Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. «Մեր Հողերը, Մեր Հողերը» Եւ… «Հայոց Ցեղասպանութեան Հետեւանքներուն Յաղթահարում»-ը

February 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ոչ մէկ կասկած, որ յունուար 29-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրի հրապարակումին հետեւող հայ մարդիկ, ի Հայաստան թէ ի սփիւռս աշխարհի, ապրեցան ազգային միասնականութեան եւ պահանջատիրութեան վերանորոգ ուխտի պատմական պահեր:

Հպարտութեան ու ինքնավստահութեան վարար ալիքը համակեց ողջ հայութիւնը` ի տես Ծիծեռնակաբերդի Նահատակաց յուշահամալիրին մէջ ազգի ու հայրենիքի պետական, հոգեւոր, քաղաքական եւ հասարակական ղեկավարութեան համախմբումին եւ, յատկապէ՛ս, ի լուր միջազգային հանրութեան մէկ ու միասնական ճակատով ներկայանալու եւ իրաւունք ու արդարութիւն պահանջելու հայ ժողովուրդի հաւաքական վճռակամութեան:

Պատմութիւնը վստահաբար ոսկետառ արձանագրութեամբ պիտի վկայէ, որ 1915-1923 թրքական պետութեան ձեռամբ Ցեղասպանութեան ենթարկուելէ, աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակներ տալէ, հայրենի իր հողերուն երկու երրորդը կորսնցնելէ, զանգուածային տեղահանութեամբ ազգային իր բնօրրանէն արմատախիլ դուրս շպրտուելէ ու աշխարհով մէկ տարտղնուելէ ետք անգամ, Մեծ եղեռնի 100-ամեակին առիթով հայ ժողովուրդը ահա՛ աշխարհին եւ մանաւանդ ցեղասպան թուրք պետութեան կը ներկայանայ իր անկախ հայրենիքով, ազգային պետականութեամբ եւ կազմակերպ սփիւռքով` աւելի քան երբեւիցէ պահանջատէր, աւելի քան երբեւիցէ Հայ դատի պայքարը յաղթանակով պսակելու մարտունակութեամբ:

Հասկնալիօրէն` այսքա՜ն արիւն, հող եւ ժառանգութիւն կորսնցնելէ եւ հարիւր տարի ցեղասպան թուրք պետութեան ուրացման պատին շարունակ բախելէ ետք, մեր ժողովուրդը ամէն պատճառ ունի առաւելագոյն շրջահայեցութեամբ յառաջ մղելու իրաւունքի եւ արդարութեան իր պահանջատիրական պայքարը:

Նախ` այն պատճառով, որ թրքական պետութիւնը փաստօրէն կը յամառի խուսափիլ սեփական պատմութեան հետ հաշուի նստելու եւ իր հայրերուն գործած սխալները խոստովանելու, այլեւ ու մանաւանդ անցեալի ոճիրներու սրբագրման ու հատուցման ուղիներ որոնելու իր անժամանցելի պատասխանատուութենէն:

Ապա` այն պատճառով, որ Հայկական հարցին հետ ցեղասպանութեան ճամբով հաշուեյարդար տեսնելու իր ոճրային փորձէն ետք ալ, թրքական պետութեան վերջին հարիւրամեակի կենսագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Անգարայի եկող-գացող իշխանութիւնները, ի՜նչ վարչակարգ ալ դաւանին, հետեւողականօրէն կ՛աշխատին բրտօրէն ճզմել երէկի Օսմանեան կայսրութիւնը եւ այժմու Թրքական Հանրապետութիւնը բաղկացնող ազգերուն ազատ ինքնորոշման իրաւունքները` ընդհանրապէս քաղաքացիական հասարակութեան բնորոշ արժէքները ոտնակոխ ընելով…

Հայ ժողովուրդը շրջահայեաց գտնուելու եւ Հայ դատի պայքարը անվրէպ յառաջ մղելու հիմնաւոր պատճառներ ունի վերջապէս ու մանաւա՛նդ այն նկատառումով, որ թրքական պետութիւնը ահա երեք տասնամեակէ ի վեր հետամուտ է աշխարհի այս գօտիէն ներս կայսերապետական մեծ ուժի իր երբեմնի դիրքն ու ազդեցութիւնը վերականգնելու ռազմապաշտ քաղաքականութեան, որուն վերջին զոհը մեր աչքերուն առջեւ գալարուող Սուրիան է…

Մտահան պէտք չէ ընել, որ թրքական պետութեան երբեմնի հզօրութիւնը վերականգնելու նոյն այդ քաղաքականութեան դրսեւորումն է, նաեւ` ուղղակիօրէն հայոց հայրենիքին եւ մեր պետականութեան սպառնացող վտանգ է Ազրպէյճանի հետ համաթրքական միասնութեան կամուրջներ ամրապնդելու Անգարայի հետեւողական վարքագիծը:

Քաղաքական իրատեսութեան հրամայականը շեշտող տուեալները բազում են, եւ հայ քաղաքական միտքը, հասկնալիօրէն, պարտաւոր է միշտ հաշուի առնելու թրքական պետութեան ներկայացուցած ՎՏԱՆԳ-ը:

Ի վերջոյ թրքական պետութիւնը կը շարունակէ, բիրտ ուժի գործածութեամբ, սեփական կամքը իր հարեւաններուն պարտադրելու փորձեր կատարել` նոյնիսկ արեան մէջ խեղդելով իրաւունք եւ արդարութիւն պահանջող ամէնէն օրինապահ ձայներն ու ժողովրդավարական շարժումներն անգամ:

Թուրք մեծապետական կամակորութիւնը արդէն այն աստիճան գինովցած է, որ Թուրքիոյ նախագահը կը համարձակի մէկ կողմէ կէս-բերան ցաւակցութիւն յայտնել հայ ժողովուրդի նահատակներուն համար, իսկ միւս կողմէ` ապրիլ 24-ին միջազգային ընտանիքը հրաւիրել Թուրքիա` Կալիփոլիի յաղթանակը տօնելու…

Այս առումով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրին արժէքն ու կարեւորութիւնը պատմական նշանակութիւն կը զգենուն:

Ինչպէս Մեծ եղեռնէն առաջ, նոյնպէս եւ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւող հարիւր տարիներուն ընթացքին, հայ քաղաքական միտքը շարունակ դժուարութիւն ունեցաւ, Հայ դատի ճակատին վրայ, մէկ ու միասնական քաղաքական կեցուածքով պահանջատէր ներկայանալու աշխարհի ճակատագիրը վարող մեծապետական ուժերուն:

Նոյնիսկ քանի մը տարի առաջ, տխրահռչակ հայեւթուրք արձանագրութեանց առիթով, ազգովին դէմ յանդիման կանգնեցանք արտաքին ուժերու եւ մանաւանդ մեծապետական աշխարհին կողմէ մեր ժողովուրդին եւ հայոց պետականութեան պարտադրուող քաղաքական ներքին տարակարծութեանց…

Ա՛յն աստիճան, որ արձանագրութիւններէն Հայաստանի ստորագրութիւնը յետս կոչելու համար տակաւին կը սպասենք յարմար պահու…

Այսօր ի վիճակի ենք փակուած համարելու անցեալի ներքին տարակարծութեանց էջը:

100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը ոչ միայն հանդիսաւորապէս նուիրագործեց համայն հայութեան միասնութիւնը Հայ դատի պահանջատիրութեան քաղաքական մէկ ու միասնական ուղեգիծի շուրջ, այլեւ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պետական իրաւատիրութեան մակարդակին բարձրացուց Հայ դատի միջազգային հետապնդումը:

Դարակազմիկ յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ նետուած քայլը, որուն ամրագրման եւ հետագայ խորացման ուղղութեամբ հայ քաղաքական միտքը պարտաւոր է շարունակել մօտեցումներու եւ հայեացքներու մերձեցման ու միաւորման իր հետեւողական ճիգերը:

Հռչակագիրով հաստատագրուած պետական իրաւատիրութիւնը հասկնալիօրէն չունի Հայ դատի պահանջատիրութեան մարտունակ հնչեղութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը առաջադրելով` հռչակագիրը կը բաւարարուի «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարում»-ը պահանջելով:

Ոչ ոք մտահան կ՛ընէ, որ Մեծ եղեռնի 50-ամեակին առիթով, Երեւանի մէջ թէ աշխարհով մէկ, բողոքի ցոյցով փողոց իջած պահանջատէր հայութիւնը մարտունակօրէն աշխարհին կը ներկայանար «Մե՛ր հողերը, մե՛ր հողերը» պահանջով:

Այսօրուան հայ ժողովուրդին միասնականութիւնը, պետական իրաւատիրութեան ու պահանջատիրութեան մակարդակին բարձրացնելով Հայ դատի պայքարը` յայտնապէս հաշուի կ՛առնէ միջազգային շարժումի պայմաններն ու մեծապետական ուժերու դասաւորումները, երբ ամենայն պարզութեամբ չի հնչեցներ հողային պահանջատիրութիւնը` զայն բանաձեւուած տեսնելով «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման» իր պահանջին մէջ:

Քաղաքական աշխարհի խաղականոններուն եւ միջազգային իրաւունքի օրինաչափութեանց համապատասխան գործելու հրամայականը շրջանցելի չէ եղած անցեալին, շրջանցելի չի կրնար ըլլալ նաեւ մեր օրերուն:

Յիշենք, որ Մեծ եղեռնի 60-ամեակին առիթով, երբ սփիւռքի տարածքին հայ ազգային երեք կուսակցութիւնները փորձեցին քաղաքական միասնական տարազումի բերել Հայ դատի պահանջատիրութիւնը, անկախ Հայաստանի եւ հայ ազգային պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ, պարտադրաբար յանգեցան տարտամ բանաձեւումի` պահանջելով «բռնագրաւեալ հայկական հողերը վերադարձնել իրենց միակ իրաւատիրոջ` հայ ժողովուրդին»:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը ըստ ամենայնի կը հետեւի պատմական զարգացման ներքին տրամաբանութեան: Վերանկախացեալ Հայաստանն ու վերականգնեալ հայոց ազգային պետականութիւնը ահա կու գան նոր հորիզոնի բանալու Հայ դատի պահանջատիրութիւնը:

Հայ ժողովուրդի հողային եւ քաղաքական հատուցման պահանջները սիրտ բացող հնչեղութեամբ արձանագրուած չեն հռչակագիրին մէջ:

Բայց նաեւ բացառուած չեն պետական մտածողութեամբ բանաձեւուած «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման» պահանջատիրութենէն:

Հայ դատի պայքարը թեւակոխած է պետական հուն:

Առաջին քայլը նետուած է:

Յիշենք եւ պահանջենք:

Հաւաքական մեր ուժին հզօրացման մէջ կը գտնուի ու կը շարունակէ մնալ յաղթանակի գրաւականը Հայ դատի պայքարին:

 

 

Նախորդը

Լուսաթափանց Ու Երգեցիկ Պարտէզին Կիրակին

Յաջորդը

Դարձեալ Պուրճ Համուտի Մէջ Ազգային Կեդրոնական Դպրոցի Մը Կառուցման Առթիւ. Հայեցի Դաստիարակութիւն` Հայկական Վարժարանի Տարտամ Կնիքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.