Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Որքա՛ն Դիւրին Է Յուսահատիլը

February 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ամէնէն ճշմարիտ գաղափարին, ամէնէն արժանաւոր նպատակին համար մարդ ու դրամ կը փորձես հաւաքել: Երբեմն կը յաջողիս, յաճախ կը ձախողիս: Յաջողութիւնը միշտ պայմանաւորուած չ՛ըլլար նպատակի արժանիքներով, ո՛չ ալ` ջանասիրութեամբդ, այլ պարզապէս բախտդ կը բերէ, որ ճիշդ մարդոց հանդիպիս:

Պարզ է, որ յաջողութիւնը կ՛ոգեւորէ քեզ ու արդէն երկինքներ նուաճելու մասին ծրագիրներ կը սկսիս մշակելու: Ձախողութեան պարագային, յուսահատութեան գիրկը նետուելու պատրաստ կ՛ըլլաս եւ կը սկսիս արդարացնելու մէկ կողմ քաշուելու եւ հայկական իրականութենէն իսկ հեռանալու նորածագ կամ անցեալէն կաթիլ առ կաթիլ հոգիիդ մէջ թափանցող տրամադրութիւնը:

Յաջողելու բանաձեւին մէջ, ուզես թէ չուզես, կը մտնեն նաեւ վարկդ ու հեղինակութիւնդ, որոնց ձեւաւորման մէջ առաջին հերթին վաստակդ է, որ կ՛աշխատի, բայց եւ անշուշտ կայ շուրջիններուդ վերաբերմունքը. կրնաս վատաբանութեանց ու խծբծանքի թիրախ դարձած ըլլալ չարամիտներու կողմէ, եւ արդէն իսկ աւերուած պատկերով կը ներկայանաս միայն ու միայն վստահութիւն եւ պայծառ դիմագիծ փնտռող հաւանական գործակիցներուդ:

Ուրեմն, չի բաւեր լաւ նպատակներ հետապնդել, լաւ ծրագիրներ մշակել. պարտաւոր ես բացառիկ ուշադրութեամբ ու զգայնութեամբ հետեւելու քու ուղղութեամբ ցեխ նետելու հակամէտ անձերու թունաւոր գործողութիւններուն:

Ինչո՞ւ հանդուրժել այս բոլորը, երբ ելքի ճամբան այնքա՛ն դիւրին է ու հեզասահ, նոյնիսկ` հաճելի, առանց կքեցնող պարտաւորութեանց, առանց ճնշող պատասխանատուութեանց:

Բարեբախտաբար մեր չորսդին շատ են այն տեսակ մարդիկ, որոնք դիւրին-դիւրին չեն յուսահատիր եւ իրենց գործը կը շարունակեն` ի հեճուկս չարամիտներուն:

 

Նախորդը

«10, 100, 1000 Տարի Եւ Երթը Կը Շարունակուի»

Յաջորդը

Արեւմտեան Հայաստանն Ու Կիլիկիան` Նոր Հատորներում

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.