Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Նեթանիահուի Ճառը

March 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

3-4-15_vahoԿարելի չէ այպանել այն դիտողները, որոնք Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին առջեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի արտասանած խօսքի ուղղակի սփռումին հետեւելու ընթացքին իւրաքանչիւր նախադասութենէ ետք քոնկրեսականներուն յոտնկայս ծափահարութիւնները տեսնելով պահ մը կարծեցին, որ խօսքը կ՛արտասանուի Քնեսեթին առջեւ: Անոնք վստահաբար անոր ետին կախուած ամերիկեան դրօշը տեսնելէն առաջ իսկ գիտակցեցան, որ այդ «թատերաբեմը» չի կրնար Քնեսեթը ըլլալ, որովհետեւ Նեթանիահուն, մանաւանդ ներկայ նախընտրական մթնոլորտին մէջ, այդտեղ դժուար թէ նոյնքան ջերմ ու խանդավառ ընդունելութեան արժանանայ:

Իսրայէլի վարչապետը իր արտասանած խօսքին մէջ շարունակ պնդեց, որ Իրանի հետ ներկայիս բանակցութեան սեղանին վրայ դրուած Թեհրանի հիւլէական թղթածրարի համաձայնութիւնը շատ վատ է, սակայն չներկայացուց այլընտրանք մը, այլ բաւականացաւ ըսելով, որ պէտք է գոյացնել աւելի լաւը, իմա՛` Իրանը հիւլէական ուժանիւթի օգտագործման իրաւունքէն զրկող համաձայնութիւն մը: Իբրեւ քաղաքագէտ` այդ ալ պետութեան մը ղեկավար, ան պէտք էր գիտակցէր, որ քաղաքականութիւնը կարելիին արուեստն է, իսկ բանակցութիւնը փոխզիջում կ՛ենթադրէ եւ ոչ թէ պայմաններու պարտադրում: Վերջինիս պարագային կը գործէ «Մի՛ ըլլար ուրագի պէս միշտ դէպի քեզ, միշտ դէպի քեզ, այլ եղի՛ր սղոցի պէս մէկ դէպի քեզ, մէկ դէպի մեզ»-ի կանոնը:

Նեթանիահուի խօսքերը հիմնաւորուած չէին եւ անոնց մէջ տիրական էր զգացականութիւնը` մանաւանդ երբ մատնանշեց Ողջակիզումի հարցը եւ խօսքի պարունակին ու առիթին չհամընկնող քայլով մը յանկարծ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ ժողովասրահին մէջ ներկայ է Ողջակիզումէն վերապրած, Նոպելեան մրցանակակիր Էլի Վիսելը, որ նստած էր Իսրայէլի վարչապետին կողակիցին կողքին: Ան նշեց, որ Ողջակիզումը երբեք պիտի չկրկնուի, որովհետեւ Իսրայէլ կրնայ ինքզինք պաշտպանել` այդպիսով տողատակի վերահաստատելով այն ոչ ճիշդ պնդումը, թէ հիւլէական զէնքի տէր Իրանը Իսրայէլի համար գոյութենական վտանգ է: Իսրայէլ հիւլէական զէնք ունի, եւ նոյնիսկ եթէ Իրան հիւլէական զէնք ունենայ, այդ մէկը պիտի չվտանգէ Իսրայէլի գոյութիւնը, այլ պիտի ստեղծէ Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանի Միացեալ Նահանգներ-Խորհրդային Միութիւն փոխադարձ ամբողջական ու հաստատ քանդումի բարենպաստ ահը, որ խորքին մէջ նախ եւ առաջ զսպիչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ յարձակողապաշտ Իսրայէլի վրայ:

Նեթանիահուի` Քոնկրեսին մէջ խօսք արտասանելու քայլը նաեւ կարելի է դիտել երկու շաբաթ ետք նախատեսուած Իսրայէլի խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւին ծիրին մէջ: Ընտրութեան արդիւնքը կախեալ է Իսրայէլի քաղաքացիներուն քուէներէն եւ ոչ թէ քոնկրեսականներու ծափերէն, ուստի յստակ չէ, թէ ընտրական գետնի վրայ դժուար կացութեան մատնուած Նեթանիահուն այս քայլով քանի՛ յաւելեալ քուէ պիտի ապահովէ:

Միակ յստակ եղողը հետեւեալն է. ըստ ամերիկեան սահմանադրութեան, նախագահին գոյացուցած որեւէ համաձայնութիւն պէտք է Ծերակոյտի անդամներուն երկու երրորդին հաւանութեան արժանանայ, եւ Քոնկրեսին մէջ Նեթանիահուի արտասանած ճառը Իրան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութեան հոլովոյթի ճիշդ այդ բաժինին վրայ ազդելու փորձ մըն էր: Այլ խօսքով` գործնական որեւէ առաջարկ չբովանդակող ճառին հետեւանքը ամերիկեան վարչակազմին հետ լարուածութիւն ստեղծելն էր, իսկ արդիւնքը` վերջինիս գործը դժուարացնելն է:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի 88-Ամեակի Իւրայատուկ Նշում

Յաջորդը

Միացեալ Յայտարարութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Իսլամական Մշակոյթի Եւ Յարաբերութեանց Կազմակերպութեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.