Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանադրական Բարեփոխումներուն Վերաբերեալ ՀՅԴ-ն Հետաքրքրական Առաջարկներ Ստացած Է

February 28, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22715_RusdamianԽորհրդարանական երէկուան ասուլիսներուն ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, պատասխանելով այն հարցումին, թէ իշխանութիւնները ՀՅԴ-ի հռչակած 7 կէտերէն քանի՞ հատը կատարած են, պատասխանած է, որ այդ 7 կէտերը իրարու կապուած են, անոնց մէկ  մասը կը վերաբերի քաղաքական համակարգի առողջացման, միւս մասը` ընկերային-տնտեսական համակարգի կտրուկ բարեփոխման, երրորդ մասը` ազգային պետական խնդիրներուն: Ըստ պատգամաւորին, անոնցմէ ոչ մէկը լիարժէք ընդունուած է: Կան յայտարարութիւններ, որոնց ուղղութեամբ քայլեր կը ձեռնարկուին, եւ ատիկա ողջունելի է:

«Ի վերջոյ, մենք համաձայնական դաշինքէն  դուրս եկանք, որովհետեւ տեսանք, որ իշխանութիւնը կը շեղի այդ ուղեգիծէն: Եթէ քաղաքական ուղեգիծը մեզ չի բաւարարեր եւ ազգային չէ, այդ ուղեգիծին մէջ մտնելը անիմաստ է: Եթէ ուշադիր ըլլաք, երբ մենք համաձայնական դաշինք մտած ենք, միշտ յստակ յուշագիր ստորագրած ենք, թէ ի՛նչ նպատակներ կը հետապնդենք», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

Հարցումին, թէ Սերժ Սարգսեան-Գագիկ Ծառուկեան հանդիպումին արդիւնքները ժողովրդավարական գործընթաց կը նկատէ՞ Ռուստամեան պատասխանած է. «Մենք կը կարծենք, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ եղածը լաւագոյն արդիւնքն է: Այն, որ երկրին մէջ շատոնց  ժողովրդավարական միջավայր չկայ, ատիկա ոչ ոքի համար գաղտնիք է: Եօթը կէտերուն իրականացման նպատակը այն է, որ երկրին մէջ ստեղծուի ժողովրդավարական համակարգ: Ներկայիս համակարգին մէջ եղողները, գոհ եւ երջանիկ եղած են, բայց հազիւ դուրս եկած համակարգէն եւ իշխանութենէն, կը դժգոհին: Ատիկա հետեւանք է ստեղծուած արատաւոր համակարգին: Հիմա, որ կը խօսին ճգնաժամի մասին, ատիկա համակարգային է», ըսած է Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ բոլոր նախագահներուն ժամանակ եղած են նոյն երեւոյթները, եղած են առճակատման պահեր, բայց չորրորդ նախագահն ալ, եթէ այս համակարգով իշխանութեան գայ, նոյն խնդիրները պիտի յառաջանան:

«Քանի որ այս համակարգը իր մէջ կը պարունակէ արիւնահեղութեան տարրեր, իշխանութիւնները փոխելու` յեղափոխական առճակատման կարելիութիւն կը պարունակէ, անոր համար կ՛ըսեմ` եկէք փոխենք համակարգը, որ յետոյ  իշխանութիւնները փոխելու ընտրական մեքանիզմները գործեն: Այսօր ընտրութիւններու միջոցով իշխանութիւնները չեն փոխուիր, ատիկա համակարգային է, այլ ոչ թէ անձերով պայմանաւորուած: Անձերով որ ըլլար, երեք անձ փոխած ենք, ինչո՞ւ իրավիճակը չի փոխուիր դէպի լաւ: Ունինք այն, ինչ որ ունինք: Իսկապէս լաւ է, որ մենք կրցանք խուսափիլ արիւնահեղութենէ: Երբ քառեակը եռեակ դարձաւ, ու եռեակը հանրահաւաքներ կ՛ընէր, ես անոնց յաջողութիւն մաղթեցի եւ ըսի` միայն թէ  այդ պայքարը չբերէ արիւնահեղութիւն եւ հիասթափութիւն: Դժբախտաբար, մենք տեսանք, որ կա՛մ մէկը տեղի կ՛ունենայ, կա՛մ միւսը», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Գագիկ Ծառուկեան ծա՞նր վճարեց Սերժ Սարգսեանին հանդիպելու համար, ան յայտնած է, որ ատիկա պէտք է Ծառուկեանին հարցնել: «Կ՛ըսեն` շատ ունեցողէն շատ կը պահանջեն, քիչ ունեցողէն` քիչ: Չեմ գիտեր` Գագիկ Ծառուկեան որքա՛ն վճարած է: Բայց ամէնէն վտանգաւորը այն կ՛ըլլայ, որ մտածեն, թէ մէկը յաղթած է, միւսը` պարտուած: Իշխանութիւններուն ալ թող չթուի, թէ յաղթական են, որովհետեւ ատիկա շատ վտանգաւոր է: Պարտուած ենք, քանի տակաւին  այն խնդիրները, որոնք կան, չեն լուծուած: Այս զինադադարը, որ յառաջացած է, պէտք է օգտագործել, կանխելու հետագայ  առճակատումները եւ սկսիլ հոլովոյթ մը, որ ժողովուրդին մօտ դրական ակնկալութիւններ կը ձեւաւորէ», նշած է պատգամաւորը:

Արմէն Ռուստամեան, պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ն սահմանադրական բարեփոխումներուն վերաբերեալ որեւէ առաջարկ ստացա՞ծ է ոեւէ պատգամաւորէ կամ քաղաքական ուժէ, ըսած է, որ ստացած են առաջարկներ: Ան աւելցուցած է, թէ իրենք դիմած էին բոլոր քաղաքական ուժերուն, ստացած են առաջարկներ, որոնք կ՛ուսումնասիրուին: «Բաւական հետաքրքրական առաջարկներ կան, յատկապէս պարոն Բագրատեանէն, որուն առաջարկները  ուշադրութեամբ կը քննարկենք, եւ անպայման օգտակար գաղափարները պիտի ընդգրկենք փոփոխութիւններուն մէջ»:

Պատգամաւորը նշած է, որ, ըստ ընթացքին, կը սպասեն նախագահին յայտարարութեան` կապուած այդ հայեցակարգի հաստատման:

Ատկէ ետք այդ հոլովոյթը կրկին պէտք է տեղափոխուի յանձնախումբ, որ պէտք է աշխատի բուն սահմանադրութեան բովանդակութեան վրայ, որմէ ետք ատիկա պիտի մտնէ Ազգային ժողով, ապա` լայն հանրութեան առջեւ տեղի պիտի ունենան քննարկումներ` որոշելու, թէ այդ նախագիծը պիտի դրուի՞ հանրաքուէի, թէ՞ ոչ:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Իսլամ Ծայրայեղականներու Կողմէ Ասորիներու Առեւանգումը Եւ Մօտէն Կը Հետեւի Շրջանի Հայութեան Կացութեան

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին Հետ

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.