Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ամալ Շարժումի Մէկ Պատուիրակութիւնը

March 4, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-3-15_hht_amal1ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Մելիք Գարաքաւորեան եւ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ամալ շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ամալ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ժամիլ Հայեք, փոխնախագահ շէյխ Հասան Մասրի, երեսփոխան Հանի Քպայսի, Հասան Մալաք Ահմետ Ժումաա եւ Լեռնալիբանանի Ամալ շարժումի պատասխանատու Սայիտ Նասրէտտին եւ Մոհամետ Ժըպպաուի:

3-3-15_hht_amalՀանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ քննարկուած են ՀՅԴ-ի եւ Ամալ շարժումին միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք հեզասահ կերպով կը շարունակուին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հովանաւորութեամբ:

Ան աւելցուց նաեւ, որ քննարկուած են նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը, կառավարութեան աշխատանքը համախոհութեամբ շարունակելու անհրաժեշտութիւնն ու երկխօսութեան առաջնահերթութիւնը:

«Այս առումով Կեդրոնական կոմիտէն եւ Ամալ շարժումը հաստատեցին, որ լիբանանեան հարցերը լուծելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է: Մենք` իբրեւ կուսակցութիւն, երկխօսութեան ջատագով եղած ենք եւ մնայուն կերպով զօրակցած երկխօսութեան նախաձեռնութիւններուն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ խորհրդարանի նախագահ Պըրրի Լիբանանի մէջ երկխօսութեան պետն է», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Իր կարգին, Ժամիլ Հայեք յայտնեց, որ իրենք շնորհաւորած են ՀՅԴ Լիբանանի նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէն` աւելցնելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը լիբանանեան մակարդակի վրայ պատմութիւն ունեցող կուսակցութիւն է, իսկ լիբանանահայութիւնը սիրելի համայնք մըն է, որ ունի իր պատմութիւնն ու մշակոյթը, որ կը հարստացնէ Լիբանանի քաղաքակրթութիւնները, որոնք դժբախտաբար այսօր ահաբեկչութեան թիրախ կը նկատուին ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ:

«Այս հանդիպումը կարեւոր էր նաեւ հաստատելու համար փոխադարձ գործակցութիւնը, լիբանանեան պետութեան սկզբունքներուն նկատմամբ մեր անշեղ կեցուածքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն ի շահ գործելու յանձնառութիւնը», ըսաւ Հայեք:

Ան աւելցուց նաեւ, որ երկու կողմերը ընդգծած են լիբանանեան բանակին զօրակցելու նախանձախնդրութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ բանակը այս հանգրուանին ոչ միայն թշնամի Իսրայէլին դէմ կը պայքարի, այլ նաեւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ, որ կը միտի Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ցնցել:

Ասորիներուն դէմ գործուած բռնարարքներուն եւ սպանդին գծով իսլամական կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հայեք շեշտեց, որ բոլոր անոնք, որոնք կոչ կ՛ուղղեն ծայրայեղութեան եւ տգիտութեան, կը փորձեն համայնքային եւ ազգային պիտակներու տակ թոյն սրսկել եւ սպանդներ գործել:

«Պատմութիւնը կը վկայէ մարդկութեան սիրտը արիւնած դէպքերուն, իսկ լուծումը կը կայանայ ազգային եւ կրօնական սկզբունքներուն կառչած մնալուն մէջ: Մենք այս հաւատքով ու կամքով պէտք է շարունակենք` բացայայտելու համար շրջանին իսկական դիմագիծը, որ հիմնուած է բազմազանութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու հարստութեան վրայ», ընդգծեց Հայեք:

 

Նախորդը

«Ցեղասպանութիւնը Պատմական Աղէտ Մըն Է, Որ Միայն Հայ Ժողովուրդին Չի Պատկանիր» Ըսաւ Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Ա. Յովհաննիսեան. «Ամիսէ Ամիս Հակառակորդը Աւելի Կը Սրէ Իրավիճակը»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.