Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրատ Եթքին. «Հիւրրիյէթ». Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Պիտի Կարենա՞ն Յաղթահարել Հայկական Հարցի Փորձութիւնը

March 4, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Հիւրրիյէթ» ուշագրաւ անդրադարձ մը կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի խորապատկերի վրայ թուրք-ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւնները զարգացնելու հեռանկարին:

Յօդուածագիր Մուրատ Եթքին կը նշէ, որ` «թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները Հայկական հարցին հետ, կապուած բազմաթիւ խոչընդոտներ յաղթահարած են»: Հեղինակը կը վերյիշէ երկու պետութիւններուն միջեւ թերեւս ամէնէն լարուած պահը` 2007 թուականը, երբ Անգարա Ուաշինկթընէն ետ կանչեց իր դեսպանը` Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու տան մէջ ցեղասպանութեան բանաձեւը քննարկութեան դնելու պատճառով:

Մուրատ Եթքին կը գրէ, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները հարթուեցան, երբ պաշտօնական Անգարա սպառնաց Ամերիկայի օդային ուժերուն համար փակել Ատանայի «Ինճիրլիք» ռազմախարիսխը, ինչ որ դրդեց, որ Ճորճ Պուշ ընթացք չտայ վերոյիշեալ բանաձեւի քննարկութեան:

«Բայց այս տարուան 24 ապրիլը կրնայ տարբերիլ նախորդ տարիներէն, քանի որ 2015-ին կը լրանայ հայերու համար խորհրդանշական ու զգացական տեսակէտէ արժէք ունեցող դէպքերու հարիւրերորդ  տարելիցը: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ աշխարհի զանազան երկիրներու նախագահները հրաւիրած է 24 ապրիլին Երեւանի մէջ ներկայ գտնուելու յիշատակի յատուկ արարողութեան, կրնայ դրական պատասխաններ ստանալ: Մինչդեռ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ ուղարկուած հրաւէրները, որոնք կ՛առնչուին նոյն օրը Կալիփոլիի ճակատամարտի զոհերու յիշատակը յարգելու արարողութեան մասնակցելուն, այնքան ալ մեծ ոգեւորութեամբ չեն ընդունուած», կը գրէ յօդուածագիրը:

Մուրատ Եթքին նաեւ կը շեշտէ, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի արշաւի մէջ հայկական կողմէ գլխաւոր թիրախը ամերիկեան Քոնկրէսն ու Սպիտակ տունն են:

«Ուստի Երեւան յատուկ նպատակով Ուաշինկթընի մէջ դեսպան նշանակեց նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգիսեանը, որ միջազգային ճանաչում ունի որպէս քաղաքական գործիչ, եւ որ Ամերիկայի մայրաքաղաք ժամանելէ ետք կրցած է 2015-ին ընդառաջ միաւորել հայկական լոպիի  բոլոր խումբերը` մէկդի դնելով անոնց ներքին տարակարծութիւնները», կը շարունակէ Եթքին` նկատել տալով, որ նոյնը կարելի չէ ըսել թրքական կողմի համար:

Այնուհետեւ յօդուածագիրը դիտել կու տայ, որ «Քոնկրեսին մէջ Հայկական հարցին նպաստող որեւէ քայլ տասնամեակներ շարունակ կը խոչընդոտէր հրէական լոպին, որ դժբախտաբար այլեւս նմանօրինակ պատրաստակամութիւն չունի, ինչ որ պայմանաւորուած է Իսրայէլի նկատմամբ Էրտողանի վարած քաղաքականութեամբ»:

Եթքին կը կանխատեսէ, որ այս տարի թրքական կողմը պիտի չստանայ նաեւ յունական ու կարգ մը արաբական երկիրներու լոպիներու աջակցութիւնը:

«Կը թուի, թէ Անգարա «շանս» չունի Ուաշինկթընի դէմ ռազմավարական խաղաթուղթ ներկայացնելու, որպէսզի կարենայ համոզել Պարաք Օպաման այն հարցի մէջ, թէ այս անգամ Սպիտակ տան համար մեծ օգուտ պիտի ըլլայ ընթացք չտալ Հայկական հարցին», կ՛եզրակացնէ Մուրատ Եթքին:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հակահայ Գրգռութիւններ Եւ Ոտնձգութիւններ Հայահոծ Թաղերուն Մէջ

Յաջորդը

«Տրապիզոնի Անմահը» Կը Վերահրատարակուի Ֆրանսայի Մէջ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.