Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 6). Կողք` Կողքի

February 21, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ

76735117Ամրան պայծառ առաւօտ էր: Բարձրացայ Պիքֆայա ու հանդիպեցայ դպրեվանքի տեսուչին` հայր Թորգոմին: Մեր հանդիպումը հետաքրքրական էր ու հաճելի, իսկ առաջարկը շատ յստակ` դասաւանդել իմաստասիրութիւն դպրեվանքի մէջ:

Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար դասաւանդել վերոնշեալ նիւթը, երբ շատ լաւ գիտէի, թէ այս նիւթը տասնեակ տարիներով Արտաւազդ սրբազանը աստուածահաճոյ ձեւով փոխանցած էր դպիրներուն ու յատկապէս ընծայարանականներուն: Յաւակնութիւնն իսկ պէտք չէ ունենալ փոխարինելու համար այնպիսի անձնաւորութիւն մը, որ Շահան Պէրպէրեանի նօթերը արտատպելով` վերածած էր դասագիրքի ու մեծ հաճոյքով կը դասաւանդէր աշակերտներուն: Ինծի համար պարտականութիւնը ա՛լ աւելի կը ծանրանար իբրեւ Հայ Ճեմարանի շրջանաւարտ, որ կեանքը անցուցած է աշխարհիկ դպրոցի մը մէջ, Լեւոն Շանթի յստակ մանկավարժական սկզբունքներով:

Դպրեվանքը ինծի համար այն «հեռու» ու «բարձր գագաթներու» վրայ հիմնուած սրբավայրն է, ուր կը կերտուին մեր աբեղաները, մեր սարկաւագները, մեր վարդապետներն ու քահանաները` հասնելով մինչեւ սրբազան հայրերուն ու վեհափառ հայրապետին:

Այսպէս էր 85 տարիներ առաջ ու տակաւին այսպէս է մինչեւ այսօր: Այնուամենայնիւ, ինծի համար տակաւին դժուար էր պատկերացնել համադրումը` աստուածաբանութեան եւ իմաստասիրութեան: Ի՞նչ ըսել սաներուն ու դպիրներուն: Ո՞րն է ճշմարտութեան ուղին: Ընտրել բանականութիւ՞նը, թէ՞ հաւատքը: Հաւատալ րենական ստեղծագործութեա՞ն, թէ՞ գիտական «Պիկ Պանկ»-ի տեսութեան… հարցումներ ու հարցադրումներ, որոնք կը չարչրկեն իմաստասիրութեան ուսուցիչը, երբ դէմ յանդիման  կու գայ սարկաւագներուն` սեւ սքեմներով, քոլարը իրենց վզին:

Կացութիւնը ա՛լ աւելի կը բարդանայ, երբ դպրեվանքի մէջ կը խօսինք հայ փիլիսոփայութեան պատմութեան մասին, մանաւանդ որ հայ իմաստասէրներն ու փիլիսոփաները, նոյնինքն Եզնիկ Կողբացիներն ու Եղիշէները, Մովսէս Խորենացիներն ու Գրիգոր Նարեկացիներն են` Դաւիթ Անյաղթի կողքին: Այսուհանդերձ…ընդունեցի առաջարկը: Ընդունեցի դասաւանդել դպրեվանքէն ներս, որովհետեւ քաջ գիտեմ, որ մեր եկեղեցին չի նմանիր որեւէ այլ համայնքի կամ ազգի պատկանող եկեղեցիներուն: Մեր եկեղեցիին պատմութիւնը իւրայատուկ է ու տարբեր, այն իմաստով, որ անիկա տեղ մը կը նոյնանայ Հայ դատի պատմութեան հետ` սկսելով Եղիշէէն, հասնելով մինչեւ Խրիմեան Հայրիկ ու Գարեգին Յովսէփեանց:

Դպրեվանքը կղերականներ պատրաստող սոսկ վարժարան մը չէ, այլ` հայ կրօնաւորներ կերտող սրբավայր ու դարբնոց, ուր Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան կողքին, մեր ուսանողները կը սորվին հայ մշակոյթ, հայոց պատմութիւն, գրաբար, մատենագրութիւն, կ՛երգեն մեր հոգեպարար շարականները ու կը կազմաւորուին որպէս հայ հոգեւորականներ, որոնք Հայ դատի արդար հատուցումը կը պահանջեն ու կը լծուին հայկական արժէքներն ու աւանդութիւնները տարածելու հայրենակերտ աշխատանքին:

Այս էական սկզբունքներէն մեկենելով` ընդունեցի վերցնել ինծի նետուած ձեռնոցը եւ խոր համոզումով ու հասատ քայլերով մուտք գործեցի դպրեվանք`իբրեւ իմաստասիրութեան ուսուցիչ:

Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը այս տարի թէ՛ Հայ Ճեմարանը եւ թէ՛ դպրեվանքը պիտի նշեն իրենց հիմնադրութեան 85-ամեակը: Մէկ կողմէ` աշխարհիկ դպրոցը, միւս կողմէ` հոգեւորականներ պատրաստող դպրեվանքը կը քալեն կողք կողքի, ինչպէս` աստուածաբանութիւնն ու իմաստասիրութիւնը:

ՎԱՉԷ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ
Իմաստասիրութեան դասախօս
Դպրեվանքէն ներս

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Անհրաժեշտ Զիջումները

Յաջորդը

Մեսրոպ Մաշտոց (362-440) Հայոց Այբուբենի Գիրերու Եւ Գրաւոր Դպրութեան Հիմնադիր Սուրբը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.