Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամետեարով. «Ազրպէյճան Ընդունած Է Ղարաբաղեան Տագնապին Լուծման Համաձայնագիրին Հարցով Աշխատանքային Խումբ Ստեղծելու Առաջարկը»

February 21, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էլմար Մամետեարով
Էլմար Մամետեարով

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Թիֆլիսի մէջ յայտարարած է, որ Ազրպէյճան ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համաձայնագիրին վրայ աշխատելու համար աշխատանքային խումբ ստեղծելու առաջարկը:

Մամետեարով ըսած է, որ վերջին անգամ Փարիզի մէջ նախագահներու հանդիպումին ժամանակ Ֆրանսայի նախագահը յայտարարած էր, որ եկած է խաղաղութեան համաձայնագիրը պատրաստելու ժամանակը:

«Այդպիսի նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է Ազրպէյճանը», յայտարարած է Մամետեարով: Ան նշած է, որ համանախագահները աջակցութիւն յայտնած են Ազրպէյճանի նախաձեռնութեան եւ առաջարկած են սկսիլ հոլովոյթին:

«Բոլորը կը հասկնան, որ տագնապը յաւերժ մնալ չի կրնար: Ներկայ հոլովոյթին շարունակականութիւնը խաղաղ համաձայնագիրի ստորագրման հարցին մէջ դժուարութիւններ եւ վտանգներ կը ստեղծէ: Մենք պէտք է համաձայնագիրի աշխատանքները աւարտենք վեց ամսուան կամ մէկ տարուան ընթացքին», ըսած է Մամետեարով` պնդելով, թէ հայկական կողմը այդ առաջարկը չէ ընդունած:

Ան նշած է, որ աշխատանքային խումբի ստեղծումը ձեռնտու է բոլորին, ներառեալ` Հայաստանին: «Ազրպէյճան արդէն ընդունած է առաջարկը: Այժմ համանախագահները պէտք է կողմնորոշուին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է խօսին Հայաստանի հետ», ըսած է Մամետեարով:

Բալայեան. «Ազրպէյճան Կը Փորձէ
Իր Յօրինած Գաղափարները Ներկայացնել
Իբրեւ Համանախագահներու Առաջարկներ»

Տիգրան Բալայեան
Տիգրան Բալայեան

Ազրպէյճան կը փորձէ բանակցութիւններու  նմանողութիւն ստեղծելու ուղղուած իր կողմէ  յօրինուած գաղափարները ներկայացնել իբրեւ  համանախագահներու առաջարկներ: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ  քարտուղար Տիգրան Բալայեան` պատասխանելով  «Փանարմինիըն» լրատու կայքի այն հարցումին, թէ  Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ իբրեւ թէ Հայաստան մերժած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն  կողմէ Պաքուի թելադրութեամբ Երեւանի մէջ  ներկայացուած  առաջարկներ, ուղղուած` ղարաբաղեան տագնապի լուծման:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ղարաբաղեան տագնապի լուծման առաջարկները ներկայացուած են այդ երկիրներուն  Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ղեկավարներու հինգ յայտնի յայտարարութիւններուն մէջ: Ինչպէս բազմիցս նշած ենք, ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի, Հայաստան պատրաստ է այդ առաջարկներուն հիման վրայ շարունակելու տագնապի լուծման ուղղուած բանակցութիւնները: Ատոր համար նախ եւ առաջ, ինչպէս իրենց յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծած են եռանախագահ երկիրներու ղեկավարները, անհրաժեշտ է արագացնել հիմնարար սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան գոյացումը, որմէ ետք կարելի կ՛ըլլայ սկսիլ խաղաղութեան համաձայնագիրին մշակումին: Համանախագահները շրջան կատարած իրենց այցելութեան արդիւնքներուն մասին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը տեղեկացնեն, որ կողմերուն ներկայացուցած են  զինադադարի ամրապնդման ուղղուած առաջարկներ: Արդեօք Ազրպէյճան պատրա՞ստ է այդ առաջարկները ընդունելու: Մինչեւ այսօր այդ կարգի բոլոր առաջարկները Պաքուի կողմէ մերժուած են», աւելցուցած է Բալայեան:

Նախորդը

Ծառայողական Խորհրդակցութիւն` Արցախի Բանակին Մէջ

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակ. «Կողմերը Հաստատած Են Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Խաղաղ Լուծման Հարցին Մէջ Իրենց Յանձնառութիւնը»

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.