Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքներուն Կը Վստահեցնէ Անոնց Զաւակներուն Թղթածրարին Հետեւելու Իր Յանձնառութիւնը

February 24, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

22315_hariri_soldier_familyՆախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` ներկայութեամբ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Զիատ Քատիրիի:

Հանդիպումին ընթացքին ընտանիքները Հարիրիին ներկայացուցին իրենց վիճակը եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ հարց տուին զանոնք ազատ արձակելու իմաստով ընթացող աշխատանքին մասին:

Հարիրի կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց անոնց` շեշտելով, որ բանակայիններուն առեւանգումին վայրկեանէն իսկ ինք հետեւած է այդ թղթածրարին եւ պաշտօնական մարմիններուն հետ կը շարունակէ հետապնդել այդ թղթածրարն ու անոր արձանագրած զարգացումները:

«Վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման համար կազմուած նախարարական յանձնախումբը առեւանգող կողմերուն հետ կը շարունակեն բանակցութիւնները: Մենք կ՛ողջունենք այդ ջանքերը եւ կ՛ընդգծենք, որ այդ ջանքերը պէտք է սահմանափակուին պետութեան հետ բանակցութեան հոլովոյթին ներքեւ, որպէսզի չբարդանան», նշեց Հարիրի:

Ան հաստատեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն հարցը մարդկային հարց է` աւելցնելով, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ եւ որեւէ բանի պիտի նախաձեռնէ` ապահովելու համար անոնց ազատ արձակումը:

Իրենց կարգին, առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները հաստատեցին, որ Հարիրի շեշտած է, թէ ինք պիտի հետեւի իրենց զաւակներուն ազատ արձակումին ջանքերուն` աւելցնելով, որ նախատեսուած է, որ լիբանանեան պետութիւնը որդեգրէ առեւանգուած բանակայինները փոխանակելու ձեւը:

Հարիրիի այցելուներէն եղան Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին ժեմայէլ եւ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հարիրիի խորհրդականներ Նատեր Հարիրի եւ Ղաթթաս Խուրի: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

Նշենք, որ Հարիրի ընդունեց նաեւ երեսփոխան Հանրի Հըլուն եւ նախկին երեսփոխան Անթուան Անտրաուոսը, ինչպէս նաեւ Դատական իշխանութիւններու գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտը:

 

Նախորդը

Բանակը Յորդանանէն Ստացաւ Զրահապատներ Եւ Թնդանօթներ

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Հարիրիի Հետ Քննարկեց Երկիրը Յուզող Հարցերը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.