Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուինտի» Ձիւնամրրիկը Սպիտակով Ծածկեց Լիբանանը

February 20, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

21915_windy2Լիբանան հասած «Ուինտի» ձիւնամրրիկը երկիրը ծածկեց սպիտակով եւ պիտի շարունակէ աշխուժ մնալ մինչեւ այսօր գիշեր:

Պէյրութ հասած այս ռուս հիւրը սաստիկ ցուրտի մատնեց երկիրը եւ առատ ձիւն պատճառեց ոչ միայն լեռնային շրջաններուն մէջ, այլեւ` ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ եւս:

«Ուինտի»-ին պատճառով ծովուն մակերեսէն 500 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւնեց եւ կը նախատեսուի, որ այսօր 300 մեթր բարձրութեան վրայ եւս ձիւնէ:

Տահր Պայտարի, Ալէյի, Թարշիշի եւ Քֆարզըպիան-Հատասի, Քըպէյյաթ-Հերմելի, Զահլէի, Շեպաայի, Ռաշայայի եւ Մաասեր Շուֆի, Այնաթա-Արզի, Շեպաայի եւ Քֆարշուպայի ճամբաները փակ են:

Զղարթա իր կարգին ստացաւ առատ ձիւնի իր բաժինը, իսկ դէպի Էհտեն բոլոր ճամբաները մնացին փակ:

Տըննիէի մէջ 3-5 սանթիմեթր հաստութեամբ ձիւն հաւաքուեցաւ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ:

Հակառակ իր կրած նուրբ անուան, «Ուինտի» պատճառ դարձաւ, որ Այն Ալաքի եւ Ժեհիթայի մէջ ծառեր արմատախիլ ըլլան եւ փակեն մայրուղիները:

«Ուինտի» ձիւնամրրիկին պատճառով եւ համաձայն կրթութեան նախարարութեան որոշումին, այսօր` ուրբաթ, 20 եւ շաբաթ, 21 փետրուարին, Լիբանանի պետական եւ անձնական բոլոր դպրոցները փակ պիտի մնան:

Իր կարգին, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ այսօր` ուրբաթ, 20 փետրուարին, Լիբանանի բոլոր մանկատուները փակ պիտի մնան:

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր նախարարութիւններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան կոչ ուղղեց` դիմագրաւելու համար ձիւնամրրիկն ու անոր հետեւանքները:

Զաայթեր յայտնեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ձիւնածածկ ճամբաները բանալու եւ քաղաքացիներուն երթեւեկը դիւրացնելու համար:

Այստեղ յայտնենք նաեւ, որ չարաշահման եւ վառելանիւթի մենաշնորհներու պատճառով, վառելանիւթի բազմաթիւ կայարաններ մերժեցին մազութ տրամադրել քաղաքացիներուն, այս պատճառով ալ Պեքաայի մէջ հսկայ շրջաններ զրկուեցան այս կենսական վառելանիւթէն:

Նախորդը

Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Ձերբակալել Ահաբեկիչներ

Յաջորդը

«Ճումհուրիյէթ». «Թուրքիան 2014-Ի Գարնան Իսլամականներու Յարձակումին Ժամանակ Հրետանիով Ռմբակոծած Է Հայաբնակ Քեսապը»

RelatedPosts

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին  Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»

November 12, 2026
Պարրօ Եօթներու Խմբակին Մէջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Բացէն Խուսափելու Համար  «Համաձայնութեան» Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Պարրօ Եօթներու Խմբակին Մէջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Բացէն Խուսափելու Համար «Համաձայնութեան» Մասին Կը Խօսի

November 12, 2026
Իրաքցի Նախկին Երեսփոխան Մը  Թարիք Ժտիտէի Մէջ Սպաննուած Գտնուեցաւ
Լիբանանեան

Իրաքցի Նախկին Երեսփոխան Մը Թարիք Ժտիտէի Մէջ Սպաննուած Գտնուեցաւ

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.