Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութեան Ներկայութեան. Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

February 14, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

21315_vartanՍրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով հինգշաբթի, 12 փետրուար 2015-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք` ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

«Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ բաժնել. ո՛չ սուրը եւ ո՛չ ալ հուրը», Վարդանանց այս խօսքերով սրբազանը սկսաւ  իր քարոզը: Ան նկատել տուաւ, որ Վարդանանց հերոսները ազգի մը ամբողջ կամքը արտայայտելով` այս խօսքերով դէմ դրին պարսկական կայսրութեան յոխորտանքին: Առաջնորդ սրբազանը  անդրադարձաւ այն մթնոլորտին, որ կը տիրէր 5-րդ դարուն Հայաստանի մէջ` նշելով, որ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի հետ պատերազմին զոհուեցան 1036 քաջարի հայորդիներ, որոնք իրենց նահատակութեամբ ապահովեցին յաղթանակը եւ հայ ժողովուրդի դիմադրականութեան դիմաց պարսկական բանակը որոշեց ետ քաշել իր ուժերը եւ անկախութիւն պարգեւել հայութեան, որ շարունակեց ապրիլ եւ գոյատեւել դարերէ ի վեր:

«Այսօր ի սփիւռս աշխարհի եւ մայր հայրենիքի մէջ Վարդանանց սերունդին ձգած կտակն է, որ կ՛արձագանգէ մեր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի մեր հաւաքականութիւնը սթափի եւ անդրադառնայ, թէ կեանքին մէջ կան արժէքաւոր բաներ, որոնց համար պարտինք կանգ առնել, պայքարիլ, կան սրբութիւններ, որոնցմէ չենք կրնար հրաժարիլ եւ ի գին ամէն ինչի պէտք է զանոնք պաշտպանենք, նոյնիսկ արեան հեղումով, նահատակութեան ճամբով, որպէսզի մեր կեանքին մէջ արժէքները չկորսուին», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը:

Շարունակելով իր խօսքը` ան յայտնեց նաեւ, որ Սրբոց Վարդանանց տօնը կը խրախուսէ մեզ, որ պատահականութեամբ չվարուինք կեանքին հետ, յատկապէս այս աշխարհին մէջ, ուր արժէքները երեւոյթներով կը ծածկուին: «Հայ ժողովուրդը իր պայքարը մղեց հաւատքով եւ ապագայի տեսիլքով», շեշտեց սրբազան հայրը` հաստատելով, որ հայ ժողովուրդը գիտէ, որ ի խնդիր յաւերժացման, ինք աշխարհի տարածքին պարտի շարունակել Վարդանանց սերունդով մղուած այն պայքարը, որ այսօր տարբեր գոյներով կը շարունակուի մեր կեանքին մէջ:

Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը մաղթեց, որ Սրբոց Վարդանանց յիշատակը նոր ոգեւորութիւն բերէ մեր կեանքին եւ մեզ առաջնորդէ նոր գիտակցութեան, որպէսզի զգանք, թէ մենք` իբրեւ Քաջն Վարդանի թոռները, իրաւունք չունինք լքելու ռազմադաշտը, այլ պարտինք մեր գոյութեան համար պայքարիլ բոլոր այն երեւոյթներուն դէմ, որոնք կ՛աղաւաղեն մեր նկարագիրը եւ մեզ կը հեռացնեն մեր եկեղեցւոյ ու մեր ազգութեան ծոցէն:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք, որմէ ետք Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:

 

 

Նախորդը

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Նիւթով Կլոր Սեղան

Յաջորդը

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը` Անթիլիասի Մէջ. «Մեր Ծնողները Պէտք Է Ընտանիքները Վերածեն Փոքր Եկեղեցիներու` Սրբազան Կառոյցներու» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.