Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Լիբանանի Մէջ Միայն Նախագահական Աթոռը Թափուր Չէ, Այլեւ Խորհրդարանինը Եւ Կառավարութեանը»

February 24, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

22315_berri_kaakiԽորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մամլոյ սենտիքան` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի եւ ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ միայն նախագահական աթոռը թափուր չէ, այլեւ` խորհրդարանինը եւ կառավարութեանը:

«24 հանրապետութեան նախագահ, 24 վարչապետ եւ 24 նախարար ունենալէ ետք բոլոր իշխանութիւնները թափուր չե՞ն նկատուիր», հարց տուաւ Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը երկրորդ կարեւորագոյն թղթածրարն է` երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող սիւննի-շիի սադրանքներու նախապատրաստումին դէմ պայքարելէ ետք:

Պըրրի յայտնեց, որ իրենք յանձնառու են նախագահական ընտրութիւն կատարելու` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանանի մէջ կայ ժողովրդավարութիւն մը, որ վարակուած է քաղցկեղով, իսկ այդ քաղցկեղը համայնքային դրութիւնն է:

Նախագահական ընտրութեան կարելիութիւններուն շրջագիծին մէջ, Պըրրի ողջունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ երկխօսութիւնը` աւելցնելով, որ ինք համաձայն է եւ պատրաստ է որդեգրելու որեւէ որոշում, որ կը տրուի քրիստոնեայ համայնքին կողմէ: «Համոզուած եմ, որ եթէ զօր. Աուն եւ Ժահժահ համաձայնին, ապա հանրապետութեան նախագահ կարելի է ունենալ», ըսաւ Պըրրի` աւելցնելով, որ ինք կը հաւատայ, որ այս առումով արտաքին ազդեցութիւնները կրնան հարիւր առ հարիւր կամ զերօ առ հարիւր ազդել Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վրայ:

Այս մասին խօսելով` Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանան այցելած ֆրանսացի յատուկ պատուիրակ Ժիրօ իրեն յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիա, Իրան եւ Վատիկան կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին բոլորէն իմացած է, թէ իրենք Լիբանանի մէջ բարեկամներ ունին, սակայն բոլորն ալ հաստատած են, որ այդ մէկը լիբանանցիներուն որոշումն է:

Անդադառնալով ՏԱՀԵՇ-ի գոյութեան` Պըրրի ընդգծեց անոր դիմադրելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է վերջ տալ արաբ ժողովուրդներուն մօտ գտնուող յուսալքումին:

ՄԻՒՍ կողմէ, ապահովական աղբիւրներու համաձայն, Պըրրի կը գտնուի սպանութեան ենթակայ անձնաւորութիւններուն պարագլուխի դիրքին վրայ:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Հարիրիի Հետ Քննարկեց Երկիրը Յուզող Հարցերը

Յաջորդը

«Ինչո՞ւ Պէտք Է Համախոհութիւն Գոյացնենք Հանրապետութեան Տկար Նախագահի Մը Շուրջ» Հարց Տուաւ Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.