Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծրուն Յովհաննիսեան. «Իրավիճակը Սահմանին Վրայ Կրկին Լարուած Է»

March 3, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արծրուն Յովհաննիսեան
Արծրուն Յովհաննիսեան

«Հայ – ազրպէյճանական սահմանին իրավիճակը կրկին լարուած է. հակառակորդին կողմէ  զինադադարի խախտման դէպքերը աւելցած են շուրջ երեք անգամով», ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին երէկ տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

Յովհաննիսեան յայտնեց, որ քանի մը օր շարունակ իրավիճակը լարուած է. ազրպէյճանական կողմը կրկին դիմած է սադրանքներու` քանի մը վայրերու մէջ փորձելով ապակայունացնել իրավիճակը:

«21 փետրուարէն ետք, դժուարութեամբ կայունացած իրավիճակը Ազրպէյճանի քայլերուն պատճառով կրկին լարուած է: Սադրանքէն ետք  պաշտպանութեան բանակը իրականացուցած է պատժիչ գործողութիւններ: Ունինք կարգ մը տեղեկութիւններ ազրպէյճանական կողմէն. մեր դիտարկումով, պէտք է ունենան արդէն 3 սպաննուածներ, որոնցմէ մէկուն մասին արդէն որոշ տեղեկութիւններ կան` Միրզայեւ Մեհտին Ապիօղլու», ըսած է ան:

Տեղի ունեցածին առնչութեամբ, ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ  քարտուղարին, հայկական կողմը հրաւիրած է միջազգային միջնորդական կառոյցներուն  ուշադրութիւնը եւ զգուշացուցած` «ազրպէյճանական կողմին վրայ կ՛իյնայ ծանր հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը»:

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան  նախարարութիւններու հաղորդագրութիւններուն, տարուան սկիզբէն ի վեր հակառակորդի գնդակէն զոհուած է 15 անձ, ներառեալ` 3 խաղաղ բնակիչ:

Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է, որ այս ընթացքին ազրպէյճանական կողմը ունեցած է շուրջ երեք անգամ աւելի կորուստ, սակայն այդ մասին չի յայտներ: Պատճառը, ըստ Յովհաննիսեանի, Ազրպէյճանի նախագահին 24 սեպտեմբեր 2014-ի յայտնի հրամանագիրն է` «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ անվտանգութեան շարք մը կանոններու  վերաբերեալ»:

«Ենթարկուելով այդ կարգադրութեան, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը  հանրութենէն ուղղակի կը պահէ սեփական կորուստներուն մասին տեղեկութիւնը»,  եզրափակած է Յովհաննիսեան:

 

Նախորդը

Մանրամասնութիւններ 28 Փետրուարի Ներթափանցման Փորձին Մասին

Յաջորդը

«Մօտիկ Ապագային Նախագահական Ընտրութիւնը Նախատեսուած Չէ» Յայտնեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Կիրակի Օրուան Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններէն Առաջ.  ՀՅԴ-ի Նախընտրական Ամփոփիչ  Հանրահաւաք` Արտաշատի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Կիրակի Օրուան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններէն Առաջ. ՀՅԴ-ի Նախընտրական Ամփոփիչ Հանրահաւաք` Արտաշատի Մէջ

October 23, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.