Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրապարակուած Է Էրզրումի Հայերու Բռնագաղթի Տեսարան Մը Պատկերող Լուսանկար

March 3, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

0210ErzroumՀայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հրապարակած է Էրզրումի հայերու բռնագաղթի տեսարան մը պատկերող լուսանկար` «100 լուսանկարչական պատմութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան մասին» յատուկ նախագիծով:

Լուսանկարին մէջ դէպի Միջագետք Էրզրումի հայերու բռնագաղթի մէկ դրուագն է` արձանագրուած Սուշեհիր գիւղաքաղաքին մօտ: Լուսանկարիչը աւստրիացի կենսաբան Վիքթոր Փիչմանն է (1881-1956 թթ.): Գերմանական կառավարութեան յանձնարարականով ան 1914 թուականէն սկսեալ մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտը Էրզրումի մէջ կը կազմակերպէ թրքական լեռնահրաձգային զօրամասեր, նոյն ատեն գերմանական Գլխաւոր ղեկավարման մարմինին համար կը քարտէսագրէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւնները: Ճամբորդելով եւ հաւաքչական աշխատանքներ կատարելով Արեւմտեան Հայաստանի մէջ` ան կը յաջողի լուսանկարել հայերու բռնագաղթի տեսարանները:

Ուշագրաւ է, որ Վ. Փիչմանի լուսանկարներուն մէջ բռնագաղթեալներու շարքերուն մէջ տղամարդիկ չեն երեւեր. միայն կիներ են` իրենց երեխաներուն հետ: Հայ տղամարդոց մեծ մասը այդ ընթացքին արդէն սպաննուած էր:

Էրզրումի նահանգի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնը սկսաւ 1915-ի յուլիսի սկիզբները: Պատմական աղբիւրները եւ վերապրողներու վկայութիւնները կը փաստեն Էրզրումի հայութեան դաժան ճակատագիրին մասին: Կարին (Էրզրում) քաղաքէն եւ շրջակայ գիւղերէն շուրջ 35-40 հազար հայ տեղահանուեցաւ Դերջան, Երզնկա, Սեբաստիա (Սվազ), ընդհուպ` Տէր Զօրի անապատ, անոնցմէ շատ քիչերը կրցան փրկուիլ:

Բռնագաղթեալ հայերուն շարասիւնը կոտորուեցաւ տակաւին գաղթի ճամբուն վրայ. տղամարդիկ գնդակահարուեցան, կացինահարուեցան խումբերով, կիները բռնաբարուեցան ու սպաննուեցան կամ տարբեր հիւանդութիւններէ, ծարաւէ, հիւծախտէ կը մահանային ճամբուն վրայ, իսկ առանձին ու անօգնական մնացած երեխաներն ու տկարները անխուսափելիօրէն կը դատապարտուէին մահուան:

«Հայ կիները, երեխաները, ծերերը կը սպաննէին այրելով ու թրատելով, կը խեղդէին գետերուն մէջ, կը գնդակահարէին խումբերով, ժայռերէն կը գլորէին խոր վիհերը: Սովալլուկ ու ցրտահարած մարդիկ մահուան կը դատապարտուէին` դաժան կտտանքներու ենթարկելով:

Հազարաւոր գաղթական հայեր կը մեռնէին ճամբուն վրայ եւ գաղթակայաններուն մէջ` համաճարակներէն. Էրզրումի եւ Բասէնի հարթավայրերու բնակիչները` կիներ, երեխաներ ու ծերեր, տեղահանուած էին իրենց գիւղերէն եւ հարկադրաբար պիտի հասնէին Միջագետք»: Այս տողերը գրած է Էրզրումի մէջ Գերմանիոյ փոխհիւպատոս Մաքս Էրվին Ֆոն Շոյպներ-Ռիխթեր, 1915 թուականին:

Լուսանկարին աղբիւրը` «Բնութեան պատմութեան թանգարան», Վիեննա, Աւստրիա: «100 լուսանկարչական պատմութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան մասին» գիրքէն:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կը Նշանակէ Կալիփոլիի Յաղթանակին Հարիւրամեակը Տօնել 24 Ապրիլին

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Փրկուած Գիւտարար Հայորդիներ

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.