Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց Նաքուրա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին զօր. Փորթոլանօ շնորհակալութիւն յայտնեց Ապպաս Իպրահիմի այցելութեան համար եւ ողջունեց երկրին մէջ անոր ունեցած դերակատարութիւնը:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան` զօր. Փորթոլանօ ընդգծեց, որ տիրող կացութիւնը մտահոգիչ չէ` աւելցնելով, որ իրենք բոլոր կողմերուն շեշտած են Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին կառչած մնալու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Իպրահիմ շեշտեց, որ իր այցելութիւնը ունի ցաւակցական եւ շնորհակալական բնոյթ` բարձր գնահատելով միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը:
Ան զօրակցութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ ողջունեց զօր. Փորթոլանոյի ջանքերը: Թիւ 1701 բանաձեւին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Իպրահիմ նշեց, որ ինք կը ներկայացնէ լիբանանեան պետութիւնը, որ յանձնառու է այդ բանաձեւին:
Ապպաս Իպրահիմ այցելեց նաեւ Մեժտալիուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ ներքին լիբանանեան կայունութիւնն ու միասնականութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:


