Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մօտիկ Ապագային Նախագահական Ընտրութիւնը Նախատեսուած Չէ» Յայտնեց Յ. Բագրատունի

March 3, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-2-15_Hagop_Pakradouni5ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը քաղաքական որոշումի եւ հովանաւորութեան կարիք չունի իր պարտականութիւնները կատարելու համար: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարը իրաւունք ունի Լիբանանը, անոր սահմաններն ու ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով յարմարագոյն որոշումները տալու:

Պատասխանելով ՀՅԴ-ի եւ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հակառակորդներ չունի` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ յարաբերութիւնները խզուած չեն:

Այս մասին ան յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան գտնուած ընթացքին Կեդրոնական կոմիտէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Հարիրիի գրասենեակին հետ, սակայն վերջինս մեկնած էր. ան մաղթեց, որ Հարիրիի յաջորդ այցելութեան ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հանդիպում ունենայ անոր հետ:

Անդրադառնալով ներքին լիբանանեան երկխօսութիւններուն` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ անոնք կարեւոր են եւ երկրին մէջ հանդարտութեան եւ ապահովական կայունութեան մթնոլորտ մը կը պարտադրեն, նոյնիսկ եթէ անոնք դրական արդիւնքներու չյանգին: «Կը մաղթենք սակայն, որ ներքին լիբանանեան երկխօսութիւնները ըլլան արդիւնաբեր եւ յանգին համաձայնութիւններու», ըսաւ ան:

Նախագահական ընտրութեան առումով, Յ. Բագրատունի նշեց, որ Կեդրոնական կոմիտէն կը զօրակցի որեւէ ճիգի, որ կը ծառայէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, որովհետեւ միայն այդ ձեւով կարելի է լուծել ներկայիս Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը: «Մենք ամէն գնով եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կ՛ուզենք հանրապետութեան նախագահ ընտրել», ըսաւ ան:

Ան աւելցուց նաեւ, որ մօտիկ ապագային նախատեսուած չէ նախագահական ընտրութիւն կատարել:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ-ն յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ ներքին լիբանանեան համերաշխութիւնը եւ համակեցութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, կառչած կը մնայ իր հաւասարակշռուած կեցուածքին եւ մնայուն կերպով կը հաստատէ հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու անհրաժեշտութիւնը:

Կառավարութեան դիմագրաւած տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ

համաձայն է, որ կառավարութեան որոշումները տալու առաքելութիւնը շարունակուի համախոհական ձեւով: Ան հաւանական նկատեց, որ կառավարութիւնը այս շաբաթ գումարէ իր նիստը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ 100-ամեակի ոգեկոչումները պիտի կատարուին ամբողջ աշխարհի տարածքին` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը անկարելի է անջատել լիբանանեան միտքէն: «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը ոչ միայն հայկական, նաեւ լիբանանեան է, որովհետեւ մենք կը խօսինք մեր նախահայրերուն մասին: Աւելի՛ն. այդ յիշատակը լիբանանեան է նաեւ այն պատճառով, որ Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան, որ Հայ դատը «լուծեց» ցեղասպանութեամբ, ունեցաւ արտայայտութիւն մը, որ Լեռնալիբանանի հարցը պիտի «լուծէ» շրջափակումով եւ սովի միջոցով: Հետեւաբար մենք կը խօսինք նոյն ճակատագիրին մասին եւ բնական կը նկատենք, որ լիբանանցի մեր եղբայրները իրենց մասնակցութիւնը բերեն տեղի ունենալիք ոգեկոչումներուն», ըսաւ ան:

Շրջանային մակարդակի վրայ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով Յ. Բագրատունի մատնանշեց ահաբեկչական այդ խմբաւորումներուն տրամադրուած թրքական դիւրութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը` հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն զէնք, զինամթերք եւ զինուորական արդիական սարքեր տրամադրելու առումով:

«Անկարելի է ծածկել շրջանին մէջ Թուրքիոյ ունեցած ժխտական դերակատարութիւնը», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

 

Նախորդը

Արծրուն Յովհաննիսեան. «Իրավիճակը Սահմանին Վրայ Կրկին Լարուած Է»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.