Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտական Փաստաթուղթեր` Թուրքերու Կողմէ Հայերուն Դէմ Կատարուած Ջարդերուն Մասին

March 6, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

021215egyptԵգիպտացի նշանաւոր  լրագրող Մոհամետ Լէյթի Հայոց ցեղասպանութեան մասին հարցազրոյց մը կատարած է Գահիրէի համալսարանի դասախօսներէն դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաթի հետ:

Ըստ «Հայերն այսօր»-ի, Ռիֆաթ կը բացայայտէ եգիպտական օրաթերթերուն մէջ տպագրուած եւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրները, սկսած 19-րդ դարու վերջերէն, մինչեւ 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը:

Ան կը նշէ, որ կան Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւրոպական երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու կողմէ իրենց արտաքին գործոց նախարարներուն ուղարկուած միլիոնաւոր փաստաթուղթեր, ուր բացայայտ կերպով, ժամ առ ժամ, ներկայացուած են հայերուն հանդէպ հալածանքներն ու բռնութիւնները, առեւանգումներն ու բռնաբարումները, ջարդերն ու կոտորածները:

«Ինչպէս միւս արաբական երկիրներուն, այնպէս ալ Եգիպտոսի մէջ կան բազում հազարաւոր փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն թուրքերուն գործած ոճիրը. բազմաթիւ են այն օրաթերթերը, որոնք oրը օրին նշած են հայոց կոտորածները, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասան 1915-ի Ցեղասպանութեան արհաւիրքով: Բաւական է միայն թղթատել նշանաւոր «Ահրամ» օրաթերթի 5 օգոստոս 1876-էն մինչեւ Լոզանի դաշնագիրի` 1923-ի թիւերը, եւ այնտեղ տեսնել ու ըմբռնել հայերուն հանդէպ իրագործուած մեծ աղէտը: Այս թերթին ազատատենչ յօդուածագիրները այնտեղ բարձրաձայնած եւ բնութագրած են այդ անմարդկային արարքները` հայ ժողովուրդին հանդէպ, որոնք ոչ միայն համապատասխան չեն իսլամ կրօնին, այլեւ դատապարտելի են իսլամներուն կողմէ: Չմոռնալ նաեւ, որ Եգիպտոսի «Ազհար» սրբակեդրոնը դատապարտած էր 1909-ի հայերու կոտորածները», կ՛ըսէ Ռիֆաթ:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ թրքական կառավարութիւնները ինչպէ՞ս փորձած են թաքցնել Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, դոկտ. Ռիֆաթ կ՛ըսէ, որ սկիզբէն իսկ` 1919-ին, «Իթթիհատ վէ թարաքքը» կուսակցութեան պարագլուխներու դատավարութեան ժամանակ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը ի՛նք ճանչցած է հայերուն դէմ կատարուածը, եւ այս խոստովանութիւնը հրատարակուած է Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնաթերթի յուլիս 22, 1919-ի յաւելուածին մէջ:

«Սակայն անկէ ետք թրքական իրերայաջորդ կառավարութիւնները գործադրած են հսկայական ջանքեր` թաքցնելու համար այդ ոճիրը` թրքացնելով հայոց հողերն ու հրաշքով փրկուած իրենց հողերուն վրայ մնացած հայերը», կ՛աւելցնէ ան:

Դոկտ. Ռիֆաթ կ՛ըսէ նաեւ, թէ 1894-1896 համիտեան ջարդերէն փրկուած բազմաթիւ հայեր հիւրընկալուած են Եգիպտոսի մէջ, իսկ անկէ ետք` 1915-ի սեպտեմբերին, Փոր Սայիտ նաւահանգիստին մէջ Եգիպտոսը դիմաւորեց շուրջ 4500 մուսալեռցի հայեր, որոնք դիմադրելով թրքական բանակին` կրցած էին փրկուիլ եւ ֆրանսական նաւով մը հասնիլ Եգիպտոս. չմոռնալ նաեւ, որ 1924-ին Եգիպտոսի վարչապետ Սաատ Զաղլուլի հրամանով ընդունուեցան 1000 հայեր, որոնք ճակատագիրի բերումով հասած էին Երուսաղէմ եւ Յունաստան ու ցանկութիւն ունէին միանալու Եգիպտոս ապրող իրենց հարազատներուն:

Իսկ այն հարցումին, թէ Թուրքիոյ վրայ ինչպիսի՞ անդրադարձ կրնայ ունենալ Եգիպտոսի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, դոկտ. Ռիֆաթ կ՛ըսէ, թէ անկասկա՛ծ անիկա «դժոխքի դռները պիտի բանայ Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ», որովհետեւ անիկա կրնայ պատճառ դառնալ, որ արաբական եւ իսլամական այլ պետութիւններ եւս ճանչնան Ցեղասպանութիւնը:

Հարցազրոյցի աւարտին դոկտ. Ռիֆաթ կոչ կ՛ընէ Եգիպտոսի կառավարութեան, որ օր առաջ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան նաեւ կոչ կ՛ընէ Գահիրէի համալսարանի տնօրէնութեան` վերաբանալու հայագիտութեան ամպիոնը, որ փակուած էր նախկին վարչակազմին օրօք` Թուրքիոյ թելադրանքով, «որովհետեւ վայել չէ Միջին Արեւելքի ամենահին համալսարանին չունենալ նման ամպիոն», կ՛աւելցնէ Ռիֆաթ:

Նախորդը

Ֆրանսայի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը` Նռան Հիւթով Յարձակումի Թիրախ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Արգիլուած Է armeniangenocide100.org Կայքը

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։