Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոկերինի. «Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Ազգային Միասնականութեան Եւ Գերիշխանութեան Պաշտպանութեան Յանձնառու Կը Մնայ»

February 11, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

21015_bassil_MogheriniԵւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի Լիբանանեան-եւրոպական գործընկերութեան խորհուրդի Է. աշխատանիստին աւարտին շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ գերիշխանութեան յանձնառու կը մնայ, յատկապէս նկատի ունենալով Սուրիոյ իրավիճակին վատթարացումը:

Մոկերինի հաստատեց, որ իրենք գիտեն, թէ Լիբանան ի՛նչ վտանգներու ենթակայ է` սուրիական տագնապին պատճառով. ան ողջունեց լիբանանեան իշխանութիւններուն ի գործ դրած մեծ ջանքերը` պահպանելու համար սուրիացի գաղթականները:

Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է Լիբանանին կատարած իր օժանդակութիւնները աւելցնելու` ընդգծելով, որ լիբանանեան եւ եւրոպական կողմերը իրենց միջեւ ապահովական եւ ահաբեկչական գործակցութիւնը պիտի ամրապնդեն:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Մոկերինիի հետ ստորագրած էր Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու փրոթոքոլը, եւ շեշտեց, որ Մոկերինիի հետ հանդիպումը եղած է դրական:

Ան շեշտեց, որ քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները` շնորհակալութիւն յայտնելով Լիբանանի նկատմամբ Եւրոպական Միութեան ցուցաբերած զօրակցութեան համար, յատկապէս նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ հետզհետէ լրջացող մարտահրաւէրները:

«Մեր հիմնական նպատակն է Լիբանանի պատգամ երկիր ըլլալու յատկանիշը պահպանել, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդել` իբրեւ երաշխիք շրջանին կայունութեան», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ ահաբեկչութիւնը թիրախ կը դարձնէ Լիբանանը` քանդելու համար անոր ընկերային հիւսուածքը: Ան աւելցուց, որ Լիբանան իր զինեալ ուժերով կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ:

«Ներկայիս Լիբանանի դիմագրաւած այլ հարցերէն մէկը կը նկատուի մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան հասնիլը, ինչ որ երկրին համար քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական բեռ կը նկատուի», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Խալետ Տահեր Ի Յայտ Եկաւ Նոր «Մարգարէութեամբ» Մը

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարք – Ժիրօ Հանդիպում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.