Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐՈՒՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ՄԵԾՆԱՅ

August 1, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ցոյցերուն մասնակցող բազմահազար իսրայէլացիներ

Այս տարուան սկիզբէն ի վեր արաբական շարք մը պետութիւններու մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն երեւոյթը կը թուի, թէ հասած է նաեւ Իսրայէլ: Իսրայէլեան աշխատաւորական միութիւններ սկսան իսրայէլեան խորհրդարանին եւ Երուսաղէմի մէջ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կեցութեան վայրին առջեւ վրաններ լարելու` «Ժողովուրդը ընկերային արդարութիւն կը պահանջէ» կարգախօսին ներքեւ պահանջելով բարելաւել բնակութեան, կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ իրենց կենսամակարդակը:

Բողոքի ցոյցի հրաւէրները  յունիսի վերջաւորութենէն սկսեալ սկսած էին զետեղուիլ «Դիմատետր» եւ «Թուիթըր» ընկերային կայքէջերուն վրայ` պահանջելով բնակեցման գիներու բարձր գիները նուազեցնել: Պահանջները հետագային ընդլայնուելով ներառեցին միջին դասակարգին համար պետական ծառայութեանց մակարդակը բարձրացնելու հարցը` մասնաւորաբար առողջապահական եւ կրթական մարզերուն մէջ:

Ժողովրդային շարժումները անցեալ քանի մը օրուան ընթացքին ընդլայնեցան եւ ստացան «Վրաններու յեղափոխութիւն» անունը, որովհետեւ իսրայէլեան քաղաքներուն մեծամասնութեան ` Թել Աւիւի, Երուսաղէմի, Նազարէթի եւ Պիր Սապըհի վրաններ լարուեցան: Բողոքի այս ցոյցերը Իսրայէլի գոյութեան 63 տարիներուն ընթացքին մեծագոյնը կը նկատուին:

Բողոքի ցոյցերուն տարողութիւնը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն մղեց պատրաստելու տագնապէն դուրս գալու ծրագիր մը, որ կը ներառէ միջին դասակարգին վրայ անուղղակի տուրքերու նուազում: Ցոյցերուն միացան նաեւ «1948-ի արաբներ» անունով ծանօթ Իսրայէլի քաղաքացի պաղեստինցի գործիչներ:

Մինչ այդ, իսրայէլեան խորհրդարանի(Քնեսեթ) անդամները կոչ ուղղեցին իրենց ամառնային արձակուրդը կրճատելու եւ անմիջապէս Քնեսեթի նիստ մը գումարելով ցոյցերու տագնապը քննարկելու: Սակայն խորհրդարանական պլոքներու ղեկավարները համամիտ չգտնուեցան այս առաջարկին:

Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես աշխատաւորական համադաշնակցութեանց պատասխանատուները ժողովի մը հրաւիրեց:

Նշենք, որ ըստ ցոյցերու կազմակերպիչներուն, ցոյցերու մասնակիցներուն թիւը 120 հազար է, իսկ ըստ իշխանութեանց` 80 հազար:

«Ֆրանս24» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թել Աւիւի մէջ 50 հազար հոգի կը մասնակցի ցոյցին, իսկ Երուսաղէմի մէջ` 15 հազար հոգի:

 

Նախորդը

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ 21 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐԻ ԱՊԱԳԱՆ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ Է

Յաջորդը

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄԻ ՄԸ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՒԵԼ ԵՒՍ ՄԵԾՑՆԵԼՈՎ ԾԵՐԱԿՈՅՏՆ ՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆԸ ՉՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՐՏՔԻ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.