարայի եւ Ռիատի միջեւ միակ տարակարծութիւնն է: Նշենք, որ Էրտողանէն մէկ օր առաջ Ռիատ այցելած էր Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորը Անգարայի եւ Գահիրէի միջեւ միջնորդութիւն կատարելու որեւէ փորձ կատարա՞ծ է, Էրտողան ըսաւ. «Անշուշտ անոնք կ՛ուզեն, որ Թուրքիա Եգիպտոսի հետ բարձրագոյն մակարդակի վրայ հաշտութիւն գոյացնէ: Անշուշտ անոնք այդ մէկը կ՛ուզեն, սակայն չեն պնդեր»:

Էրտողան յայտնեց, որ Սալման թագաւորին հետ հանդիպումին ընթացքին եգիպտական կառավարութեան վերաբերեալ թրքական կառավարութեան վերապահութիւնները յայտնած է, բայց նաեւ աւելցուց, որ «Եգիպտոսի ներկայութիւնը երբեք չենք կրնար անտեսել»` ընդգծելով շրջանային կայունութեան եւ խաղաղութեան մէջ անոր կարեւորութիւնը:

«Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա: Այս եռեակը շրջանի ամէնէն կարեւոր երկիրներէն կազմուած է: Շրջանին խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հարցով մեր բոլորին ուսերուն պարտաւորութիւններ կան: Եթէ բոլոր երկիրները գիտակցին իրենց պարտականութեանց, կը հաւատամ, որ աւելի դիւրին արդիւնքներու կը հասնինք», ըսաւ Էրտողան:

«Մեզի համար իսկական հարցը Թուրքիա-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւնները աւելի լաւ մակարդակի բարձրացնելն է: Եգիպտոսի հարցը պէտք չէ Սէուտական Արաբիոյ հետ մեր յարաբերութեանց վրայ ազդէ», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ, որ շրջանի գրեթէ բոլոր երկիրներուն, ներառեալ` Իրանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Լիպիոյ նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը կը համընկնի Թուրքիոյ մօտեցումին, բացառութիւն է Եգիպտոսի պարագան:

«Հակառակ Եգիպտոսի վերաբերեալ տարակարծութեանց, անոնք չեն գտնուիր այնպիսի մակարդակի մը վրայ, որ կարենան ազդել մեր երկկողմանի յարաբերութեանց վրայ», աւելցուց Էրտողան:

 

Նախորդը

Օպամա Մէկ Տարիով Երկարաձգած Է Ռուսիոյ Դէմ Որոշ Պատժամիջոցներու Ժամկէտը

Յաջորդը

Ֆայսալ. «Իրան Կը Բռնագրաւէ Իրաքը»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.