Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Մարտ 1965)

March 4, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական Հարցը

Փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեանի
Նամակը «Լ՛Օրիան»-ի

Պէյրութի ֆրանսատառ թերթերէն «Լ՛Օրիան» փետրուար 26-ի իր թիւով հրատարակած էր խմբագրական մը, որ լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանար Հայկական հարցին, սակայն` քաղաքական այնպիսի տեսանկիւնէն մը, որ տեղ տալով հանդերձ հայ ժողովուրդի մասին նպաստաւոր արտայայտութիւններու, դժբախտաբար կը յանգէր կարգ մը սխալ եզրակացութիւններու` համայնքային բնոյթ տալով զուտ ազգային դատի մը:

Նոյն թերթը մարտ 1-ի իր թիւով, հրատարակած է նամակ մը, որ խմբագրութեան ղրկուած է փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեանի կողմէ եւ այդ առթիւ կատարած է ճշդում մը, որ ամբողջովին կը փարատէ թիւրիմացութիւնները:

Ստորեւ կու տանք այդ նամակն ու «Լ՛Օրիան»-ի խմբագիր Ռընէ Աժիուրիի ճշդումը.-

«Սիրելի՛ պարոն.

«Ձեր հաւատարիմ ընթերցողներէն մէկը ըլլալով ու նկատելով, որ «Ամբողջ Հայաստանը» կը զբաղեցնէ ձեզ, առիթէն կ՛օգտուիմ քանի մը ճշդումներ կատարելու:

«Առաջին հերթին, ձեզ ամէնէն աւելի զբաղեցնողը կը թուի ըլլալ այն «համայնքային եւ ցեղային որոշ քաղաքականութիւնը, որ կը ձգտի 1914-1918-ի պատերազմի վաղորդայնին Արեւելքի մէջ կազմուած պետութիւններու տարանջատման»: Բայց կը մոռնաք, որ նոյն այդ պետութիւնները արդիւնքն էին այլ պետութեան մը` օսմանեան կայսրութեան տարանջատման: Դաշնակիցները, Ա. Աշխարհամարտէն ետք, որոշած էին ի շարս այլոց, ազատագրել Հայաստանը, Սուրիան, Միջագետքը եւ Արաբիան, նկատի ունենալով օսմանեան տիրապետութեան արդիւնք եղող յոռի վարչաձեւը եւ ջարդերը: Այս նպատակը մասա՛մբ իրագործուեցաւ: Բայց թրքահայաստանի ազատագրումը տեղի չունեցաւ, թրքական անզիջողութեան, թուրքեւխորհրդային մեղսակցութեան եւ Դաշնակիցներու միջեւ ստեղծուած հակամարտութեանց պատճառով, եւ այս` հակառակ Սեւրի դաշնագրին, որ 1920-ին ստորագրուեցաւ մեծ տէրութեանց, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կողմէ: Աւելի՛ն. Սեւրի դաշնագիրը ստորագրող անկախ Հայաստանը թուրքեւխորհրդային ուժերու արշաւանքին ենթարկուեցաւ:

«Հայերը դէմ չեն Մեծ պատերազմէն ետք գոյացած պետութիւններու հողային ամբողջականութեան: Ընդհակառակն, Լիբանանի հայերը ամրօրէն փարած են Լիբանանի ամբողջականութեան եւ ասոր ապացոյցը տուած են բազմաթիւ անգամներ: Բայց Թուրքիան այդ իմաստով Ա. պատերազմէն ետք կազմուած պետութիւն մը չի հանդիսանար: Ընդհակառակն, ան մնացորդն է կայսրութեան մը, որ մասամբ լուծարքի ենթարկուեցաւ իբրեւ արդար գործ, բայց այդ արդարութիւնը տակաւին ամբողջական չէ: Արաբները, լիբանանցիներն ալ մէջը ըլլալով, ազատագրուելու համար չաշխատեցա՞ն միթէ Օսմանեան կայսրութեան անդամահատման համար: Ինչո՞ւ չէք ուզեր հաւատալ, թէ արդա՛ր է այդ անդամահատման շարունակումը: Ճիշդ է որ հիմա այլեւս հայեր չկան Թուրքիոյ արեւելեան մասին մէջ` հայկական նախկին նահանգները, որոնք հայերու հայրենիքը եղան 40 դար ամբողջ: Բայց ատոր պատճառն այն է, որ այդ հայերը, մօտ 2 միլիոն, որոնք կը կազմէին այդ հողերու բնակչութեան մեծամասնութիւնը, կիսով ջարդուեցան 1915-ին, իսկ միւս կէսն ալ տարագրուեցաւ պապենական հողերէն:

«Ճիշդ չէ հայկական հարցին մօտենալ իբրեւ պարզ համայնքային կամ փոքրամասնութեան հարցի մը: Հայ ազգը բաղկացած է թէ՛ կաթողիկէներէ եւ բողոքականներէ եւ թէ՛ լուսաւորչականներէ: Հայուն եւ թուրքին, հայուն եւ ռուսին միջեւ տարբերութիւնը դաւանական տարբերութիւն մը չէ, ուստի ձեր այն մտածումը, թէ այս ընթացքը պիտի ստեղծէ «երկու Եմէն (Շաֆէի եւ Զէյտի) կամ… մարոնիներ, տիւրզիներ, շիիներ, սիւնիները», ընդունելի չէ:

«Ճիշդ  է որ Լիբանանի հայերը լայն չափով մը մաս կը կազմեն լիբանանեան ընտանիքին, բայց Լիբանանի հայերը (130.000) կը ներկայացնեն մէկ մասը միայն 5 միլիոն Խորհրդային Հայաստանի եւ մէկուկէս միլիոնը Խորհրային Միութեան մէջ, մեծ մասամբ` գաղթած թրքահայաստանէն: Խորհրդային Հայաստանը արդէն իսկ գերբնակուած է եւ Թուրքիոյ հայկական հողերը պիտի հանդիսանային բնական ելքը ներկայիս Կեդրոնական Ասիոյ տափաստաններուն մէջ կորսուող այս բնակչութեան աճումէն առաջ եկող յորձանքին:

«Պահանջել այդ արդարութիւնը, հաւատացէք ինծի, չի նշանակեր Իսրայէլի կամ Խորհրդային Միութեան նպաստել, որովհետեւ անոնք երբեք դէմ չեն Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան: Ընդհակառակն, գիտէք, թէ Խորհրդային Միութիւնը, Էրքինի այցելութեան ընթացքին, վճռապէս յայտարարեց, թէ կը յարգէ այդ ամբողջականութիւնը:

«Յուսալով, որ ազնուութիւնը կ՛ունենաք հրատարակելու այս նամակը ձեր յաջորդ թիւին մէջ, հաճեցէք ընդունիլ, պարո՛ն տնօրէն, յարգանացս հաւաստիքը:

ՇԱՒԱՐՇ ԹՈՐԻԿԵԱՆ
Իրաւաբանութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու դասախօս
լիբանանեան համալսարանի եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի

 

«Լ՛Օրիան»-ի Ճշդումը

Փրոֆ. Թորիկեանի նամակը, զոր հրատարակեցինք, առիթ կու տայ մեզի յստակացնելու մեր միտքը.

1.- Կատարելով թւումը Մերձաւոր Արեւելքի ցեղային եւ համայնքային կարգ մը հակամարտութիւններուն, երբեք միտք չունէինք Հայկական հարցը դնել երկրորդներու շարքին. բացայայտ է, որ Հայկական հարցը ազգութեան խնդիր մըն է:

2.- Այս խնդիրը դնելով շրջանը խռովող եւ նման բնոյթ ունեցող կարգ մը այլ խնդիրներու շարքին` մեր նպատակը չէր ըսել, թէ հայերը այս կամ այն մեծ տէրութեան կը նպաստեն. ընդհակառակն, մեր յօդուածին նպատակն է ցոյց տալ, թէ մեծ տէրութեան մը, ինչպիսին է Միացեալ Նահանգները, իսրայէլանպաստ քաղաքականութիւնը կրնայ շղթայազերծել տարանջատման վտանգաւոր ընթացք մը: Հասկնալի է, թէ հայերը չէ՛, որ կ՛աշխատին այս ուղղութեամբ. ամէն պարագայի տակ, անոնց ազգային իրաւունքները Պաղեստինի մէջ, որոնց արտագաղթը տեղի ունեցած է յամի Տեառն 132 թուականին: Այս տեսակէտով, Հայկական հարցը աւելի կը նմանի Պաղեստինի գաղթականներու հարցին:

26 փետրուարի մեր խմբագրականին նիւթն էր ամերիկեան քաղաքականութիւնը, եւ ոչ թէ` հայերու քաղաքականութիւնը: Հարկ կա՞յ կրկնելու արդեօք, թէ մեր հայ բարեկամները արժանի են մեր ամբողջական համակրանքին:

Ռ. Ա.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հակահայ Գրգռութիւններ Եւ Ոտնձգութիւններ Հայահոծ Թաղերուն Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.